ԾՆՈՂԱԿԱՆ ՍԽԱԼՆԵՐ
Մամուլի էջերուն մէջ յաճախ կը հանդիպինք ներկայ երիտասարդութիւնը այպանող ու մեղադրող որոշ գրութիւններու, որովհետեւ կը նկատենք, որ ներկայ երիտասարդութիւնը մեր սրբազան արժէքներուն հանդէպ շատ աւելի անտարբեր է՝ քան անցեալի երիտասարդութիւնը։ Շատերու համար մեղաւորը արհեստագիտութիւնն է, համաշխարհայնացման ընթացքն է, ժամանակներու եւ արժէքներու փոփոխութիւններն են, սակայն, հիմնական պատճառը ծնողքն է։ Այսօրուան երիտասարդը վաղուան ծնողքն է եւ անոր ունեցած արժէքներուն հիման վրայ է, որ ապագայի ընտանիքները, ապագայի երիտասարդները պիտի ծնին ու հասակ առնեն։ Եթէ չունինք առողջ սերունդ, չունինք առողջ ընտանիք եւ առողջ ընտանիք չունենալ կը նշանակէ չունենալ առողջ ընկերութիւն, առողջ հասարակութիւն:
Երբ մանուկ էինք, «հեռաձայն» անունով խաղ մը կը խաղայինք. անձ մը իր քովը եղողին ականջին բան մը պիտի ըսէր ու երկրորդ անձը նոյն լսածը ուրիշին ականջին պիտի փսփսար, որպէսզի վերջաւորութեան տեսնէինք ականջէ ականջ ըսուածը ինչպէս պիտի հասնէր։ Նոյնն է դաստիարակութեան ու կրթութեան պարագան։ Այսօր մենք մեր զաւակները պիտի կրթենք, որպէսզի անոնք իրենց կարգին իրենց զաւակները կրթեն։ Այլ խօսքով՝ այն դաստիարակութիւնը, այն կրթութիւնը, զոր մենք կը փոխանցենք մեր զաւակներուն, իր ազդեցութիւնը կրնայ ունենալ աւելի քան մի քանի սերունդ: Նոյն այս համոզումով մենք որոշ արժէքներ կը սերմանենք մեր զաւակներուն մէջ, սակայն, անոնք բոլորը զանոնք որպէս արժէք չեն ընդունիր։ Ժամանակի ընթացքին որոշ արժէքներ կրնան ոչնչանալ, որոշներ կրնան փոփոխութեան ենթարկուիլ, իսկ այլ արժէքներ յաւիտեան մնալ։ Այս բոլորը ո՛չ թէ մանուկէն՝ այլ ծնողքէն կախեալ վիճակ մըն է, որովհետեւ կը հաւատանք, որ իրապէս իմաստութեամբ հաստատուած արժէք մը անձի մը մէջէն դիւրին չէ դուրս բերել:
Մեր ընկերութեան մէջ «դասընթացք»ները որպէս «անկարող»ութիւն կը դիտուի. «զարգացած» երկիրներու մէջ մինչեւ օրս երիտասարդ ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ մեծահասակներուն կը տրուին ընտանեկան դասընթացքներ. կը հրատարակուին գիրքեր՝ բացատրելու համար, թէ ի՛նչ է ծնողքի մը ճշմարիտ դերը, ինչպէ՛ս պէտք է կրթել զաւակը մանկավարժական սկզբունքներու հիման վրայ։ Նման հայերէն աշխատութիւններ մեր մօտ կը պակսին, որովհետեւ մեր ընտանիքները կ՚առաջնորդուին ո՛չ թէ գիտութեամբ՝ այլ անցեալի փորձով. ամէն մարդ իր ծնողքէն տեսած վերաբերմունքը որոշ «սրբագրութիւն»ներով կը փորձէ իր ընտանեկան կեանքին մէջ կիրառել:
Այս բոլորը կը կարեւորենք, որովհետեւ մեր ընկերութեան ապագան, ամենէն կարեւորը մեր ազգին ապագան կախեալ է մեր ապագայ ընտանիքներէն, ուր հասակ առնող հայն է, որ պիտի դառնայ հայրենասէր. պաշտպանէ իր լեզուն, մշակոյթը, հաւատքը։ Անտարբեր սերունդ մը յիշուած այս արժէքները կրնայ ոչնչացնել: Ընտանիքը՝ պէտք է ընդունիլ ո՛չ թէ ներքին ինքնիշխան կառոյց մը, այլ՝ որպէս հիմք ընկերութեան, զայն պէտք է առողջ սկզբունքներով առաջնորդել:
Կրթութեան, դաստիարակութեան եւ ծնողքին հիմնական դերը հասկնալու համար ըսենք հետեւեալը. այսօր տակաւին լոյս աշխարհ չեկած բազմաթի՜ւ ոճրագործներ, բազմաթի՜ւ աւազակներ, խաբեբաներ կան. մի՛շտ եղած են ու պիտի շարունակեն ըլլալ. առողջ ընտանեկան դաստիարակութիւն մը այդ մէկը կրնայ կանխել։ Լսած էք չէ՞ այն արտայայտութիւնը, որ կ՚ըսէ «աշխարհը չար է»։ Իրականութեան մէջ ո՛չ թէ աշխարհը չար է, այլ ընտանեկան հիմքերու խախտումն է այդ մէկը, որովհետեւ առողջ ընտանիք մը առողջ զաւակներ լոյս աշխարհ կը բերէ:
Օրինակը վերցնենք այսպէս. այսօր Ամերիկայի մէջ հասակ առած երկու տարբեր հայու տեսակ կայ. կան հայ երիտասարդներ, որոնք ամբողջութեամբ իրենց մայրենի լեզուն մոռցած օտարին լեզուն մայրենի լեզուի վերածած են, իսկ անդին նոյն փողոցին մէջ ապրող, նոյն ընկերութեան մաս կազմող հայ երիտասարդներ՝ որոնք լաւապէս կը տիրապետեն մայրենի լեզուին, առաջիններուն հայերէնի չիմացութիւնը եթէ պիտի վերագրենք միջավայրին, ընկերութեան, ապա պէտք է նկատի ունենաք, որ երկրորդ խումբի պատկանողները եւս մասն են նոյն ընկերութեան, տարբերութեան պատճառը (գուցէ մեղաւորը) դարձեալ ծնողն է։ Իր տան մէջ հայերէնը որպէս մայրենի լեզու ընդունող ընտանիքի մը զաւակը բնական է, որ հայերէն պիտի խօսի։ Նոյնն է ամէ՛ն արժէքներու պարագային։ Այնպէս ինչպէս լեզուն, նոյնպէս արժէքները զաւակ մը իր ծնողքէն պիտի ժառանգէ եւ հետեւաբար ընտանիքը իր նեղ միջավայրէն դուրս գալով ամբողջ ազգի մը ճակատագիրին վրայ կրնայ ազդել:
Եթէ ծնողքը եկեղեցին սիրել տայ զաւակին, այդ զաւակը եկեղեցին պիտի սիրէ, իր հայրենիքը պիտի սիրէ, իր մշակոյթն ու լեզուն պիտի սիրէ. սիրելու կողքին պիտի նուիրուի եւ լաւ դաստիարակութեան պարագային իր կեանքի գնով պաշտպանէ զանոնք։ Այս բոլորը նկատի ունենալով մեր նոր սերունդը պէտք է հասկնայ, որ զաւակ բերելը կրքոտ յարաբերութեան մը արդիւնքը չի կրնար ըլլալ։ Այդ մէկը սրբազան առաքելութիւն մըն է՝ որով պիտի որոշուի թէ՛ ազգին եւ թէ աշխարհի ապագան:
•վերջ
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Մեր շիլ տեսողութիւնը, մեր ինքնահաւան ապերախտութիւնը չ՚ուզեր ընդունիլ, թէ գիւղական հասարակութիւնը կորիզն իսկ է ապրող հայութեան, թէ ամէն ճիգ որ կ՚ըլլայ անոր զարգացման կամ բարօրութեան համար, ուղղակի նպաստ մըն է հայ բջիջներու ուժեղացման, անոնց ազնուացման:
ՇԱՒԱՐՇ ՄԻՍԱՔԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան