ԺԱՄԱՆԱԿ 108 տարեկան

Եւ ա­հա՛ նոր այ­գա­բաց մը... Հայ մամ­լոյ նա­հա­պե­տը կ­՚ող­ջու­նէ հեր­թա­կան ար­շա­լոյ­սը՝ որ­պէս կեր­պար ա­կա­նա­տե­սի, որ­պէս մարմ­նա­ւո­րում յի­շո­ղու­թեան եւ որ­պէս գործ­նա­կան ա­պա­ցոյց ա­ռա­քե­լու­թեան։ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թը այ­սօր կը թե­ւա­կո­խէ իր հրա­տա­րա­կու­թեան 108-րդ տա­րին։ Սա այս թեր­թի յաղ­թա­կան ու փա­ռա­պանծ եր­թի թարմ ու շէն­շող տա­րե­մու­տե­րէն մին է։ Սա այս թեր­թի ու­րոյն գոր­ծու­նէու­թիւ­նը նո­րո­վի կշիռ­քի վրայ դնե­լու օրն է, ա­նոր ե­զա­կի ժա­ռան­գու­թիւ­նը թարմ հա­յեաց­քով դի­տար­կե­լու պա­տեհ ա­ռի­թը։ Պատ­կա­ռե­լի այդ ամ­բող­ջին մէջ, ակն­թար­թի մը տե­ւո­ղու­թեանմբ շունչ քա­շե­լու պահն է այ­սօր՝ տա­րի մը եւս դի­մա­նա­լու, տա­րի մը եւս դի­մադ­րե­լու ու եւս տա­րի մը բո­լո­րած ըլ­լա­լու հա­մար։ Լրագ­րա­կան աս­պա­րէ­զին բնոյ­թը այն­պէս մըն է, որ տա­րուան մը այդ վիթ­խա­րի ճի­գին վար­ձատ­րու­թիւ­նը կ­՚ըլ­լայ միայն ակն­թար­թի մը տե­ւո­ղու­թեմբ շունչ քա­շե­լու ա­զա­տու­թիւ­նը կամ հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը։ Գան­գա՞տ. բնաւ եր­բեք, այս թեր­թը վա­ղուց սո­վոր է այդ հեւ­քին։

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի տա­րե­դար­ձը բնա­կան ա­ռիթ մըն է՝ անդ­րա­դառ­նա­լու հա­մար թէ՛ հայ­կա­կան զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու աշ­խար­հի եւ թէ թրքա­հայ հա­մայն­քի առ­կայ կա­ցու­թեան։ Ո՞վ կրնայ պնդել, որ վար­դա­գոյն հա­մայ­նա­պատ­կեր մը կայ մեր աչ­քին առ­ջեւ։ Ափ­սո՜ս... Տպա­գիր մա­մու­լը կը նա­հան­ջէ ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ։ Սա անշր­ջա­դար­ձե­լի գոր­ծըն­թաց մըն է, ո­րու դէմ եր­թա­լը կար­ծես հա­մա­զօր ըլ­լայ ժա­մա­նա­կի մսխու­մի։ Բայց, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, այդ տկա­րաց­ման հա­ւա­նա­կան հե­տե­ւանք­նե­րը ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին հա­ւա­սա­րակշ­ռե­լու հա­մար աշ­խար­հի վրայ ձեռք կ­՚առ­նուին շարք մը մի­ջոց­ներ։ Հա­պա մե՞ր մօտ... Հիմ­նա­կան ա­պա­ւէ­նը միայն նա­խախ­նա­մու­թիւնն է։ Մնա­ցեա­լին մա­սին ին՞չ կայ մաս­նա­ւո­րա­պէս ընդգ­ծե­լու։ Հա­կա­սա­կա­նը այն է, որ մէկ կող­մէ թէեւ կը տկա­րա­նայ մեր մա­մու­լը եւ լրիւ ան­տար­բե­րու­թեան կ­՚են­թար­կուի, իսկ միւս կող­մէ տե­ւա­բար կ՚ա­ւել­նան իր­մէ ակնկա­լու­թիւն­նե­րը։ Նախ եւ ա­ռաջ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մի­ջո­ցի, ա­զատ լրա­տուա­մի­ջո­ցի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը, ո­րու վրայ կու գան ան­մի­ջա­պէս ա­ւել­նալ՝ լե­զուի գոր­ծա­ծու­թեան մի­ջա­վայ­րի ստեղ­ծումն ու ա­նոր գո­յա­տեւ­ման ճա­նա­պար­հին պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը, հա­յա­պահ­պան­ման ա­մուր կռուան դառ­նա­լը, Հա­յաս­տան-սփիւռք զօ­րակ­ցու­թեան քա­ջա­լե­րու­մը, լայն հա­սա­րա­կու­թեան ու ա­նոր լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րուն հետ շփում­նե­րուն մէջ ան­խու­սա­փե­լի աշ­խա­տան­քը։ Ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է այս բո­լոր սպա­սում­նե­րուն ար­դա­րա­ցու­մը ակն­կա­լել՝ հայ ի­րա­կա­նու­թեան մօտ ներ­կա­յիս առ­կայ մտայ­նու­թիւ­նով զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն պա­րա­գա­յին։ Տրա­մա­բա­նա­կան ըլ­լալ կը թուի՞ լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րուն հա­մար այս­քան սահ­մա­նա­փակ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու տրա­մադ­րու­մով հան­դերձ, ա­նոնց վրայ այս­քան մեծ յոյ­սեր դնե­լը։ Ա­նի­րա­տե­սու­թի՞ւն, թէ ար­կա­ծախնդ­րու­թիւն...

Գա­լով զուտ թրքա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մօտ ստեղ­ծուած կա­ցու­թեան... Մեր հա­մայն­քը այ­սօր կը տա­ռա­պի պա­ռակտ­ման ճի­րան­նե­րուն մէջ։ Ճիշդ է ու հասկ­նա­լի, որ հայ­կա­կան բո­լոր գա­ղութ­նե­րուն մօտ կան ու կ­՚ըլ­լան ներ­քին հար­ցեր։ Բնա­կան... Հա­կուած չենք հա­ւա­քա­կան տկա­րու­թիւն­նե­րու իւ­րա­քան­չիւր դրսե­ւո­րու­մը ար­դա­րաց­նել՝ զայն ան­միա­բա­նու­թեամբ պայ­մա­նա­ւո­րե­լու մա­կե­րե­սայ­նու­թեամբ։ Այդ լո­զուն­գի ե­տին թաք­նուիլ կը նշա­նա­կէ մեղ­սակ­ցու­թիւն եւ ան­հե­ռա­տե­սու­թիւն։ Այս բո­լո­րով հան­դերձ, վեր­ջին տա­րի­նե­րուն թրքա­հայ հա­մայն­քին մօտ ան­վի­ճե­լիօ­րէն կա­րե­լի է նկա­տել յե­տըն­թաց մը։ Բե­ւե­ռա­ցում­նե­րը այն աս­տի­ճան խո­րա­ցած են, որ մեր հա­մայն­քէն ներս մար­դիկ, կամ զա­նա­զան խա­ւեր, այ­լեւս շատ յա­ճախ ի վի­ճա­կի չեն ըլ­լար նոյ­նիսկ ի­րենց հա­սա­րա­կաց շա­հը պաշտ­պա­նել։ Այս ծանր ե­րե­ւոյ­թը մեր հա­մայն­քին ու մա­նա­ւանդ մա­մու­լին տե­սան­կիւ­նէն յղի է քայ­քա­յիչ հե­տե­ւանք­նե­րու։ Ա­ռանց ող­բեր­գու­թեան մը վե­րա­ծե­լու, հարկ է ար­ձա­նագ­րել, որ մա­մու­լը ա­րիւ­նա­հո­սու­թիւն մը կ­՚ապ­րի ներ­կա­յիս։ Խնդի­րը շու­տով կրնայ ա­հա­զան­գա­յին հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րու հաս­նիլ եւ այս հա­մայն­քին հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­ներն ալ կրնան ըլ­լալ տակնուվրայ...

Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն մե­զի հա­մար մար­տա­վա­րու­թիւն մը դար­ձած է այս բո­լո­րին շուրջ այս­քան բա՛ց, այս­քան յստա՛կ խօ­սիլ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի տա­րե­դարձ­նե­րուն օ­րը։ Հա­մո­զուած ենք, որ ե­թէ տա­կա­ւին մնա­ցած է ը­նե­լիք բան մը, ա­պա հա­մա­պա­տաս­խան մթնո­լոր­տին մէջ կա­րե­լի է շարժ­ման անց­նիլ ե­ռան­դով, ինք­նավս­տա­հու­թեամբ ու լա­ւա­տե­սու­թեամբ։ Այ­լա­պէս, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, եր­կար խօս­քի կա­րիք չկայ. այս հա­մայն­քին մէջ ցաւ ու­նե­ցո­ղը վա­նե­լու ձգտու­մը կը խո­րա­նայ թա­փով։

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի տա­րե­դար­ձին օ­րը պա­տեհ ա­ռիթ մըն է՝ առ­կայ հա­մայ­նա­պատ­կե­րը ու­շա­դիր ու­սում­նա­սի­րե­լու, մա­նա­ւանդ հե­տե­ւու­թիւն­ներ ը­նե­լու, հա­մա­պա­տաս­խան ձե­ւով դիր­քա­ւո­րուե­լու ա­ռու­մով։ Իսկ մենք հե­տա­մուտ ենք այն մօ­տեց­ման, թէ մեր միակ պա­տաս­խա­նը կրնայ ըլ­լալ գոր­ծը, ար­տադ­րան­քը։ Մնա­ցեալ ա­մէն ինչ, պարզ է, որ պի­տի բիւ­րե­ղա­նայ տա­րի­նե­րու հո­լո­վոյ­թին մէջ, երբ հաս­նի պատ­մու­թեան դա­տաս­տա­նին ա­տե­նը։

*

Տա­րե­դար­ձի օ­րուան յու­զու­մով՝ ե­րա­նու­թեամբ կ՚ո­գե­կո­չենք ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի յա­ւէտ ող­բա­ցեալ մե­ծա­նուն հիմ­նա­դիր­նե­րը՝ Մի­սաք եւ Սար­գիս Գօ­չու­ն­եան եղ­բայր­նե­րը։ Բի՜ւր յար­գան­քով կը խնկար­կենք հան­գու­ցեալ Ա­րաք­սի Գօ­չու­նեա­նի ազ­նիւ յի­շա­տա­կին առ­ջեւ։ Ան­սահ­ման ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ կը վեր­յի­շենք ող­բա­ցեալք Մար­տի­րոս, Մե­լիք եւ Ա­րա Գօ­չու­նեան եղ­բայր­նե­րը, ո­րոնք եր­կար տաս­նա­մեակ­ներ կա­յուն պա­հե­ցին այս թեր­թը։ Ան­սահ­ման եր­կիւ­ղով կը խո­նար­հինք ան­մո­ռա­նա­լի եւ ա­մե­նա­սի­րե­լի Լի­լի Գօ­չի բա­րո­յա­կան ներ­կա­յու­թեան առ­ջեւ՝ վերս­տին ար­ձա­նագ­րե­լով ա­նոր ա­նու­րա­նա­լի ներդ­րումն ու վաս­տա­կը այս թեր­թին հա­մար։ Մեր սրտի տրո­փին մէջ են՝ Է­լի­զա, Սի­րար­փի, Մա­րի եւ Ալին Գօ­չու­նեան քոյ­րե­րը, ո­րոնք ան­մասն չէին այս թեր­թի ե­լե­ւէջ­նե­րէն։ Կ՚ա­ղօ­թենք Գա­րա­գա­շեան, Սե­պու­հեան, Մա­նու­կեան, Պօ­ղո­սեան, Գալ­փաք­ճեան եւ Է­պէօղ­լու գեր­դաս­տա­նաց մեզ­մէ ան­դարձ բաժնո­ւած ան­դամ­նե­րուն հա­մար։ Մեր խո­հե­րուն մէջ են թեր­թիս ան­ցեա­լի բո­լոր խմբա­գիր­նե­րը, սիւ­նա­կա­գիր­նե­րը, աշ­խա­տա­կից­նե­րը, լու­սան­կա­րիչ կամ գծան­կա­րիչ­նե­րը, գրա­շար­նե­րը, է­ջադ­րող­նե­րը, ա­մէն տե­սա­կի թեք­նիկ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, մե­քե­նա­վար­նե­րը, ցրուիչ­նե­րը, վար­չա­յին սպա­սա­ւոր­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց մտքին լոյ­սով, բազ­կին ու­ժով, աչ­քին լոյ­սով անխ­նաօ­րէն ու ազ­նուու­թեամբ վաս­տակ ներդ­րե­ցին այս թեր­թին հա­մար։ Ա­ռանձ­նա­պէս պար­տա­կա­նու­թիւն կը հա­մա­րենք մեր հան­գու­ցեալ ըն­թեր­ցող­նե­րուն ո­գե­կո­չու­մը, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնց հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը ե­ղած էր այն ան­խախտ վէ­մը, որ ա­պա­հո­վեց այս թեր­թին ան­խա­փան գո­յու­թիւ­նը՝ ար­դէն 108 տա­րիէ ի վե­ր։

*

Այս եր­կար խո­հե­րէն ու ո­գե­կո­չում­նե­րէն վերջ, տա­րե­դար­ձի օ­րուան մեր ամ­բողջ ու­րա­խու­թիւ­նը, հպար­տու­թիւ­նը եւ յու­զու­մը կու գանք բաժ­նել ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի մե­րօ­րեայ սի­րե­լի, ազ­նիւ ու հա­ւա­տա­րիմ ըն­թեր­ցող­նե­րուն հետ։ Միայն ու միայն ա­նոնց կը վի­ճա­կի այդ զգա­ցում­նե­րուն ըմ­բոշ­խու­մը՝ ա­մէն ե­րե­կոյ ի­րենց բնա­կա­րա­նի յար­կին ներ­քեւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թը հիւ­րըն­կա­լե­լէ բխած ար­դար ի­րա­ւուն­քով։ Ա­նոնք աշ­խար­հի ա­նընդ­հատ հրա­տա­րա­կուող ա­մե­նա­հին հա­յե­րէն օ­րա­թեր­թի ըն­թեր­ցող­նե­րը ըլ­լա­լու ա­ռանձ­նաշ­նոր­հեալ կար­գա­վի­ճա­կի տէրն են՝ ի­րենց իսկ նա­խընտ­րու­թեամբ, նա­խա­սի­րու­թենմբ։ Մենք գի­տենք ու կը զգանք, թէ այդ հայ ըն­տա­նիք­նե­րու նուի­րա­կան եր­դի­քին տակ հա­րա­զա­տի նման կ­՚ըն­դու­նուի ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թը, որ այ­լա­պէս չէր կրնար յա­րա­տե­ւել ա­ւե­լի քան դար մը։ Մենք գի­տենք ու կը զգանք, որ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ը ի­րենց յար­կէն ներս ան­պա­կաս կ­՚ը­նեն այն մար­դիկ, ո­րոնք այս թեր­թին մի­ջո­ցաւ կը նո­րո­գեն ի­րենց ուխ­տը՝ որ­պէս Մես­րո­պեան բա­նա­կի մար­տիկ, մշտար­թուն կը պա­հեն հայ ժո­ղո­վուր­դի մէկ տար­րը ըլ­լա­լու գի­տակ­ցու­թիւ­նը, կը վե­րա­հաս­տա­տեն ի­րենց մկրտու­թեան ուխ­տը՝ որ­պէս զա­ւակ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան մար­տի­րոս, մա՛յր ե­կե­ղեց­ւոյ ու տա­կա­ւին մշտա­պէս հա­ղորդ կը մնան այն բո­լոր վեհ ար­ժէք­նե­րուն, ո­րո­նց հետ ա­ռըն­չուած է ի­րենց թեր­թին լի­նե­լու­թիւ­նը։

Տա­րե­դար­ձի օ­րուան մեր տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րուն մէջ, յա­մե­նայն­դէպս, անպա­կաս են սկզբուն­քայ­նու­թիւ­նը, վճռա­կա­մու­թիւ­նը, պայ­քա­րի ո­գին ու մեր կո­չու­մին նկատ­մամբ հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը։ Նո՛ր ա­պա­գա­յի մը սպա­սու­մով, նո՛ր տես­լա­կա­նով մը կ՚ըն­թա­նայ այս թեր­թը, որ կը ջա­նայ ի գին ա­մէն բա­նի կա­յուն պա­հել իր թա­փը՝ հա­կա­ռակ բո­լոր տե­ղա­տուու­թիւն­նե­րուն եւ մա­կըն­թա­ցու­թիւն­նե­րուն։ Ի­րեն վի­ճա­կա­ծը պատ­րաստ է լիու­լի ը­նե­լու այս թեր­թը, հնա­րա­ւո­րինս զերծ մնա­լով մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քի այժ­մու բա­ցա­սա­կան գոր­ծօն­նե­րէն։

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թը անդր­դուե­լի կը մնայ իր յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րուն մէջ։ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թը պինդ կը մնայ իր ա­ռա­քե­լու­թեան ճա­նա­պար­հին։ Եւ ի վեր­ջոյ, յոյ­սի եւ լոյ­սի խաչ­մե­րու­կին, ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թը հա­ւա­տա­րիմ կը մնայ իր հա­ւա­քա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րուն՝ բո­լոր հար­թու­թիւն­նե­րու վրայ։

Բա­րին ընդ մեզ...

 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2015