ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Թաքսիմ մարզակումբի նորընտիր վարչութեան ատենապետ Ալէն Պաղն ու գործակից ընկերները։ Ծանօթ է, որ նախօրէին տեղի ունեցած համագումարի արդիւնքով՝ Ալէն Պաղ եւ ընկերները իրաւունք շահեցան ստանձնելու մարզակումբի ղեկը։ Անոնք յայտնեցին, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այցելութեան փութացած էին ընտրուելէ անմիջապէս վերջ՝ իրենց գործունէութեան առաջին քայլափոխին ստանալու համար իր օրհնութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը ջերմօրէն շնորհաւորեց նորընտիր վարչայինները՝ մաղթելով, որ անոնք արգասաբեր գործունէութիւն ծաւալեն մեր համայնքի մարզասէր երիտասարդներուն ի նպաստ։

Միւս կողմէ, Թաքսիմի նորընտիր վարչութիւնը գումարեց նաեւ իր անդրանիկ ժողովը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 2, 2026