ԱՆՑՆԵԼՈՎ ՃԱՆԱՊԱՐՀՆԵՐԸ

Ամերիկահայ մեծանուն գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի ստեղծագործութիւնները վերջերս Երեւանի մէջ առիթ դարձան՝ իր մեծ վաստակին տեսակէտէ յիշողութեան թարմացման։ Երեւանի «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանէն ներս կազմակերպուած՝ «Սարոյեանական գոյներ. բառերէն անդին» միջազգային ցուցահանդէսը արժանացաւ մեծ հետաքրքրութեան։ Շուրջ վեց ամիս բաց մնացած ցուցահանդէսի արձագանգները տակաւ կը շարունակուին՝ մանաւանդ, որ այս նախաձեռնութեան շնորհիւ Երեւանի մէջ մշտական հետքեր մնացին։ Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «Ուիլիըմ Սարոյեան» հիմնադրամի համագործակցութեամբ կազմակերպուած ցուցահանդէսի ծիրէն ներս ներկայացուած էին Ուիլիըմ Սարոյեանի աւելի քան հարիւր նկարչական ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ գրողի հեծանիւը, զոր օգտագործած էր հայրենիքը ճանապարհներով անցնելու ժամանակ։ Ցուցահանդէսի եզրափակման զուգահեռ՝ համանուն հիմնադրամը Ուիլիըմ Սարոյեանի ստեղծագործած նկարներէն մին նուիրեց Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին, իսկ մէկ ուրիշը՝ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին։ Ցուցահանդէսի փակման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ Սարոյանի հեծանիւն ալ նուիրուած է Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին։

Թէեւ այս ցուցահանդէսը արդէն եզրափակուած է, Սարոյեանի ստեղծագործութիւնները ԱՄՆ վերադարձած են, սակայն, համանուն հիմնադրամն ու թանգարանը կնքած են համագործակցութեան յուշագիր մը, որու հիման վրայ գրողի վերաբերեալ նախաձեռնութիւնները պիտի դառնան ամենամեայ։ Թանգարանը ամէն տարի Ուիլիըմ Սարոյեանը պիտի ծանօթացնէ իւրօրինակ տեսանկիւնէ մը՝ որպէս գրող, որպէս հայ կամ որպէս նկարիչ։

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան համոզուած է, թէ այս համագործակցութիւնը կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն, որովհետեւ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ Ուիլիըմ Սարոյեանը տարբեր տեսանկիւններէ տեսանելի դարձնելու առումով։

«Ուիլիըմ Սարոյեան» հիմնադրամի նախագահ Սքոթ Սեդրակեան յիշեցուց, որ Սարոյեան թէեւ եղած է հայախօս, սակայն, հայերէն չէ գրած։ Ուստի, ցուցահանդէսի ծիրէն ներս ներկայացուած գործերէն մին եղած է շատ խորհրդանշական։ Խօսքը կը վերաբերի այն դրուագին, ուր Սարոյեան փորձած է պատկերել հայերէն այբուբենը։

Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէնուհի Սուզաննա Խոճամիրեան նշեց, որ Ուիլիըմ Սարոյեան նկարչական աշխատանքներու զգալի մասը արտադրած է գրական ստեղծագործութիւններուն զուգընթաց եւ անոնց մէջ կ՚արտացոլուին իր ամենաանկեղծ ու խոր ապրումները։

Ցուցահանդէսի եզրափակիչ փուլին, թանգարանէն ներս ամփոփուեցան նաեւ այս նախաձեռնութեան ծիրին մէջ կազմակերպուած մանկական մրցոյթի արդիւնքները։

Հինգշաբթի, Մարտ 26, 2026