ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ ՊԻՏԻ ԲԱՆԱՅ ՊԵՌՆԻ ՄԷՋ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան նախընթաց օր Պեռնի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Զուիցերիոյ համադաշնակցութեան փոխ-նախագահ, արտաքին յարաբերութիւններու բաժանմունքի ղեկավար Իկնասիօ Քասիսի հետ։ Այս վերջինը նախարարը հիւրընկալեց աշխատանքային ճաշկերոյթի մը ձեւաչափին մէջ, Համադաշնակցութեան խորհուրդի պաշտօնական ընդունելութիւններու տան մէջ, որ կը գտնուի Պեռնի պատմական հատուածէն ներս։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ նախարարները գոհունակութեամբ նշեցին Հայաստանի եւ Զուիցերիոյ միջեւ քաղաքական երկխօսութեան աշխոյժ զարգացումը եւ զանազան ուղղութիւններով գործընկերութեան ապագայ զարգացման պատրաստակամութիւնը։ Այս ամբողջին մէջ ընդգծուեցաւ Պեռնէ ներս դեսպանատուն մը բանալու ուղղեալ Հայաստանի կառավարութեան որոշման կարեւորութիւնը։ Արդարեւ, սա նշանակալի քաղաքական խթան մը պիտի ըլլայ՝ երկկողմանի օրակարգի ընդլայնման, բովանդակային հարստացման ուղղութեամբ։
Միրզոյեան եւ Քասիս կարծիքներ փոխանակեցին Հարաւային Կովկասի եւ Մերձաւոր Արելեւքի իրադարձութիւններուն շուրջ։ Արարատ Միրզոյեան ներկայացուց՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուած խաղաղութեան ապագայ հաստատութենականացման ուղղեալ քայլերը։
Միեւնոյն ժամանակ, Միրզոյեան բարձր գնահատեց Զուիցերիոյ կողմէ ցուցաբերուած աջակցութիւնը՝ Հայաստանի ժողովրդավարական կառոյցներու շարունակական ամրապնդման, մարդասիրական հարցերու յաղթահարման եւ Արցախէ տեղահանեալ փախստականներու կարիքներու դիմագրաւման ուղղութեամբ։
Կողմերու միջեւ կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան նաեւ՝ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ այլ նիւթերու շուրջ։
Միւս կողմէ, Միրզոյեան եւ Քասիս երէկ միասնաբար մասնակցեցան Պեռնի մէջ Հայաստանի դեսպանատան պաշտօնական բացման արարողութեան։