ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ԵՐԵԿՈՅԹ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան «Պո­ղա­զի­չի» հա­մալ­սա­րա­նին մէջ ան­մո­ռա­նա­լի ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ սփիւռ­քա­հայ ե­րա­ժիշտ Հայկ Եա­զը­ճեան։ Հա­մալ­սա­րա­նի «Ալ­պէրթ Լոնկ» դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ ձեռ­նար­կը, ո­րու տե­ւո­ղու­թեան ապ­րուե­ցաւ ան­բա­ցատ­րե­լի խան­դա­վա­ռու­թիւն։ Հիւ­րըն­կալ հա­մալ­սա­րա­նի «Բազ­մա­ձող ձայ­ներ» հա­մեր­գա­շա­րին շրջագ­ծով կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ Հայկ Եա­զը­ճեա­նի հա­մեր­գը, որ ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րու ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձաւ։

Ամ­բող­ջու­թեամբ լե­ցուն դահ­լի­ճին մէջ եր­գա­հան եւ ու­տա­հար Հայկ Եա­զը­ճեան մեկ­նա­բա­նեց հայ­կա­կան, ա­րա­բա­կան եւ յու­նա­կան ե­րաժշ­տու­թե­նէն նմոյշ­ներ։ Ան իր ան­մի­ջա­կան ո­ճով յա­ջո­ղե­ցաւ գրա­ւել ներ­կայ հան­դի­սա­տես­նե­րուն սիր­տը։ Հայկ Եա­զը­ճեան եւ ի­րեն ըն­կե­րա­կից նուա­գա­խում­բը ար­տա­կարգ յա­ջո­ղու­թեամբ գոր­ծադ­րե­ցին ի­րենց յայ­տա­գի­րը եւ յա­ջո­ղե­ցան ան­նա­խըն­թաց հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն մը ա­պա­հո­վել հան­դի­սա­տես­նե­րուն հետ։

Սու­րիա­հայ ա­րուես­տա­գէտ Հայկ Եա­զը­ճեան կ՚ապ­րի ու կը գոր­ծէ Յու­նաս­տա­նի մէջ։ Ի­րեն ըն­կե­րա­կից նուա­գա­խում­բի բո­լոր ա­րուես­տա­գէտ­ներն ալ ե­կած էին Յու­նաս­տա­նէն։ Ան «Դա­լար» եւ «Կա­րին» ալ­պոմ­նե­րով համ­բաւ ձեռք բե­րած է եւ յու­նա­կան ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հէն ներս կը դա­սուի իս­կա­կան հե­ղի­նա­կու­թիւն մը «world-jazz» ո­ճին շրջագ­ծով։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2015