ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՅՈՅՍԵՐ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ հաստատուեցաւ երկու շաբթուան հրադադար մը։ Շուրջ ամիս մըն է կը շարունակուի Իրանի դէմ պատերազմը՝ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի կողմէ։ Համայն աշխարհ չափազանց մտահոգ էր այս ծանր պատերազմի ծայրայեղ դրսեւորումներէն եւ հետեւանքներու ահագնացումէն։ Ստեղծուած մթնոլորտին մէջ, Փաքիստանի միջնորդական ջանքերով, մետասաներորդ պահուն ապահովուեցաւ այս երկշաբաթեայ հրադադարը։ Արդարեւ, ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ ժամկէտ մը սահմանած էր՝ «Իրանը ոչնչացնելու համար»։ Այդ ժամկէտի լրանալէն շատ կարճ ժամանակ առաջ, Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շերիֆ ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը տեղեկացուց, որ ԱՄՆ եւ Իրան համաձայնութեան հասած են հրադադարի մասին։ Լուրը հաստատուեցաւ նաեւ թէ՛ ԱՄՆ-ի եւ թէ Իրանի կողմէ։

Շահպազ Շերիֆ տեղեկացուց նաեւ, որ այս ուրբաթ Իսլամապատի մէջ բանակցութիւններու համար պիտի մէկտեղուին Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի ներկայացուցիչները։

Այժմ, այս իրադարձութիւնով որոշ չափով վերակենդանացած են խաղաղութեան յոյսերը, սակայն, կացութիւնը այնքան ծանրակշիռ է, որ ամբողջ աշխարհ լարուածութեամբ կը սպասէ իրադարձութիւններու շարունակութեան։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2026