ԱԿՆԱՐԿ - 159 - ՊԱՀՔԻ ԲՈՒՆ ՊՏՈՒՂՆԵՐԷՆ՝ ՍԷՐԸ
Անցնող երկու շաբաթներուն մեր գրութիւններով անդրադարձանք պահքի հզօր զէնքին՝ աղօթքին եւ զարդին՝ ողորմութեան մասին: Այսօր, նկատի ունենալով, որ պահեցողութեան ճամբորդութիւնը կը մօտենայ իր աւարտին, պիտի խօսինք, աւելին խօսեցնել պիտի տանք պահքի բուն պտուղներէն մէկուն՝ սիրոյ մասին:
Պահքը, արդարեւ, երբ նպատակային կերպով կը կատարուի, ապա անպայմանօրէն պտուղներ կու տայ, որովհետեւ տուեալ անձը իր այդ ճամբորդութեան համար յստակ նպատակ կամ նպատակներ դրած կ՚ըլլայ իր դիմաց, ինչին համար ամբողջ այս ընթացքին կ՚աշխատի:
Մէկ նպատակ ըլլայ կամ մի քանի նպատակներ ըլլան, եթէ մարդ սէրը այդ նպատակներուն մէջ դրած իսկ չըլլայ, ապա սէրը այդ նպատակներուն թագը կը դառնայ, որովհետեւ ճշմարիտ պահեցողութիւնը մարդս կը զարդարէ սիրով, սէր՝ Աստուծոյ նկատմամբ եւ սէր՝ իր նմանին նկատմամբ:
Մարդ երբ ինքզինք կը ճնշէ ֆիզիքապէս, նպատակ ունենալով հոգին զսպել, կրթել, դաստիարակել ու հոգեւոր կեանքի մէջ աճիլ ու յառաջանալ, ապա անպայմանօրէն կը սկսի աշխարհին, ինքն իրեն, իր շրջապատին եւ Աստուծոյ նայիլ այլ ակնոցով, սիրոյ ակնոցով: Եթէ հոգեւոր կեանքին մէջ յառաջընթաց ունենայ՝ հասնելով իր նպատակներուն, ապա իր սէրը կ՚աճի Աստուծոյ նկատմամբ, որ իրեն պէտք եղած իմաստութիւնը շնորհեց, կարենալ իրագործելու իր նպատակները: Նոյն այդ աճը մարդու աչքերը կը բանայ իր նմանին մէջ զԱստուած տեսնելու եւ սիրելու զայն՝ հակառակ իր բոլոր թերութիւններուն եւ իր նկատմամբ ունեցած հակառակութեան, որովհետեւ Աստուծոյ պատկերը այդ բոլոր բաներէն վեր կը նկատէ:
Պահքը, հետեւաբար, առիթ կու տայ մարդուն նորովի տեսնելու ինքզինք, իր ապրած կեանքը, իր յարաբերութիւնները՝ Աստուծոյ եւ իր նմաններուն հանէպ:
Իսկ հիմա եկէք հարցնենք, թէ ի՞նչ է սէրը: Բնականաբար, այստեղ սէր երբ կ՚ըսենք, նկատի չունինք աշխարհիկ կամ մարդկային չոր ու ցամաք սէրը, որ ընդհանրապէս զգացմունքային է եւ խորք չունի: Այստեղ նշուած սէրը՝ աստուածային է, գերբնական է, որ թոյլ կու տայ մարդուն նոյնիսկ իր թշնամիները սիրել, օրհնել զինք անիծողները, բարիք ընել զինք ատողներուն եւ աղօթել անոնց համար՝ որոնք կը չարչարեն ու կը հալածեն զինք (տե՛ս Մտ Մտ 5.43-48):
Տեսնենք, թէ Եկեղեցւոյ Սրբազան Հայրերը ի՛նչ կ՚ըսեն սիրոյ մասին:
* Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ
- Սէրը իրերու բնոյթը կը փոխէ եւ բոլոր բարիքներով օգնութեան կը հասնի. անիկա բոլոր մայրերէն աւելի սիրալիր է. բոլոր թագուհիներէն աւելի հարուստ է եւ բոլոր դժուարութիւնները դիւրին եւ յարմար կը դարձնէ, բոլոր առաքինութիւնները մեզի հրապուրիչ ընելով, իսկ արատները՝ շատ անհաճելի:
- Հաւատքը մեզի կը յայտնէ այն՝ ինչ ճշմարիտ է։ Անկեղծ հաւատքէն սէր կը ծնի, որովհետեւ ան որ իսկապէս Արարիչին կը հաւատայ, երբեք չի՛ համաձայնիր ՍԷՐԷՆ հեռանալ:
* Սուրբ Եփրեմ Ասորի
Դժբախտ ու խղճալի է ան, որ հեռու է սէրէն։ Ան իր օրերը նիրհած զառանցանքով կ՚անցընէ։ Եւ ո՞վ չի՛ լար այն մարդուն համար, որ Աստուծմէ հեռու է, զուրկ է լոյսէն եւ խաւարին մէջ կ՚ապրի։ Ուստի, կ՚ըսեմ ձեզի, եղբայրներ, անոր մէջ որ Քրստոսի սէրը չկայ, այդպիսին՝ Քրիստոսի թշնամին է:
* Սուրբ Օգոստինոս
- Սէրը ջինջ բառ մըն է: Իսկ անկէ աւելի ջինջը՝ անով աշխատիլն է:
- Չկայ մէկը որ չի սիրեր: Սակայն հարցումը այն է, ի՞նչ կը սիրենք:
* Սուրբ Գրիգոր Նիւսացի
Մարդկային բնութիւնը աստուածային սիրոյ գերառատութիւնը չի՛ կրնար արտայայտել։ Այդ իսկ պատճառով, (աստուածային սէրը) իրեն համար այնպիսի խորհրդանշան մը կ՚ընտրէ, որ մեր մէջ գործող կիրքերէն ամենէն հզօրն է, նկատի ունիմ՝ սիրոյ կիրքը, որպէսզի այդպիսով սորվինք, որ ով որ իր հայեացքը աստուածային բնութեան գեղեցկութեան վրայ կը սեւեռէ, պէտք է այնպէս սիրահարուած ըլլայ անոր, ինչպէս մարմինը կը սիրահարուի այն բանին, ինչը իրեն նմանակից է, կիրքը ազատ բերկրանքի փոխակերպելով, այնպէս՝ որ մեր հոգին «էրոսի կերպով» մեր մէջ այրուի մի միայն Հոգիի բոցով:
* Սուրբ Յովհան Մանդակունի Հայրապետ
Սէրը Երկինքի Արքայութեան բանալին է եւ յաւիտենական կեանքի ճանապարհը:
* Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի
Ընկերոջ հանդէպ սէրը ճամբա՛յ կ՚ըլլայ եւ Աստուծոյ սիրոյն կը տանի մեզ։ Երբ մեր ընկերը կը սիրենք՝ կը սորվինք նաեւ զԱստուած սիրել:
* Սարգիս Շնորհալի Վարդապետ
Պէտք է սիրես քեզ անպատուողը։ Մէկ անգամ զայրանալովդ սիրոյ բարիքը մի՛ կորսնցներ, որովհետեւ դիւրին է այդ մէկը. լաւ է բարկութիւնը սանձել, քան՝ Աստուծոյ սէրէն զրկուիլ։ Ան մէկ անգամ անպատուեց, սակայն Աստուած քեզ բազմաթիւ անգամներ կը պատուէ. արդ, ո՞րն է աւելի նախընտրելի, մէկ անգամուան պատճառով բոլոր պատիւդ կորսնցնե՞լը, թէ՝ համբերութեամբ կրկնապատիկը ստանալը:
* Գէորգ Զ. Չէօրեքճեան Կաթողիկոս
- Մեր կեանքի դաւանանքը պէտք է ըլլայ տանջանքին մէջ սէր որոնելը. չէ՞ որ սիրել կը նշանակէ իր անձը մոռնալ. նմանապէս տանջուիլ կը նշանակէ իր անձը մոռնալ։ Անձի մոռացութիւնն է, որ մեզ ընդունակ կը դարձնէ ե՛ւ սիրելու, ե՛ւ տանջուելու:
- Ի՞նչ է սէրը, եթէ ոչ տանջանքին վրայ տարած յաղթանակ. երբ ոեւէ մէկուն վիշտը, տանջանքը կը թեթեւցնես, դուն ո՛չ միայն սէրդ կ՚արտայայտես անոր նկատմամբ, այլ՝ անոր սիրոյ առարկան կը դառնաս։ Իսկ երբ ուրիշներուն տանջանքները թեթեւցնելու համար անձդ չե՛ս խնայեր, դուն կը դառնաս անոնց սիրոյ կուռքը, անոնց աստուածը:
* Գարեգին Ա. Սարգիսեան Կաթողիկոս
- Երրորդութեան երեք անձերու միասնական բնութիւնն է Սէրը. «Զի Աստուած Սէր է»: Ահա գաղտնի բանալին Քրիստոսի մարդեղութեան խորհուրդին: Պարզ ու վճիտ: Ուրիշ խօսք աւելորդ է եւ անհարկի: Որովհետեւ տիեզերքի ստեղծագործութեան ուժը Սէ՛րն է: Մարդու կեանքի երջանկութեան աղբիւրը Սէ՛րն է: Սէրը՝ որ կեանքով ու գործով կ՚արտայայտուի, ծառայութեամբ ու բարիքով կը մարմնանայ եւ ի հարկին՝ խաչով կը կնքուի:
- Իրար սիրել՝ կը նշանակէ իրարու օգնել, իրարու զօրավիգ կանգնիլ, իրարու ծառայել:
* Շնուտա Գ. Հայրապետ
- Ամէն անգամ երբ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ՝ կը յիշենք Անոր բարերարութիւնները: Ամէն անգամ որ յիշենք Անոր բարերարութիւնները, կը զգանք ու վստահ կ՚ըլլանք Անոր մեզ սիրելուն: Ամէն անգամ որ վստահ ըլլանք Անոր սէրէն, մեր եւ Անոր միջեւ եղող կապը ա՛լ աւելի կ՚աւելնայ:
- Սուրբ Հոգիին պտուղները եւ անոնց առաջինը սէրը, անհրաժեշտ են քու հոգիիդ փրկութեան համար, մինչ՝ գերբնական պարգեւները անհրաժեշտ չեն փրկութեանդ համար: Շատեր պարգեւներ ստացան ու հրաշքներ գործեցին, եւ՝ կորուստի մատնուեցան….: [Յովհաննէս] Մկրտիչի մասին ըսուած է, թէ՝ «կիներէ ծնածներէն իրմէ աւելի մեծը չկայ» (տե՛ս Մտ 11.11). ըսուած է նաեւ իր մասին, թէ՝ «ո՛չ մէկ հրաշք գործած է» (Յհ 10.41):
- Երկրի մէջ սէր տնկէ, երկիրը երկինք կը դառնայ: Սէրը արմատախիլ ըրէ՛ երկրէն, երկիրը գերեզմանի կը վերածուի:
- Մարդիկ օրէնքին չեն դիմեր, բացի երբ իրենց մէջէն սէրը վերանայ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ