«ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆԸ»

Դարեր շարունակ՝ մա՛նաւանդ վերջին մի քանի տասնամեակներուն, գրեթէ բոլորին՝ մա՛նաւանդ հայ ազգին համար ուսումնասիրութեան արժանի հարց մըն է, թէ «ո՞վ է մտաւորականը»։ Այս նիւթը կարեւոր կը նկատենք, որովհետեւ մինչեւ օրս «մտաւորական» ըլլալու համար յստակ չափանիշ մը չունինք՝ այնպէս, ինչպէս չունինք յստակ չափանինշեր շատ մը այլ երեւոյթներու եւ արժէքներու պարագային: Այդ չափանիշներու չգոյութիւնը աւելիով հասկնալու համար բաւարար է աչք մը նետել Հայաստանի Գրողներու միութեան գործունէութեան՝ որ մերկացած է իր անցեալի արժէքէն ու գրեթէ կուսակցութեան մը անդամ ըլլալէ տարբեր բանի մը չի նմանիր: Կար ժամանակ (հաւանաբար 60-70 տարիներ առաջ), որ գրող-մտաւորականին համար լուրջ արժէք կը ներկայացնէր Գրողներու միութեան անդամ ըլլալը։ Մարդոց կենսագրական գիծերուն մէջ մեծ տեղ կը գրաւէր այդ մէկը, սակայն, այսօր այդքան ալ կարեւորութիւն չունի՝ նկատի ունենալով, որ մի քանի տող գրողը անգամ մտաւորական, ինչպէս նաեւ Գրողներու միութեան անդամ ըլլալու «բախտաւորութիւն»ը կ՚ունենայ: 

Մեր օրերուն «մտաւորական» ըլլալ ի՞նչ կը նշանակէ, յստակ չէ, սակայն, պարզաբանելու համար պէտք է մի քանի հիմնական կէտեր նկատի ունենանք. 

Ա.- Շատ գիրք կարդացողը մտաւորական չէ - Այո՛, մտաւորական կեանքը ընթերցել, ուսումնասիրել ու վերծանել կ՚ենթադրէ, սակայն, ամէն գիրք կարդացող մտաւորական չէ: Վազգէն Շուշանեան մեր թուականէն 85 տարիներ առաջ՝ 1941 թուականին գրած իր վերջին յօդուածին մէջ այս մասին իր ունեցած կարծիքը կ՚ամփոփէ հետեւեալ տողերուն մէջ. «Մարդ կրնայ, առանձին, պատմութեան վերաբերեալ հսկայ գրականութիւն լափել: Տարիներ հակիլ պատմական աշխատութիւններու վրայ ու այդ ընթերցումներէն դուրս գալ պարկեշտ ընթերցողի պզտիկ վկայականով մը միայն»: Խորքին մէջ գիրք կարդալը անհրաժեշտ, սակայն, բաւարար պայման մը չէ մտաւորական դառնալու: Գիրքերը պարզապէս գիտելիքի աղբիւր ըլլալով մարդուն մօտ կրնան զարգացնել քննադատական միտքը, դատողութիւնն ու վերլուծելու կարողութիւնը՝ որոնք մտաւորական դառնալու նախաքայլերը կը սեպուին, որովհետեւ մտաւորականը միայն տեղեկութիւնն ու գիտելիք ունեցողը չէ, այլ զանոնք վերծանողը, համադրողն ու արժեւորողն է: Հայերէն լեզուին մէջ կայ յստակ բառեր. «Ընթերցասէր» եւ «մտաւորական» եւ այս երկուքը տարբեր նշանակութիւն եւ տարբեր իմաստներ ունին: 

Բ.- Մտաւորականը «մաքրամաքուր» հայերէն խօսողը չէ - Չես գիտեր ինչպէս, հասարակութեան մօտ կայ համոզում մը, որ մտաւորականը այն անձն է, որ «մաքուր» հայերէն կը խօսի։ Այս կէտը կը շեշտենք, որովհետեւ մեր հասարակութեան համար մտաւորականութիւնը ներքին ու իմացական աշխարհէն աւելի կամաց կամաց արտաքին աշխարհ կը տեղափոխուի։ Մտաւորական կը սկսինք նկատել այն անձերը, որոնք հասարակութեան մէջ գիրք կը կարդան (շատ անգամ կարդալու կարիք ալ չունին՝ գիրքը ձեռքին ունենալը բաւարար է), իրենց խօսքերուն մէջ տեղի-անտեղի փիլիսոփայական մտածում մը կը մտցնեն, կը քննադատեն, կարծիք կը յայտնեն, կը հակառակին ու այս բոլորը ըրած ժամանակ խորքային իմաստէն աւելի կարեւորութիւն կու տան ձեւին, ոճին ու շարժումներուն: Օրինակի համար, հայերէն լեզուի մէջ գոյութիւն ունի «մամոնայ» բառը, որ դրամ կը նշանակէ։ Կը յիշեմ երիտասարդ մը, որ խօսելու ժամանակ «դրամ»ի փոխարէն մի՛շտ «մամոնայ» կը գործածէր՝ այնպէս մը ձեւացնելով, որ այդ մէկը իր «բնական» խօսակցական լեզուին մաս կը կազմէ։ Նոյն տրամաբանութեամբ շատ շատեր իրենց յօդուածներուն մէջ կը փորձեն բառարաններէն բառեր դուրս բերել: 

Այս բոլորը յստակ դարձնելու համար տանք օրինակներ։ Մօտաւորապէս երեք ամիս առաջ, լիբանանահայ մամուլին մէջ կարդացի յօդուած մը. յօդուածին հեղինակը կը գրէր. «Մեծ գիւղը թաւալուն ալիքով կը բաբախէր»։ Կարդալու ժամանակ ի՜նչ սքանչելի ու գեղեցիկ բառեր… Իմա՞ստը... եթէ նպատակը բառերու ճոխութիւնն է, ապա ահաւասիկ հատ մըն ալ մենք ստեղծենք. «Կենսագործ մահկանացուները շռայլ խնդակցութեամբ յափշտակուեցան»։ Այո՛, ստեղծագործ միտքը, վառ երեւակայութիւնն ու պատկերաւոր լեզուն մտաւորականի մը յատկանիշներէն մին կրնայ դառնալ. օրինակի համար, երբ կարդանք Մալէզեան, կարդանք Ինտրա, լաւապէս այդ հմտութիւնն ու արուեստը կրնանք տեսնել, սակայն, ամէն ինչ ունի տրամաբանական սահման մը։ Կեղծ ու բռնազբօսիկ բառեր ու միտքեր ո՛չ գրութիւնը յօդուած եւ ո՛չ ալ անձը մտաւորական կը դարձնեն: 

Գ.- Մտաւորականը աշխարհէն կտրուած անձը չէ - Կայ նախապաշարում մը, որ կ՚ուզէ մտաւորականը տեսնել լրջութեան մէջ։ Մտաւորականը չի՛ կատակեր, մտաւորականը չի՛ խնդար. մտաւորականը հասարակութեան սպասումին համաձայն պէտք է ըլլայ լուրջ եւ ծանրակշիռ. աշխարհիկ մտահոգութիւններ, սպասումներ պիտի չունենայ: Այո՛, մտաւորականը կը զբաղի լուրջ հարցերով՝ փիլիսոփայութեամբ, մշակոյթով, քաղաքականութեամբ, պատմութեամբ, սակայն, այդ մէկը անկէ չի կրնար խլել մարդկայինն ու բնականը։ Պէտք հասկնալ, որ կատակը, ժպիտը մտաւորականութեան հակառակ երեւոյթներ չեն, ընդհակառակը, շատ աւելի մտաւորական ըլլալու հակում ունի կատակասէրը, խորամանկ մտածողութիւն ունեցողը, քան խոժոռ դէմքով լրջացած մարդը։ Վկայ մեր մտաւորականներէն շատ շատերու ունեցած սրամտութիւնը:

•շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Ի՜նչ կախարդական բան է այս հայրենիք ըսուածը, Հայաստանը: Երբ մեր ձեռքն է, չենք զգար, թէ որքան գրաւիչ է, ինչքա՜ն պարտական ենք։ Իսկ երբ ան կաշկանդուած կամ ստրկութեան մէջ է, անոր կարօտէն կ՚այրինք: Երբ ազատութեան մէջ է, անփոյթ ենք անոր հանդէպ, սակայն գերութեան մէջ յայտնուի ախուվախ ընելով կը տանջուինք՝ որպէսզի ազատենք մեր ձեռքէն անզգուշութեամբ կորսնցուցածը:

ԽԱՉԻԿ ԴԱՇՏԵՆՑ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Փետրուար 20, 2026