ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՋԵՐՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Երէկ, Էսաեան վարժարանէն խումբ մը սաներ հիւրընկալուեցան Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Անցեալ ամիս մխիթարեանցիներ այցելած էին Էսաեան, իսկ երէկ էսաեանցիները փութացած էին փոխայցելութեան։ Աշակերտներու համախմբումը երկու պատմական կրթօճախներու տեսակէտէ յոբելենական շրջանի զուգադիպեցաւ՝ քանի այս տարի Մխիթարեան վարժարանի հիմնադրութեան 200-ամեակն է, իսկ Էսաեան վարժարանի 130-ամեակը։ Ամանորի ընդառաջ տօնական տրամադրութեան մէջ տղաքը հաճելի ժամանց ունեցան՝ փոխանակելով բարեմաղթանքներ։
Հանդիպման ներկայ էին երկու վարժարաններու միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհիները՝ Քաթիա Վարկը եւ Առլին Եշիլթեփէ։
Դպրոցի համախմբման եւ կէսօրուան ճաշին առընթեր, աշակերտները միասնաբար աղօթեցին յարակից Անարատ Յղութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուր զիրենք ողջունեց Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան։