ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐԻՔՆԵՐ
Այս աշխարհի գիտութեան համար տարուած աշխատութիւնները եւ յոգնութիւնները մէկ կողմէն, եւ հոգեւոր կեանքի պէտքերուն համար սկիզբէն ի վեր եղած բազմադիմի յայտնութիւններ միւս կողմէն՝ կը սահմանափակեն մարդուն կեանքի նպատակը. կը նեղցնեն անոր հորիզոնը եւ արգելք կ՚ըլլան Քրիստոսի ձայնին, որ կ՚ըսէ. «Ինծի եկէք. ինծի եկէք՝ ո՛վ բոլոր յոգնածներ եւ բեռնաւորուածներ, եւ ես հանգիստ կու տամ ձեզ». (ՄԱՏԹ. ԺԱ 28)։
Գիտութեան անհատնում բարիքներով լեցուն այս աշխարհի վրայ, մարդկային միտքը զարգացնելու համար հաստատուած բազմատեսակ՝ այլազան դիւրութիւններու մէջ՝ երբ շա՛տ աւելի յարմարութիւններ ունին մարդիկ, մանաւանդ քրիստոնեայ մարդիկ, ծիծաղելու համար ոչնչութիւններու վրայ, այո՛, երբ մարդիկ սրտի եւ մտքի այսչափ պաշարներով աւելի դիւրին կրնան ճշդել իրենց նիւթական եւ հոգեկան պէտքերուն չափը եւ աստիճանը, պէտք է աւելի՛ մեծ ուշադրութեամբ, մա՛նաւանդ սիրով մտիկ ընել Քրիստոսի հրաւէրին. «Ինծի եկէ՛ք»։
Ճշմարիտ քրիստոնեան՝ որ Պօղոս առաքեալի պէս շատ մօտէն լսած է Քրիստոսի ձայնը եւ գիտակցութեամբ կը հետեւի անոր, կը միացնէ իր վրայ աշխարհի եւ Քրիստոսի կեանքը հաւասարապէս, քակելու համար բարոյական կեանքի գիտութեան եւ Աւետարանի լոյսին դէմ բարձրացած հպարտութեան ամբարտակները (Բ ԿՈՐՆԹ. Ժ 3-5)։
Մեծ զարգացման, մեծ գիտութեան հետեւանքն է այս։ Որովհետեւ Քրիստոսի ձայնը կ՚ընդգրկէ ինչպէս աշխարհի արհամարհուած եւ զրկուած անկիւնները, նո՛յնպէս բարիքներու եւ առատութիւններու, ճոխութիւններու մէջ լողացող մասերը. ի՛նչպէս որ այդ ձայնը կը նորոգէ մեղաւորներուն տառապալից կեանքը եւ կը սփոփէ տանջուած հոգիները, նոյնպէս կը լուսաւորէ լարուած կեանքի մը մեքենականութեան անքթիթ հսկող կենցաղասէրներու վարքը. ինչպէս որ կը սնուցանէ այդ ձայնը բարի եւ ազնիւ քրիստոնեաներուն էութիւնը, նոյնպէս եւ կ՚ուժաւորէ իր խօսքերուն քարոզութեանը նուիրուած պաշտօնեաները։
Մարդիկ՝ որ ճշմարտութիւն կը սիրեն, ճշմարտութիւն կը փնտռեն եւ կ՚ըսեն, թէ մենք գիտենք ճշմարտութիւնը կեանքի մէջ, պէ՛տք է որ հասկնան Յիսուս Քրիստոսի խօսքին ուժը եւ արժէքը…
Եւ քրիստոնեաներ, թէեւ շատոնց, դարերէ ի վեր, ցեղով եւ սերունդով լսած են Փրկչին ձայնը եւ հետեւած անոր, պիտի չուզէի՞ն անդրադառնալ անգամ մըն ալ այն պատուէրին. «Ինծի եկէ՛ք» եւ պիտի չհետեւէի՞ն։
Այո՛, երթանք Անոր, հետեւինք մենք ալ, որ կը ճանչնանք քրիստոնէութիւնը։ Մեզմէ՝ իբր գիտուններէ եւ իմաստուններէ՝ ծածկուած չէ՛ այդ հրաւէրին իմաստը։ Արդարեւ, Յիսուս իր խօսքերը քարէ տախտակներու վրայ չէ՛ քանդակած եւ զանոնք գետին զարնելով փշուր փշուր պիտի չխորտակէ Մովսէսի պէս՝ մեր տկարութիւններուն, մեր թերութիւններուն եւ մեր մոռացումներուն եւ մեր անտարբերութիւններուն եւ անհամբերութիւններուն «ոսկի հորթ»ին առջեւ։
Մեր քրիստոնէութիւնը՝ մեր գիտութիւնը եւ իմաստութիւնը կ՚ուզէ մեր կեանքին վրայ տեսնել, որպէսզի ուրիշներ ալ տեսնեն եւ փառաւորեն Հայրը՝ որ երկինքն է։ Ուստի, երթա՛նք Անոր, մենք, որ մամոնան կը սիրենք եւ աշխարհէս անդին աշխարհ եւ ճշմարտութիւն չենք ուզեր տեսնել, եւ այս աշխարհի գիտութիւնը, եւ այս աշխարհի կեանքը եւ գործունէութիւնը սկիզբ եւ վախճան կը դաւանինք, եթէ ոչ խօսքով գոնէ մեր կենցաղով։
Արդարեւ, Յիսուս ջրհեղեղի մը սարսափով պիտի չպակուցանէ մեր էութիւնը։ Ան ցոյց պիտի տայ մեզի բարի Սամարացին, այդ ազնուատոհմութեան յաւակնութիւններէն զրկուած ինքնաբեր քրիստոնեան. մենք ինքնին պիտի հասկնանք, թէ ի՛նչ է կեանքը, ի՛նչ է ճշմարիտ քրիստոնեայի մը վարքը…
Անոր երթա՛նք, ուրեմն, մեր հոգեկան բոլոր խոյանքով, մեր ազնիւ ձգտումներուն բոլոր ուժգնութեամբ, մեր բարոյական եւ նիւթական դիւրութիւններու բոլոր անկեղծութեամբ, մեր քրիստոնէական առաքինութեան բոլոր թափովը։ Այո՛, Ան Իր ձայնին ճշմարտութիւնը խաչի մահուամբը հաստատեց. երթա՛նք Անոր՝ որ Իր ամբողջ սիրով ըսաւ. «Ինծի եկէ՛ք». երթանք Անոր՝ որ Իր արիւնով գնեց մեզ, որպէսզի մենք որդիներ ըլլանք Հօր Աստուծոյ եւ փառաւորենք զԱյն։
Երթա՛նք այս Ձայնին, որ կը նմանի հրեշտակային երաժշտութեան մը՝ զոր կը լսեն քնացող մարդիկ խոր գիշերուան մէջ՝ որ կարծես հեռուէն կու գայ եւ հետզհետէ կը զօրանայ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 26, 2026, Իսթանպուլ