Կապերու օգտակար թարմացում

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքի Անգարա ուղեւորութիւնը վերջին օրերուն բնորոշեց թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգը։ Համայնքը շատ նուրբ եւ բարդ հաւասարակշռութիւններու մէջ է իր ընթացիկ կարիքները հոգալու առումով։ Դպրոցներու պիւտճէի բացերը աստղաբաշխային համեմատութիւններու կը հասնին։ Այդ ծանրութեան տակ համայնքը կքած է՝ առանց չափազանցութեան։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, ընթացիկէ դուրս ծախսերու դիմագրաւումը արդէն անիրատես դարձած է։ Հետեւաբար, այդօրինական խնդիրներու պարագային տեղին ու նպատակայարմար համարուիլ սկսած է պետութեան դիմելը։

Սահակ Բ. Պատրիարքը տակաւին անցեալ ամառ, մամուլի ասուլիսի ժամանակ տեղեկացուցած էր մայրաքաղաք այցելելու մտադրութեան ծրագրի մասին։ Վերջին օրերուն ահա իրականացաւ այդ ուղեւորութիւնը։ Ըստ էութեան, ոչ-ընթացիկ ծախսերու շարքին դասուիլ սկսած են գաւառի մեր եկեղեցիներու վերանորոգութեան համար անհրաժեշտ ներդրումները։ Տիարպաքըրի Ս. Սարգիս եւ Իսքէնտէրունի Ս. Քառասուն Մանկունք եկեղեցիներու պարագաները այսօրինակ են։

Իսթանպուլի պարագային ալ կան շինարարական հրամայականներ։ Դպրոցներու շէնքերու երկրաշարժի դէմ դիմադրունակութեան բարձրացումը այս ծիրին մէջ է։ Համայնքը ի զօրու չ՚ըլլար միջոցներ ճարելու այս կենսական հարցին համար։ Ուստի, նոյն տրամաբանութեամբ, պետութենէն աջակցութիւն կ՚ակնկալուի։

Սահակ Բ. Պատրիարքը մայրաքաղաքի մէջ արծարծած է նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան առկախեալ ընտրութեան խնդիրը։ Սկզբունքօրէն ընտրութեան հարցը շատ կարեւոր է, որովհետեւ տուեալ կառոյցի կառավարման ժողովուրդի կամքը ցոլացնելու նշանակութիւնը ունի։ Բայց, գործնականի մէջ յայտնի է, որ հիւանդանոցի ընտրութիւնը բաւարար պիտի չըլլայ կուտակուած խնդիրները լուծելու։ Մեր բոլոր հաստատութիւններու ընտրութիւնները տեղի ունեցան երկար սպասումէ վերջ եւ այսօր այդ ժամանակ ընտրուած վարչական խորհուրդներու պաշտօնավարութեան ժամկէտի գրեթէ կէսը աւարտած է։ Յամենայնդէպս, համայնքային վաքըֆներու միջեւ համագործակցութեան, զօրակցութեան, ներդաշնակութեան ու համակարգման առումով էական որեւէ փոփոխութիւն նկատելի չէ։ Այո՛, հիւանդանոցի ընտրութիւնը անպայման ու ժամ առաջ պէտք է տեղի ունենայ, սակայն, այս անորոշութիւնը պարզապէս պատրուակ մըն է։ Համայնքի ներկայ վիճակով, հիւանդանոցի հաւանական ընտրութիւնն ալ ի զօրու պիտի չըլլայ էական տարբերութիւն մը ապահովելու։ Նոյնիսկ, իրավիճակը կրնայ ա՛լ աւելի վատթարանալ, սակայն, ներկայ պայմաններով անտեղի է այս ուղղութեամբ խորանալը։

Ըստ երեւոյթին, Սահակ Բ. Պատրիարքն ալ կը դիտարկէ այս բոլորը։ Մայրաքաղաքի մէջ նոր սահմանադրութեան մը մշակման գործընթացի պարագային արտայայտած սպասումները ակնյայտ ապացոյց կը համարուին այս առումով։ Պատրիարքը, անշուշտ, որ իր կարգավիճակով ի վիճակի չ՚ըլլար բարձրաձայնելու, սակայն, բոլորը գիտեն, թէ համայնքի քարացած խնդիրները լուծում պիտի չունենան բարեացակամութեամբ եւ բարի կամեցողութեամբ, մանաւանդ՝ անգիր օրէնքներով։

Հետեւաբար, Անգարայի մէջ նոր սահմանադրութեան նկատմամբ ակնկալութիւններու պետական աւագանիի նկատառման յանձնուիլը չի կրնար ինքնանպատակ քայլ մը համարուիլ։ Այլեւս գոյացած է այն ընդհանուր համոզումը, թէ երկրի օրէնսդրութիւնը պէտք է նախադրեալներ ստեղծէ եւ այդ հիման վրայ ալ լուծումներ պէտք է գտնուին համայնքի հաստատութիւններու առկայ ցիրուցան վիճակին։ Միայն այս ձեւով անոնց տնօրինած միջոցներու վրայէն ստուերը կրնայ վերանալ եւ համայնքն ալ կրնայ ապագայի վերաբերեալ հաշուարկներ ընել՝ ժողովրդական խօսքով՝ ոտքը վերմակին համեմատ երկարելով։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2025