ԸՍՏ ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒԻ՝ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԸ ԴԱՐՁԱԾ Է ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ, ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԱԾՔ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասի մէջ այժմ բոլորովին նոր իրավիճակ մը ստեղծուած է։

Երէկ, Իլհամ Ալիեւ այցելեց Թիֆլիզ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Այսպէս, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի կառավարութիւններու անդամները ընդլայնուած կազմով ժողով մը գումարեցին։ Օրուան տեւողութեան Վրաստանի նախագահ Միխէյիլ Քաւելաշվիլի եւ վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէ առանձնազրոյցներ ալ ունեցան Իլհամ Ալիեւի հետ։ Բարձր մակարդակի այս շփումներուն առթիւ յայտարարուեցաւ, որ Թիֆլիզ-Պաքու յարաբերութիւնները վստահօրէն կը զարգանան։

Իրակլի Քոպախիծէ երէկուան բանակցութիւններուն առթիւ ողջունեց Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացը։

Իր կարգին, Իլհամ Ալիեւ նշեց, որ Հարաւային Կովկասը այսօր կը դառնայ խաղաղութեան, հանգստութեան, անվտանգութեան եւ համագործակցութեան տարածք մը։ Ան ցաւ յայտնեց աշխարհի զանազան տարածաշրջաններէն ներս ծագած պատերազմներուն համար։ Ալիեւի խօսքով՝ մինչեւ մօտաւոր անցեալը Հարաւային Կովկասի պարագան ալ նոյնանման էր։ Այժմ, երբ այդ կացութիւնը փոխուած է, ըստ Ալիեւի՝ Հարաւային Կովկասի երկիրները պէտք է անպայման օգտագործեն տարածաշրջանի նոր վիճակը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2026