ՀԱՄԱՏԵՂ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՄԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԹԱԿ՝ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԴԻՐՔՈՐՈՇՄԱՆ ՁԵՒԱՒՈՐՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

Վերջին ամիսներուն, Հայաստանի մէջ առկայ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու լարուածութեան եւ մրցակցութեան պատճառով, հայ հասարակութիւնը Եպիսկոպոսաց ժողովի մասին աւելի շատ բան լսեց՝ քան երբեւէ։ Շատեր առաջին անգամ տեղեակ եղան եկեղեցւոյ կեանքին մէջ նման մարմնի մը գոյութեան: Այս փոքր ուսումնասիրութիւնը կու տայ համառօտ ծանօթացում մը, թէ ի՞նչ է Եպիսկոպոսաց ժողովը, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եպիսկոպոսներու քանակի պատկերն ու հաւաքական դիմագիծը ի՞նչ կը ներկայացնէ1։ 

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԺՈՂՈՎԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովը միայն վարչական բնոյթ չունի, այլ հոգեւոր համախոհութեան, վարդապետական հսկողութեան եւ եկեղեցական կարգապահութեան մարմին մը։

Եպիսկոպոսաց ժողովը կոչուած է պահպանելու Եկեղեցւոյ հաւատքի ուղղափառութիւնը, Սուրբ Աւանդութիւնը եւ դարաւոր կանոնական հաւասարակշռութիւնը: Կը գործէ ո՛չ թէ իբրեւ իշխանութեան կեդրոն, այլ իբրեւ համատեղ պատասխանատուութեան հարթակ2։ Ժողովը կը քննարկէ վարդապետական եւ բարոյական հարցեր, կը նպաստէ միասնական դիրքորոշման ձեւաւորման եւ կը գործէ՝ իբրեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի խորհրդակցական մարմին մը, մինչեւ Ազգային-եկեղեցական ժողովի վերջնական քննարկումն ու որոշումը։

Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ եպիսկոպոսներու դերը ունի իր պատմական եւ կանոնական արմատները։ Շահապիվանի ժողովի (5-րդ դար) կանոնները3 կը վկայեն, թէ Եկեղեցին վաղ ժամանակներէն իսկ եպիսկոպոսութիւնը ընկալած է ո՛չ թէ իբրեւ պատուոյ տիտղոս, այլեւ իբրեւ լրջագոյն եւ ծանր պատասխանատուութիւն։ Դարերու ընթացքին կազմուած Եկեղեցւոյ կանոնները խիստ պատիժներ կը սահմանեն եպիսկոպոսներու վարքագիծին համար. ինչպէս՝ կաշառակերութիւն, սիմոնականութիւն (եկեղեցական պաշտօնի կամ շնորհքի առք ու վաճառք) եւ իշխանութեան չարաշահման պարագաներ։ Եպիսկոպոսներ կրնային զրկուիլ իրենց աթոռէն, իշխանութենէն եւ քահանայական ծառայութենէն, ենթարկուիլ նիւթական տուգանքներու եւ հոգեւոր բացառման։ Նոյնիսկ լռութիւնը անարդարութեան դիմաց կը նկատուէր մեղսակցութիւն, իսկ կաշառքով մեղքի քօղարկումը՝ կանոնական ծանր յանցանք։

Կանոնները կարեւոր սկզբունք կը բացայայտեն. եպիսկոպոսական իշխանութիւնը Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ երբեք չէ ընկալուած՝ իբրեւ անձնական գերիշխանութիւն, այլ իբրեւ ծառայութիւն Եկեղեցւոյ, որ Քրիստոսի մարմինն է։ Եպիսկոպոսը կոչուած է ըլլալ ո՛չ միայն հովիւ եւ առաջնորդ, այլեւ հաւատքի, բարոյականութեան եւ արդարութեան պատասխանատու պահապան4։ 

Այս իմաստով, Եպիսկոպոսական ժողովը, կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ, Եկեղեցւոյ միասնութեան երաշխաւորն է․ան կը միաւորէ թեմերը, կը կանխէ ինքնագլուխ գործելակերպերը եւ կը պահէ Եկեղեցին՝ իբրեւ մէկ կենդանի մարմին, այլ ո՛չ թէ առանձնացած իշխանութիւններու գումար։ Ան չի փոխարիներ կաթողիկոսի, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի կամ թեմական առաջնորդներու կանոնական իշխանութիւնը, այլ կը գործէ անոնց հետ համատեղ՝ հոգեւոր հաւասարակշռութեան մէջ5։ 


Օգտագործուած աղբիւրներ՝

1 Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ծիսական «Օրացոյց 2025», Մայր Աթոռի կայքէջի վրայ զետեղուած եպիսկոպոսներու կենսագրութիւնները:

2 Ի դէպ՝ կաթողիկոսը կ՚օծուի 12 (կամ առնուազն 3) եպիսկոպոսներու ձեռամբ, իսկ կաթողիկոսը կ՚օծէ անհատ եպիսկոպոսներ։

3 Շահապիվանի ժողովի կանոները կը բաղկանայ 20 յօդուածներէ: Եպիսկոպոսի հետ առնչուող կանոներուն համար, տե՛ս, օրինակ, Ա, ԺԶ, եւ Ի յօդուածները: Հմմտ. Հ. Ն. Ակինեան, «Շահապիվանի ժողովի կանոնները». «Հանդէս Ամսօրեայ», թիւ 4-12, 1949, էջ 79-170։ 

4 «Կանոնագիրք Հայոց», Ա. հատոր (1964), Բ. հատոր (1971), աշխատասիրութեամբ Վազգէն Յակոբեանի. Հայկական ՍՍՌ Գիտութիւններու ակադեմիայի հրատարակութիւն, Երեւան:

5 Յակոբ Ներսոյեան, «Դիտողութիւններ. Կանոնադրութիւն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ նախագիծի մասին». Երուսաղէմ, 2001. Աւելի լայն շրջագիծի մէջ, Ներսոյեան կը բացատրէ (էջ 37)՝

«Կաթողիկոսը կամ եպիսկոպոսապետը պարզապէս առաջինն է հաւասարներու մէջ: Սուրբգրական անտարակուսելի հիման վրայ եպիսկոպոսապետը եպիսկոպոսական ժողովի գործադիր պետն է: Իրաւասութիւններ իրեն կը տրուին կամ կը ստանայ իբր այդ: Այս իրաւասութիւնները կը պատկանին եպիսկոպոսական դասուն, իմաստով մը փոխ տրուած կաթողիկոսին, գործածելու համար եպիսկոպոսական ժողովի բացակայութեան՝ այդ ժողովի կամքին եւ տնօրինութեանց համաձայն: Կաթողիկոսը ունի իր իրաւասութիւնները որպէս ներկայացուցիչը եպիսկոպոսական դասու ամբողջութեան, եւ իբր ա՛յդ իր որոշուները կ՚առնեն ուժ ուրիշ անհատ եպիսկոպոսի կամ որեւէ հաւատացեալի վրայ՝ այն իմաստով, որ ամբողջութիւնը աւելի է քան իր մասերու կուտակումը: Եպիսկոպոսներէն մէկ աստիճան վեր կեցած ըլլալու սխալ համոզումին արմատը պէտք է փնտռել ֆէոդալական կարգավիճակին մէջ»։

(*) Տքթ. Հրաչ Չիլինկիրեան՝ հասարակաբան, սփիւռքագէտ եւ համալսարանական դասախօս (www.hratch.info)։

Ուրբաթ, Փետրուար 20, 2026