ԾԱՒԱԼՈՒՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Անգարայի մէջ ընդունուեցաւ ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայայի կողմէ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր մայրաքաղաքի վերջին օրերու շփումներու կարեւորագոյն փուլերէն մին էր այս մէկը։ Ներկայ էին նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու եւ Հանրապետութեան նախագահութեան մշակոյթի քաղաքականութիւններու խորհուրդի անդամներէն Արամ Գուրան։ Նորին Ամենապատուութեան հետ էին նաեւ գաւազանակիրը՝ Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա եւ Պատրիարքարանի տեղեկատուական բաժանմունքէն Կարօ Վռամ Պապայեան։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախարար Ալի Երլիքայայի հետ կատարեց ծաւալուն արժեւորում մը՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի շարք մը հրատապ նիւթերուն շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ ան արծարծեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան առկախեալ ընտրութեան հարցը, ինչ որ ի զօրու է նաեւ Թուրքիոյ միւս ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հիւանդանոցներու պարագային։ Այս փուլին Նորին Ամենապատուութիւնը փոխանցեց նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի ողջոյնները՝ նշելով, որ ան առողջական պատճառներով ակամայ կը բացակայէր հանդիպումէն։ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց, որ այս հարցի լուծման ուղղութեամբ անհրաժեշտ տնօրինութեան համար սպասումը կը շարունակուի եւ յապաղումը տեղի կու տայ մտահոգութիւններու։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հանդիպման ընթացքին յայտնեց նաեւ, որ երկրէն ներս նոր սահմանադրութեան մը մշակման գործընթացին ներգրաւուելու հետամուտ են նաեւ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւնները, որոնք կը փափաքին, թէ իրենց կարծիքները եւս նկատի առնուին եւ ներկայութիւն ունենան աշխատանքներուն մէջ։
Իր կարգին, Ալի Երլիքայա նշեց, որ արծարծուած հարցերուն շուրջ զգայուն աշխատանք յառաջ պիտի տարուի պատկան մարմիններուն կողմէ։
Ջերմ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ զրոյցը, որու ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Ալի Երլիքայային, որ թէ՛ նախարարի պաշտօնին գլուխը եւ թէ տակաւին Իսթանպուլի կուսակալ եղած ժամանակաշրջանէն ի վեր դրական վերաբերմունք ցոյց կու տայ թրքահայ համայնքին նկատմամբ։
Ներքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը եզրափակուեցաւ յուշանուէրներու փոխանակումով։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր մայրաքաղաքի մէջ կեցութիւնը այսօր կը հասնի իր աւարտին։