ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
Այսօր Աւագ ուրբաթ է: Աւագ ուրբաթը Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ամենէն սրբազնագոյն, նուիրական եւ միաժամանակ ամենէն ծանր եւ լուռ օրն է: Այս օրուան ընթացքին է, որ մեր Տէրը ձերբակալուած, դատապարտուած, չարչարուած, խաչուած, մահացած ու թաղուած է: Աւագ ուրբաթ օրը ծանօթ է նաեւ «Յիշատակ չարչարանաց, բաչելութեան եւ թաղման Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի» անունով:
Աւագ ուրբաթ օրը կը խորհրդանշէ ստեղծագործութեան վեցերորդ օրը եւ վեցերորդ ժամանակաշրջանին պատկերն է, երբ Ամենաբարին Աստուած Իր պատկերով եւ նմանութեամբ հողէն ստեղծեց Ադամը, անոր կողէն՝ Եւան եւ զանոնք դը-րախտին մէջ դրաւ:
Աւագ ուրբաթ օրը տարուան միակ օրն է, որու ընթացքին կարելի չէ՛ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցել, որովհետեւ մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս Ի՛նք պատարագուեցաւ ու կը պատարագուի խաչին վրայ:
Շնորհք արք. Գալուստեանը Աւագ ուրբաթ օրուան մասին կը գրէ.
«Աւագ ուրբաթը Աստուծոյ անսահման սիրոյ եւ մարդոց անյատակ ապերախտութեան գերագոյն փաստն է:
ՕՐԸ՝
Յիսուսի մատնութեան եւ մարդ արարածի վատութեան:
Քրիստոսի չարչարանքներուն եւ մարդ արարածի չարութեան:
Անմեղին դատապարտութեան, մեղաւորին՝ փրկութեան:
Անոր խաչելութեան, մեր՝ ազատագրումին:
Անմահին մահանալուն, մահկանացուին՝ անմահութեան:
Լոյսի թաղումին, խաւարներու՝ յարութեան» («Աւագ շաբաթ», Թեհրան, 2005, էջ 202):
Եսայի քահանայ Արթենեանը հետեւեալ պատասխանը տուած է այս հարցումին.
-Այս օրը [Աւագ ուրբաթ] նաեւ Թաղման Կարգը կը կատարուի: Քրիստոս ե՞րբ կը մահանայ մեր հոգիներուն մէջ:
Պատասխան. Քրիստոս մեր մէջ կը մահանայ, երբ կը հրաժարինք Իրմէ, կը հրաժարինք հետեւիլ Իր օրինակին, ապրիլ Քրիստոսի պատուիրաններով: Երբ սէրը կը նուազի ու կը մարի մեզմէ իւրաքանչիւրին կեանքէն ներս, Քրիստոս մեր մէջ եւս կը մահանայ: Այդ մէկը չարտօնելու ամենէն կարեւոր պայմանն ու պատգամը այն սէրն է, որով Քրիստոս զոհաբերուեցաւ եւ Իր կեանքը տուաւ մեր փրկութեան համար: Որպէսզի կարենանք Քրիստոսի կենդանի օրինակը եւ ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ պահպանել, պէտք է ապրինք այն սիրով, որ Քրիստոս ձգած է մեզմէ իւրաքանչիւրին իբրեւ օրինակ:
ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ - ՃՐԱԳԱԼՈՅՑ
Վաղը Աւագ շաբաթ է: Աւագ շաբաթ օրը հանգստեան օր է Տիրոջ մարմինին եւ Անոր աշակերտներուն համար, որոնք տակաւին չէին հասկցած կատարուածը եւ շփոթի ու վախի մատնուած էին:
Աւագ շաբաթ օրը կը խորհրդանշէ ստեղծագործութեան եօթներորդ օրը եւ եօթներորդ ժամանակաշրջանին պատկերն է, երբ Աստուած հանգստացաւ Իր բոլոր գործերէն: Անցնող օրերերը Աստուած պատուեց արարելով աշխարհը, իսկ այս օրը պատուեց օրհնութեամբ եւ սրբութեամբ:
Աւագ շաբաթ Առաւօտեան ժամերգութիւն կը կատարուի, իսկ երեկոյեան ալ Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագ կը մատուցուի: Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագով կ՚եզրափակուի Տէր Յիսուսի չարչարաքներուն, խաչելութեան եւ թաղման շաբաթը եւ Անոր Հրաշափառ Յարութեան աւետիսը կը տրուի: Այս աւետիսով ալ կ՚աւարտի Մեծ պահքը:
Սահակ քահանայ Տէր-Սարգսեան Տէր Յիսուսի թաղումին եւ յարութեան մասին կը գրէ.
«Մեռաւ՝ անօրէններուն հետ խաչակից ըլլալով, սակայն հարուստին հարուստ գերեզմանին մէջ թաղուեցաւ՝ հարուստներու եւ իշխաններու ձեռքով, ժայռափոր նոր գերեզմանի մէջ՝ սուրբ կտաւներով, խունկերով, զմուռսներով եւ հալուէներով պատանգուելով, Նիկոդեմոս իշխանէն եւ Յովսէփ նախարարէն (Յհ 19.38-42: Մր 15.42-46: Ղկ 23.50-53), եւ շատ մեծազօր իշխաններու եւ իշխանազուններու նման, իր գերեզմանին շուրջ պահակ զինուորներ դրին (Մտ 27.62-66). հարուստին հետ եղաւ, մարգարէին ըսածին համաձայն (Ես 53.9):
Իշխանաբար յարութիւն առաւ երրորդ օրը՝ Աստուածահրաշ սքանչելիքներով. «Որպէս առաջին օրինակ մեռելներու յարութեան» (Ա. Կր 15.20). այն օրը, երբ ցորենի երախայրիքը նուէր կը մատուցէին տաճարին (Ելք 23.16). եւ Իր հետ յարութիւն առին բազմաթիւ սուրբ ննջեցեալներու մարմինները, եւ Սուրբ քաղաքը՝ Երուսաղէմ մտնելով շատերու երեւցան (Մտ 27.52-53)»:
Զարեհ արք. Ազնաւորեան կը գրէ. «Քրիստոսի յարութիւնը մեր մէջ ոտքի կը կանգնեցնէ հարազատ մարդը, քրիստոնեա՛յ մարդը, որ Աստուծոյ նմանելու եւ մարդոց նուիրուելու եւ ծառայելու կոչուած մարդն է, որ կ՚ապրի Տիրոջ եւ Անոր մարմինը կազմող Եկեղեցիին համար, եւ Քրիստոսի ընդմէջէն՝ բոլո՛ր մարդոց համար:
Այդպիսին ըլլալու կը կոչէ մեզ այսօր Քրիստոս, իբրեւ Իր հրաշափառ Սուրբ Յարութեան լոյսէն վառած ճրագներ, որպէսզի Իր փառքը ճառագայթենք մեր վարմունքով, գործով ու խօսքով, որովհետեւ նորոգուած մարդուն, “նոր ստեղծուած” կամ “նոր արարած” դարձած մարդուն “պարտականութիւնն է քարոզել զօրութիւնը Անոր, որ մեզ խաւարէն Իր սքանչելի լոյսին կանչեց” (Ա. Պտ 2.9):
Եւ այն ատեն մեր ամբողջ կեանքը կը վերածուի՝ հաւատքի եւ կենդանութեան լուսաշող առաւօտի, նոր կեանքի եւ յարութեան անա՛նց առաւօտի»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
