ԱԼԻԵՒԷՆ ՆԵՐՈՒՄԻ ՔԱՅԼ
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հանդէս եկաւ՝ երկրէն ներս համաներման մասին օրէնքի մը ընդունման նախաձեռնութեամբ։ «Սահմանադրութեան եւ ինքնիշխանութեան տարուայ» շրջանակներէն ներս տեղի կ՚ունենայ այս նախաձեռնութիւնը, որ աւելի քան քսան հազար հոգիի կրնայ վերաբերիլ։ Օրէնքի նախագիծը արդէն ներկայացուած է երկրի խորհրդարան։
Սոյն նախագիծը կրնայ տարածուիլ տարբեր շրջանակներէ անձերու վրայ՝ ներառեալ մարտական գործողութիւններու մասնակիցներ, զոհուածներու կամ անյայտ կորսուածներու մերձաւորներ, կարգ մը ընկերային խաւերու ներկայացուցիչներ, կանայք, 60 տարեկանը լրացուցածներ, յանցագործութեան պահուն անչափահաս եղածներ։ Համաներման նախաձեռնութիւնը կ՚ընդգրկէ նաեւ ոչ-ծանր կամ անզգուշութեամբ կատարուած յանցագործութիւններու համար ազատազրկուած խումբ մը անձեր։
2020 թուականի Արցախի պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ Պաքուէ ներս կը դատուին Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարները։ Մինչ բեմականացուած դատավարութիւնները պոռթկում կը յառաջացնեն,անոնց վերադարձի հարցը մշտապէս կը զբաղեցնէ օրակարգը։