ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻ՝ ՈՐՈՒՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԵՐԱՆԵԼԻ ԵՆ
Մարի Պէյլէրեան իր աշակերտներուն դիտել կու տայ շատ կարեւոր կէտ մը, որ մերօրեայ նոր սերունդը եւս կ՚անգիտանայ. արտաքինէն դատելով յաճախ գայթակղութեան մէջ գտնուողներուն կեանքը «փայլուն» ու «գրաւիչ» կը նկատենք եւ կամայ ակամայ որոշ ցանկութիւն մը կ՚ունենանք այդ փայլուն կեանքով ապրելու: Մարի լաւապէս գիտէ, որ իր սանուհիները եւս յաճախ այդ ճոխ կեանքը ունենալու ցանկութիւնը պիտի ունենան, կ՚ունենան, սակայն, անոնց կու տայ հետեւեալ կարեւոր դասը. «երբ ձեր երիտասարդութիւնը անցնի ու ծերութիւնը գայ ճերմակ մազերու լուսապսակը բոլորելու ձեր ճակտին շուրջը, դիտեցէք զձեզ հայելիին մէջ եւ դիտեցէ՛ք նաեւ անոնք, որոնք անպարկեշտ աղջիկներ, անպարկեշտ կիներ եւ անպարկեշտ մայրեր եղան: Եւ պիտի տեսնէք ձեր դէմքը զուարթ, պարկեշտութեան ճառագայթներովը լուսափայլ եւ անոնց դէմքը տխո՜ւր՝ մահուան պէս եւ յուսահատ՝ դժոխքի պէս»:
Պարկեշտութենէ հեռու, զեխութեան մէջ ապրողներ այսօր «ուրախ» կրնան երեւիլ. այդ ուրախութիւնը կեղծ ու ժամանակաւոր է, որովհետեւ արտաքին ուրախութեամբ կը խլէ ներքին ուրախութիւնը եւ երբ մարդ մեծահասակ դառնայ, ներքինին արժէքը կը սկսի շատ աւելիով գիտնալ՝ քան արտաքինինը:
Պարկեշտութեան կարեւոր դասը տալէ ետք, Մարի իր սանուհիներուն կու տայ կարեւոր յորդոր մը, որ այնքա՜ն անհրաժեշտ է մերօրեայ երիտասարդութեան համար. «Սիրեցէ՛ք ձեր եկեղեցին»։ Այս երեք բառերուն մէջ կը կարեւորենք «ձեր» բառը, որովհետեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցին ո՛չ կաթողիկոսին, ո՛չ վարչապետին եւ ո՛չ ալ պետութեան կը պատկանի. այդ մէկը ժողովուրդին եկեղեցին է եւ աւելի քան 1700 տարի գոյատեւելու հիմնական գաղտնիքը ժողովուրդի ունեցած անսահման սէրն է: Մարի կ՚ըսէ, թէ իր մանկութեան կապուած գրեթէ ամէ՛ն յիշողութիւն սկսած է արդէն իսկ մոռնալ՝ բացի եկեղեցիէն։ Մարի կը յորդորէ եկեղեցի երթալ, սակայն, միւս կողմէ, կ՚ուզէ, որ սանուհիները այդ մէկը չընեն որպէս ուսուցիչին կողմէ տրուած պարտականութիւն կամ պարտաւորութիւն. մարդ ի՛նք պէտք է սիրէ եկեղեցին։ Մերօրեայ Հայաստանի իշխանութեան վիճակը կը տեսնենք. զաւեշտալի կրկէս մը պարզապէս. մի քանի տասնեակ մարդիկ՝ որոնք ընդհանրապէս պատարագէն, եկեղեցական կանոններէն ու ծէսէն անծանօթ պատարագի կը մասնակցին՝ մեծարելու համար վարչապետը՝ որ պայքար կը մղէ եկեղեցւոյ դէմ:
Անշուշտ, զանոնք մեղադրելը տեղին չէ, որովհետեւ անոնցմէ աւելի մեղադրելի են անոնք՝ որոնք անտարբեր կը մնան այս բոլորին դիմաց. այսօր մեզի պէտք են Մարի Պէյլէրեանի նման անձնուէր մարդիկ, որոնք պատրաստեն են իրենց մայր եկեղեցւոյ համար զոհուիլ. Մարի պարզապէս կը սքանչանայ Հայ Առաքելական եկեղեցիով. «Ահա՜ այնքա՜ն խորունկ, այնքա՜ն նուիրական է սիրելի՜ք եկեղեցիին սէրը մեր սրտերուն մէջ, որովհետեւ մենք անոր կապուած ենք սերտօրէն մեր կեանքի է՛ն քաղցր, ինչպէս նաեւ է՛ն դառն յիշատակներով»:
Եկեղեցի ըսելով պէտք չէ լոկ հոգեւոր կեանք հասկնալ. մարդու կեանքը ամբողջութեամբ կապուած է եկեղեցւոյ. մարդ կը ծնի եւ հո՛ն է, որ կը մկրտուի. երիտասարդ կը դառնայ եւ հո՛ն է, որ կը պսակուի, կը մեռնի եւ հո՛ն է, որ իր վերջին հանգիստը կը գտնէ: Այսօրուան պայքարը այդ եկեղեցին վերացնելու պայքար է. որովհետեւ համաշխարհայնացումը կը պահանջէ անկրօն պետութիւն՝ ուր միասեռականութիւնը, զեխութիւնն ու անպարկեշտութիւնը տեղ կը գտնէ. այս բոլորը աշխարհին համար բացասական սահմանումներ չեն:
Բոլոր անոնք, որոնք եկեղեցին կը հալածեն, թող մի քանի անգամ կարդան Մարի Պէյլարեանի հետեւեալ տողերը՝ ուղղուած իր սանուհիներուն. «Այսօր, դո՛ւք որ մեր շուրջը կը թրվռաք, սիրելի տղա՛քս, դուք որ ձեր ուրախ ճռուողիւններով այս վարժարանը ու մեր սիրտերը կը կենդանացնէք, ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, պիտի չունենայինք զձեզ, առանց մեր եկեղեցիին, որովհետեւ հայ լեզուն պիտի չապրէր առանց հայ եկեղեցիին, եւ դուք, որու վրայ դրուած են ապագայի ամէն յոյսեր, ամէն հաւատքներ, դուք ձուլուած պիտի ըլլայիք աւելի զօրաւոր ցեղերու մէջ, ձեր պապենական կրօնը խաթարուած, ձեր հայրերուն նուիրական գերեզմանները հողին հաւասար, բնաջինջ եղած...»:
Այս բոլորին պատճառով մարդ պարտաւոր է ո՛չ միայն սէր, այլ նաեւ երախտապարտութեան զգացում ունենայ եւ հաւատարիմ մնայ եկեղեցւոյ՝ առ ի շնորհակալութիւն այն մեծ մշակոյթին համար, որ եկեղեցին յաջողած է փրկել ու պահել:
Եկեղեցին սիրելու յորդորը կ՚ուզենք աւարտել Մարիի բառերով, որոնք մեր ներկայի մեծագոյն փաստն ու ապացոյցն է. «Մենք զօրաւոր եղանք տղաքս, այնքան ժամանակ որքան կապուած մնացինք մեր եկեղեցիին. այն ատեն դժուարութիւնները մեզի չկրցին յաղթել ու երբ փորձեցինք եկեղեցիէն հեռանալ՝ դժուարութիւնները մեզի յաղթել սկսան»: Եթէ աւելի քան դար մը առաջ Մարի Պէյլէրեանի ըսածները ճշմարիտ են... վա՜յ մեզի. այսօր մենք կ՚ընենք այն՝ ինչ թշնամին չյաջողեցաւ ընել:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ինչպէ՞ս զանազանել կեղծ ուրախութիւնը ճշմարիտէն:
Պատասխան. Կեղծ ուրախութիւնը սովորաբար աղմկոտ է, ցուցադրական եւ կախուած արտաքին պատճառներէ՝ յաջողութենէ, ուշադրութենէ կամ շահերէ, մինչդեռ ճշմարիտ ուրախութիւնը խոր է, հանդարտ ու կայուն: Կեղծ ուրախութիւնը արագ կը մարի եւ մարդու կեանքին մէջ դատարկութիւն ու յոգնածութիւն կը ստեղծէ, իսկ ճշմարիտ ուրախութիւնը կը պահպանուի նոյնիսկ դժուարութիւններու մէջ՝ մարդուն տալով ուժ ու համբերութիւն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան