ԳՈՒՄԳԱՓՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԸ - Ա -
Պատմութիւնը կը վկայէ թէ՝ երբ Ֆաթիհ Սուլթան Մէհմէտ, 1453 թուականին մուտք գործեց Կ.Պոլիս, Անատօլուէն եւ Կիլիկիայէն հայեր բերել տալով, անոնց համար բնակչութիւն հաստատեց Պոլսոյ զանազան կողմերը ու անոնց վրայ Պատրիարք հռչակեց Պրուսայէն հրաւիրած Յովակիմ եպիսկոպոսը, որ իրեն վաղածանօթ բարեկամը եղած էր։ Որոշ թաղերու մէջ բնակչութիւն հաստատած հայերը «Ալթը Ճէօմաաթ» յորջորջուեցան, ինչպէս որ այս անուանումը շեշտուած կը գտնենք այն շրջաններու պատրիարքներուն շնորհուած Հրովարտակներուն մէջ։ Մինչ 1453 թուականէն ալ առաջ հայեր կը բնակէին Բիւզանդական շրջանին եւ ունէին իրենց առաջնորդները եւ սակայն ասոնք նկուն դիրք մը ունէին եւ կ՚ապրէին իբրեւ «Հայ-Հոռոմ», նոյնիսկ եկեղեցւոյ կոչնակները հնչեցնելու իրաւունքը զլացուած էր իրենց։
Ֆաթիհ Սուլթան Մէհմէտի օրով այս հայերը սկսան «լայն շունչ մը առնել» եւ Պոլիս բերուած Հայ գաղթականութեան հետ հետզհետէ աճելով կարեւոր թիւ մը կազմեցին։ Արդարեւ Պոլսոյ Հայ գաղթականութեան սկզբնական վիճակին մասին դժբախտաբար պատմագրական առողջ տեղեկութիւններ կը պակսին։
Ըստ այսմ Ֆաթիհ Սուլթան Մէհմէտի կողմէ բերուած հայեր բնակչութիւն հաստատած են նախ Թօփգափուի կողմերը՝ յատկապէս շինել տրուած տախտակեայ տաղաւարներու մէջ, որոնք կոչուած են «Օտալար»։ Այնպէս կը կարծուի՝ թէ հոս բնակողներ աղքատ գործաւորներ էին, որ Պալաթի քաղքենի՝ բարեկցիկ ու հանգիստ կեանք վարող հայերէն «Օտալարցի» մակդիրով յորջորջուեցան, իբր յատկանշական՝ «գռեհիկ ու սինլքոր, ստորին դասակարգ»ի. մակդիր մը՝ որ անցեալի մէջ, երկար ժամանակ գործածուած կը տեսնենք յատկապէս իգական սեռի մէջ. «ի՜նչ օտալարցի կին է որ …»։
Հայերուն մէկ մասն ալ բնակչութիւն հաստատած են «Ախըրգափու»ի կողմերը՝ որոնք ժամանակի ընթացքին հետզհետէ աճելով եւ տարածուելով, շրջանակները մինչեւ Գումգափու, Լանկա հասնելով կարեւոր թիւ մը կազմած են։
Թէ հայեր այն շրջաններուն քանի եկեղեցի ունէին, յայտնի չէ՛, միայն հետզհետէ կը յիշուին Ս. Սարգիս, Ս. Լուսաւորիչ, Ս. Նիկողայոս եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիները։ Նոյնպէս Ս. Գէորգ, որ տրուած էր Գարամանէ Պոլիս բերուած հայերուն՝ որոնց բնակութեան տեղ սահմանուած էր Սամաթիա (1479)։
Այս «վեց համայնք»ին հաստատումը եւ կազմութիւնը գոնէ վեց սկզբնական եկեղեցիներու գոյութիւնը կը պահանջէր բնականաբար։ Ըստ որում ամէն հասարակութիւն կամ համայնք եւ կամ թաղ՝ իր աղօթատեղիով կը ստանար իր ուրոյն կազմութիւնը, ինչպէս կը յիշուի Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեանի «Ազգապատում»ին մէջ (Բ հատոր, էջ. 2185-2186)։
Նոյն սկզբունքով կազմուած էր Սամաթիոյ Սուրբ Գէորգ եկեղեցին՝ ուր հաստատուած էր նաեւ Պատրիարքարանը։ Գումգափուի հայ բնակչութիւնն ալ ունեցած են եկեղեցիներ, որոնցմէ մին է Ս. Սարգիս։
Ըստ պատմական վկայութիւններու՝ Ս. Սարգիս եկեղեցին կը գտնուէր «Մերձ ի դուռն Ենիգափուի ի Հիսար Տիպի», ըստ Սարաֆ Սարգիս Դպիր Յովհաննէսեանի տեղեկութեան։
Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հիմնարկութեան կամ սկզբնաւորութեան թուականը ճշդուած չէ, այլ կը կարծուի, թէ ան Բիւզանդական շրջանէն մնացած ըլլայ։
Հայր Միքայէլ Չամչեան իր Պատմութեան Գ Հատորին՝ 678-679 էջերուն մէջ կ՚ըսէ՝ թէ 1658 թուականին Ս. Սարգիս եկեղեցին կիսաւեր էր, եւ Թըլթլեաններ զայն բոլորովին աւերեր ու անոր արծաթեայ եւ պղնձեայ սպասները «կողոպտեր» ու ծախեր են «իրենց անձնական վրէժխնդրութեան ու հաճոյքին ծախսելով»։
Սուրբ Սարգիս եկեղեցին, ըստ պատմական վկայութիւններու՝ անգամ մըն ալ 1700 թուականին կամ անկէ քիչ առաջ քանդուած է…։
- Մեծ մասամբ օգտուեցանք՝ Յակոբ Վարժապետեանի «Հարիւրամեայ Յոբելեան»էն, 1928։
- Պիտի շարունակենք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 14, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024