ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խստօրէն կը դատապարտէ եւ խոր վրդովմունք կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան Աւագ դատախազութեան կողմէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի դէմ քրէական հետապնդում յարուցելու եւ Նորին Սրբութեան Հայաստանէն ելքը արգիլելու փաստին առնչութեամբ:
Ամենայն Հայոց Հայրապետի դէմ այս գործողութիւնները անհիմն են եւ անօրինական ու կը կրեն ընդգծուած քաղաքական բնոյթ:
Եկեղեցւոյ ներքին կեանքին միջամտելու ակնյայտ հակասահմանադրական եւ հակաօրինական այս կեցուածքով իշխանութիւնը կը խոչընդոտէ Վեհափառ Հայրապետի հովուապետական գործունէութիւնը:
Այս ամէնը նաեւ անարգալից վերաբերմունք է միլիոնաւոր հաւատացեալներու եւ դարաւոր այն կառոյցի դէմ, որ եղած է ու կը մնայ հայոց պետականութեան անսասան յենասիւնը:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կոչ կ՚ուղղէ անյապաղ վերանայիլ Հայոց Հայրապետի, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ վեց եպիսկոպոսներու եւ քարտուղարի դէմ առնուած ապօրինի որոշումները, որոնք կը պառակտեն մեր հասարակութիւնը, կը նսեմացնեն հայրենի պետութեան վարկն ու հեղինակութիւնը: