ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԾՆՈՂԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՃԱՇԸ

Շաբաթավերջին, Կեդրոնական վարժարանի ծնողաց միութիւնը ճաշկերոյթ մը կազմակերպեց՝ Բարեկենդանի առթիւ: Բանկալթիի «Lotus» առեւտուրի կեդրոնի համալիրէն ներս «Local» ճաշարանէն ներս տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որ համախմբեց դպրոցի շուրջ 170 համակիրները: Ճաշասեղաններուն շուրջ ստեղծուեցաւ մտերմիկ մթնոլորտ՝ մինչ բոլորը անկեղծ զրոյց ունեցան իրարու միջեւ: Հուսկ, ներկաները բարեմաղթանքներ փոխանակեցին, որպէսզի արժանանան Մեծ պահոց շրջանէն վերջ Ս. Զատիկը ընդունելու:

Դանիա Սարեանի կողմէ գլխաւորուած Կեդրոնականի ծնողաց միութեան կ՚անդամակցին հետեւեալ անունները.

Սեդա Էվլիք, Լիզա Էրչելիք, Նաթալի Օքթայ, Դանիա Սարեան, Լետա Չիֆճեան, Գոհար Այտըն, Թամար Գարագաշ, Լետա Աղտաղ, Դալար Մելէք, Գարոլին Քեպապճը եւ Թալին Ցնծալ:

Երկուշաբթի, Փետրուար 16, 2026