ԱՍՏՈՒԱԾ ՔՐԻՍՏՈՍՈՎ ԽՕՍԵՑԱՒ ՄԵԶԻ ՀԵՏ
Աշխարհի եւ մարդուն ստեղծագործութեան սկիզբը Աստուածաշունչէն կը տեսնենք, թէ Աստուած մարդոց հետ կը խօսի Իր ընտրած մարդոց միջոցով, ինչպէս օրինակ՝ Մովսէսին եւ անկէ ետք եկող մարգարէներուն: Աստուծոյ մարդուն հետ խօսելուն ձեւերը բազմապիսի են եւ տարբեր: Մէկուն հետ այրող մորենիի մը միջոցով կը խօսի, ուրիշի մը հետ հրեշտակի մը միջոցով, ուրիշի մը հետ իշու միջոցով, եւ այլն: Խօսողը Աստուած Ի՛նք է, պարզապէս ձեւերը տարբեր են, մեկնելով հանգամանքներէն ու մարդուն քաղելիք օգուտէն ու դասէն:
Եբրայեցիներուն ուղղած նամակին առաջին գլուխին մէջ Պօղոս առաքեալ կը մատնանշէ վերը մեր նշած իրողութիւնները եւ կը յայտնէ, թէ վերջին ժամանակներուն Աստուած ո՛չ թէ մարգարէներու կամ հրեշտակներու միջոցով խօսեցաւ մարդոց հետ, այլ՝ նոյնինքն Իր Որդիին միջոցաւ:
Առաքեալը կը գրէ. «Աստուած բազմապիսի ձեւերով եւ այլազան օրինակներով նախապէս խօսեցաւ մեր հայրերուն հետ մարգարէներուն միջոցով. այս վերջին օրերուն մեզի հետ խօսեցաւ Իր Որդիին միջոցով, Որուն ժառանգ նշանակեց ամէն ինչի եւ Որուն միջոցով ստեղծեց տիեզերքը: Ան, որ լոյսէն է Իր փառքը եւ Անոր էութեան բուն պատկերը, որ Իր խօսքին զօրութեամբ տիեզերքը հաստատ կը պահէ: Ան մեր մեղքերուն մաքրումը կատարելէ ետք, Աստուծոյ մեծութեան աջ կողմը նստաւ՝ բարձրունքներուն մէջ» (Եբր 1.1-3):
Ի՜նչ մեծ պատիւ եւ շնորհ է մեզի համար, որ շնորհքի դարաշրջանին մէջ կ՚ապրինք, որ մեր Տէրը ուղղակիօրէն Ինք խօսի մեզի հետ, առանց միջնորդի: Այս մասին մեր Տէրը Ի՛նք իսկ անդրադարձաւ, երբ առիթով մը ըսաւ. «Կ՚ըսեմ ձեզի, որ բազմաթիւ մարգարէներ ու թագաւորներ ուզեցին տեսնել այն, ինչ որ դուք կը տեսնէք, բայց չտեսան, եւ լսել՝ ինչ որ դուք կը լսէք, բայց չլսեցին» (Ղկ 10.24):
Մեր Տէրը ուղղակիօրէն խօսեցաւ մեզի հետ, աղօթել սորվեցուց, յանդիմանեց, խրատեց, ուղղութիւն ցոյց տուաւ: Մեր առջեւ ճամբայ հարթեց դէպի Իր Հայրը, սորվեցուց մեզի քալել Իր հետքերով, որպէսզի զերծ մնան դժուարութիւններէ ծագած յուսախաբութիւններէն, ընդհակառակը Իրմով եւ Իր մեզի պարգեւած իմաստութեամբ կարենանք յաղթահարել ամէն տեսակի դժուարութիւն եւ փորձութիւն:
Ուշադիր ըլլանք, հետեւաբար, եւ չվատնենք մեզի ընձեռուած շնորհքը, ընդհակառակը, գիտակցինք, որ մեր Տէրը ո՛չ միայն արժանի համարած է մեզի յայտնուելու ու մեր հետ խօսելու, այլ՝ Ինքզինք որպէս փրկագին տուած է մեր գործած սխալներուն ու մեղքերուն, որպէսզի վերստին արժանանք որդեգրութեան շնորհին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
14 մարտ 2026, Վաղարշապատ