Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Ստորեւ կը ներկայացնենք Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի պատգամը, զոր Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ երէկուան երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին փոխանցուեցաւ ժողովուրդին եւ որ թողարկուեցաւ նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգին կողմէ: Վեհափառ Հայրապետը այս պատգամը տուաւ աղօթական մթնոլորտի մէջ՝ իր բարձրութեան ու ծանր պատասխանատուութեան յարիր կշռադատուած արտայայտութիւններով։

*

Սիրելի զաւակներ Մեր,

Հայրապետական սիրով եւ օրհնութեամբ կ՚ողջունենք բոլորդ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ: Այսօր դուք հաւաքուած էք հայոց հոգեւոր կեդրոնին մէջ՝ վկայելով ձեր սէրը Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցիին հանդէպ: Սուրբ Էջմիածինը բոլորիդ տունն է, հարազատ հոգեւոր օրրանը իւրաքանչիւր հայու: Ինչպէս պատմիչ Առաքել Դավրիժեցին կը վկայէ, հայոց ազգը ի սփիւռս աշխարհի կապուած է Լուսաւորչի Աջին եւ Սուրբ Էջմիածնին:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը Աստուծոյ հետ մեր ժողովուրդի յաւերժական ուխտի խորհրդանիշն է: Աստուածակառոյց Սուրբ Էջմիածինը աշխարհասփիւռ հայոց ազգի միաբանութեան, մեր ինքնութեան ու ժառանգութեան պաշտպանութեան, մեր հաւատքի պայծառութեան անխորտակելի սրբութիւնն է: Ցաւօք, պատմութեան հոլովոյթներուն մէջ եղած են նաեւ ուժեր, որոնք ձգտած են կասկածի տակ առնել Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը, ծառայեցնել Եկեղեցին, Սուրբ Էջմիածինը տարատեսակ նեղ շահերու: Այդ մերժելի իրողութիւնը բաժանումներ յառաջացուցած է ազգային ներքին կեանքէն ներս, մասնատած է մեր ժողովուրդը եւ տկարացուցած ու թուլցուցած են մեր պետութիւնը՝ ըստ Տիրոջ խօսքին կանգնեցնելով կորստաբեր վտանգներու առջեւ. «Ինքն իր մէջ բաժնուած ամէն թագաւորութիւն կ՚աւերուի, եւ ինքն իր մէջ բաժնուած ամէն քաղաք կամ տուն կանգուն չի մնար» (Մատթ. 12.21): Այսօր ալ տագնապալի օրեր կ՚ապրինք: Մեր երկիրը անվտանգային խնդիրներու եւ հրատապ լուծման կարօտ լրջագոյն հիմնահարցերու առջեւ կը գտնուի: Այս պայմաններուն ներքեւ, փոխանակ հանրութեան մէջ հաշտութեան, հանդուրժողութեան, միասնութեան ոգին զօրացնելու, Եկեղեցի-պետութիւն խաթարուած յարաբերութիւնները վերականգնելու, ընդհակառակն, կը շարունակուին յարձակումները մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ վրայ: Սուրբ Էջմիածնի դէմ ոտնձգութեան հերթական փորձը կատարուեցաւ այսօր, դժբախտաբար, նաեւ մեր որոշ եկեղեցականներու միջոցաւ, սակայն հաւատաւոր մեր ժողովուրդի զաւակները աներեր եւ աներկիւղ կը մնան: Այս աղմուկը երբեք չի կրնար խաթարել տէրունապատուէր մեր առաքելութիւնը, մեր ծրագիրները, որոնք կոչուած են մեր երկրի շինութեան:

Հայրապետական Մեր գնահատանքը կը բերենք ձեզ, սիրելիներ, եւ բոլոր հայորդիներուն, ազգային կազմակերպութիւններուն, որոնք տարիներ շարունակ, ինչպէս նաեւ հակաեկեղեցական արշաւի այս օրերուն իրենց զօրակցութիւնը կը ցուցաբերեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին եւ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ ազգօգուտ առաքելութեան: Մեր գնահատանքը կը բերենք Մայր Աթոռի միաբանութեան, թեմերէ ներս սպասաւորող քահանաներուն եւ սիրելի սարկաւագներուն, որոնք հաստատուն եւ վճռական են մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ կանոնական իրաւունքներու պաշտպանութեան դիրքերուն մէջ: Մենք բոլորս ալ կը փափաքինք, որ մեր կեանքը զերծ ըլլայ անօրինականութիւններէ, անարդարութիւններէ, որոնց դառն հետեւանքները կը կրեն ապօրինաբար ազատազրկուած մեր հոգեւորականները, ազգային մեծանուն բարերարը, նուիրեալ հայորդիներ: Կը փափաքինք, որ մեր մէջ թագաւորեն բարութիւնն ու գթասրտութիւնը, եղբայրսիրութիւնն ու համերաշխութիւնը: Մենք մէկ ազգ ենք, մէկ հայրենիք, մէկ Եկեղեցի եւ պէտք չէ տրուինք երկպառակութեան սադրանքներուն: Միաւորուինք բոլորս հայրենիքի եւ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ շուրջ: Պահպանենք մեր միաբանութիւնը, որով միայն կրնան զօրաւոր ըլլալ մեր պետութիւնը եւ Եկեղեցին՝ Քրիստոսահիմն Սուրբ Էջմիածին կեդրոնով: 

Հոգեւոր ասպարէզէ ներս առկայ խնդիրները կը լուծուին եկեղեցական կանոնական ընթացքներով եւ ո՛չ թէ առանձին խումբերու պարտադրանքներով կամ հակականոնական քայլերով: Կը յորդորենք խոտոր ընթացքի մէջ եղող մեր սրբազան հայրերուն՝ վերադառնալ կանոնական դաշտ եւ գործել միայն մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ նուրիական կարգերուն համաձայն՝ ի սէր մեր ժողովուրդի եւ հայրենեաց: 

Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ,

Հայրապետական Մեր յորդորն է՝ ներկայ զգայուն կացութեան մէջ ցուցաբերել սթափութիւն, ըլլալ ողջախոհ եւ չենթարկուիլ որեւէ սադրանքի: Առաքեալի խօսքով կը պատգամենք բոլորիդ. «Արթուն կացէք, հաստատուն մնացէք հաւատքի մէջ, քա՛ջ եղէք, զօրացէք: Ձեր ամէն ինչը սիրով թող ըլլայ» (Ա. Կորնթ. 16.13-14): 

Միասնաբար հայցենք, որ Տիրոջ խաղաղութիւնը հաստատուի աշխարհի վրայ, ապահով ու անխռով ըլլան մեր հայրենիքն ու աշխարհասփիւռ ժողովուրդը՝ միշտ առաջնորդուելով Սուրբ Էջմիածնէն ճառագող աստուածապարգեւ յոյսով, հաւատքով ու սիրով:

Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհները, սէրը եւ խաղաղութիւնը թող ըլլան մեր եւ բոլորին հետ այսօր եւ միշտ եւ յաւիտեանս. ամէն:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 19, 2025