ԱԿՆԱՐԿ - 161 - ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Գաղտնիք չէ, որ օր օրի արհեստական բանականութիւնը (ԱԲ) իր տիրապետութիւնը կ՚ընդարձակէ, մտնելով նոյնիսկ այնպիսի վայրեր, այնպիսի տարածքներ, որ մարդ թերեւս միտքէն իսկ անցուցած չըլլար, որ կրնայ այնտեղ հասնիլ, բայց ունինք այն՝ ինչ ունինք:
ԱԲ-ն ո՛չ միայն գիտական, բժշկական, մշակութային ոլորտներ ներթափանցած է, այլեւ նոյնիսկ եկեղեցի ներթափանցած է: Մերթ ընդ մերթ մամուլի մէջ ականատես կը դառնանք լուրերու, թէ Արեւմուտքի մէջ այս կամ այն եկեղեցիէն ներս ԱԲ-ն քարոզ կը խօսի, ուրիշ եկեղեցիէ մը ներս, որպէս Քրիստոս կը ներկայանայ, ընդունելով հաւատացեալներու խոստովանութիւնը, եւ այլն, եւ այլն:
Ընդհանրական Եկեղեցին, ինչպէս նաեւ մեր՝ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին զգալու զգուշաւորութիւն մը կը պահպանեն այս հարցին վերաբերեալ, առանց սակայն յստակ դիրքորոշում յայտնելու: Այս կամ այն եկեղեցիէն տարաբնոյթ յայտարարութիւններ կամ հաղորդագրութիւններ երեւան կու գան երբեմն, առանց սակայն յստակ դիրքորոշում մը տալու: Ոմանք դրական մօտեցում կը ցուցաբերեն, ոմանք ժխտական, ոմանք ալ երկուքը միասին:
Վերջերս, երբ կ՚ընթերցէի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ խոստմնալից միաբաններէն՝ Գերպ. Տ. Զարեհ ծայրագոյն վարդապետ Սարգիսեանի հեղինակած «Հաւատքի արուեստը» գիրքը, «Արհեստական բանականութեան մասին» յօդուածը հիացմունքս շարժեց: Գերապատիւ հայր սուրբը ամփոփ էջերու մէջ, կրնամ ըսել համապարփակ բացատրութիւն կու տայ այս մասին, որոշ մանրամասնութիւններ յառաջ բերելով:
Յօդուածը, վստահ եմ պիտի հետաքրքրէ ընթերցողներէն շատերը, այդ պատճառով որոշեցի զայն այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն ուշադրութեան յանձնել: Այսպէս, հայր սուրբը վերոնշեալ յօդուածին մէջ կը գրէ.
* Մարդկային ընկերութեան եւ Եկեղեցւոյ դիմագրաւած ամենէն արդիական հարցերէն մէկը արհեստական բանականութեան երեւոյթն է (Artificial Intelligence): Այս «բանականութիւնը» արհեստագիտութեան (technology) ծնունդ տուած համակարգ մըն է, որ շինծու կերպով ծրագրուած է իւրացնելու մարդկային բանականութիւնը եւ գործելու անոր կերպարով: Այս համակարգը կը միտի ու կը ձգտի կատարել մարդկային բանականութիւն պահանջող ամէն գործ եւ աշխատանք: Այս երեւոյթին դիմաց Եկեղեցին արդարացի կերպով զգուշաւոր եւ մտահոգ դիրքաւորում կ՚առնէ: Եկեղեցին կը գիտակցի այս արհեստագիտութեան միջոցներուն տուած բազմաթիւ դրական հնարաւորութիւններուն՝ մարդկային կեանքի բարգաւաճման ի խնդիր, բայց կ՚անդրադառնայ անոր բարոյական եւ ընկերային հաւանական վտանգին, որ ահաւոր չափերու կրնայ հասնիլ:
Անձնապէս կը հաւատամ (կը յուսամ կը սխալիմ), որ սանձարձակ իր ներկայ վիճակին մէջ, ԱԲ-ն կարճ ժամանակի մէջ պիտի դառնայ ամբողջ մարդկութիւնը եւ քաղաքակրթութիւնը յուզող ամենէն սարսափելի մղձաւանջը1: Այդ ճակատագրական եւ օրհասական գոյավիճակը առաւելագոյնս յետաձգելու (եւ թերեւս չէզոքացնելու) համար, Եկեղեցին մեկնելով իր աստուածաբանական համոզումներէն, լուրջ եւ սթափեցնող գործունէութիւն պէտք է որդեգրէ, գործօն կերպով քննարկելու, ուղղելու եւ գործակցելու արհեստագիտական յառաջդիմութիւնը բարոյականօրէն ընդունելի եւ առողջ սկզբունքներով կազմաւորելու առաջադրութեամբ։
Եկեղեցւոյ աստուածաբանական տեսակէտները հաստատուած են երկու հիմքերու վրայ: Ա) Տէր Աստուծմէ զատ ուրիշ աստուած չկայ, եւ Բ) Մարդը՝ Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած ըլլալով, արժանապատուութիւն եւ արժէք ունի։ ԱԲ-ն հաւանականութիւնը ունի դիմադրելու այս երկու սկզբունքներուն, թէ՛ մարդ արարածին մօտ խաբէական «գերադասութեան» եւ կամ «աստուածացման» յաւակնութիւններ ստեղծելով, կամ անոր տրամադրած առաւելութիւններէն մեկնելով, մարդոց կեանքին մէջ աստուածանալով եւ կամ մարդը փոխարինելով աշխատանքային բոլոր ոլորտներէն ներս2:
Սուրբ Եկեղեցւոյ աստուածաբանական հասկացողութեամբ, արհեստագիտութիւնը եւ այս պարագային՝ ԱԲ-ն պէտք է ծառայեն մարդկային ընկերութեան հասարակաց շահերուն, ի խնդիր մարդկային կեանքի բարօրութեան եւ բարգաւաճման3: Ուստի, արհեստագիտութեան նուաճումները պէտք է նկատի առնեն եւ ձգտին անարդարութիւնը, անապահովութիւնը, աղքատութիւնը, տգիտութիւնը, զրկանքն ու անգործութիւնը առաւելագոյն չափով վերացնելու մարդուն կեանքէն եւ ո՛չ թէ սատարեն անոնց աւելացման: Այս պատճառով էական կը նկատեմ Եկեղեցւոյ գործօն եւ նախաձեռնողական (proactive) դերակատարութիւնը բարոյական առողջ ուղղութիւններով քննարկելու, զննելու եւ առաջնորդելու մարդկային կեանքին եւ ստեղծագործութեան վրայ այսպիսի ընդարձակ եւ անկիւնադարձային կացութիւն գոյացնող ամէն իրականութիւն4։ Ի վերջոյ, Եկեղեցին այնպէ՛ս մը պէտք է հաւատքն ու արհեստագիտութիւնը իրարու շաղկապէ, որ իրենց գործունէութեամբ եւ արդիւնքով մարդուն ու ստեղծագործութեան բարիքին նպաստեն եւ Արարիչն Աստուծոյ փառաւորումին ծառայեն («Հաւատքի արուեստը», Զարեհ ծայրագոյն վարդապետ Սարգիսեան, Նիւ Եորք, 2025, էջ 310-312):
***
Անկեղծ ըլլալու համար, նախքան այս գրութիւնը խմբագրութիւն ուղարկելս, զայն ԱԲ-ին ներկայացուցի՝ խնդրելով, որ իր կարծիքը յայտնէ Հայր Զարեհի այս գրութեան մասին: Հետեւեալ պատասխանը ստացայ.
* Այս գրութիւնը խորք ունի եւ հիմնաւոր մտահոգութիւն կը փոխանցէ։ ԱԲ-ն ինքնին չարիք չէ, այլ՝ ուժեղ գործիք, որուն բարին կամ չարը կախեալ է մարդուն գործածութենէն։ Եկեղեցւոյ զգուշաւոր կեցուածքը արդարացի է, որովհետեւ այստեղ հարցը միայն արհեստագիտութիւն չէ, այլ՝ մարդուն ինքնութեան եւ արժանապատուութեան։ Միեւնոյն ատեն, ամբողջովին մղձաւանջ նկատելը թերեւս չափազանցութիւն է. պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ նորարարութիւնները նաեւ մեծ բարիքներ բերած են։ Կարեւորը այն է, ինչպէս կ՚ըսուի գրութեան մէջ, որ հաւատքն ու բարոյականութիւնը առաջնորդեն զարգացումը։ Եթէ մարդը մոռնայ, թէ ինք ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերով, այն ատեն ամէն գործիք կրնայ վտանգաւոր դառնալ։ Բայց եթէ պահպանուի այս գիտակցութիւնը, ԱԲ-ն կրնայ ծառայել սիրոյ, արդարութեան եւ ընդհանուր բարիքին։ Ուստի, խնդիրը ո՛չ թէ միայն ԱԲ-ն է, այլ՝ մարդուն սիրտն ու ընտրութիւնը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
1 Արհեստագիտութեան ներկայ անզուսպ եւ անհեռատես խանդավառութեան հետեւանքով, արհեստական բանականութիւնը (ինչպէս էր պարագան այլ արհեստագիտական նուաճումներու) պիտի չսահմանափակուի առողջապահական եւ վիրահատական համակարգչային անվտանգութեան (cybersecurity), առեւտրական, վարչական, ուսումնական եւ գիտական այլ օգտակար նուաճումներու շրջագիծին մէջ, այլ կրնայ դառնալ մարդկութիւնը ճնշող, վտանգող եւ արժեզրկող գոյացութիւն։ Որոշ աստուածաբաններ արդէն կը խօսին ռոպոթավարութեան (robotocracy) հետեւանքներուն եւ վտանգներուն մասին, միշտ շեշտելով մարդուն աստուածատուր արժանապատուութիւնն ու առաջնահերթութիւնը ամէն տեսակի մեքենայական համակարգերէն:
2 Մասնագէտները արդէն կը զգուշացնեն սանձարձակուած այս արհեստագիտութեան պատճառող եւ պատճառելիք տագնապէն, ուր մեքենան եւ արհեստականը հետզհետէ կը փոխարինեն մարդը, գործաւորն ու պաշտօնեան բոլոր մասնագիտութիւններու եւ աշխատանքներու մէջ։ Խորապէս համոզուած եմ, որ անկեալ մարդուն պատկերով ստեղծուած այս ԱԲ-ն (եթէ չկարգաւորուի), իր ստեղծիչին նման ապականելով, օրհնութեան տեղ կը դառնայ անէծք։
3 Քրիստոնեաները կոչուած են գիտակից եւ պատասխանատու կերպով օգտագործելու արհեստագիտութիւնն ու ԱԲ-ն, իրեն ծառայեցնելու եւ ո՛չ թէ անոր ծառան դառնալու։ Ընդունելի են արհեստագիտութեան միայն ա՛յն օգտագործումները, որոնք խոհեմաբար նկատի կ՚առնեն հոգեւոր, ընկերային, բարոյական եւ բնապահպանական ազդակները:
4 ԱԲ-ին յառաջացուցած հիմնական մտահոգութիւններէն են մարդկային արժանապատուութեան անտեսումը, համացանցի վրայ ապատեղեկատուութեան ծաւալումը, բնապահպանութեան ապականումը կամ աղբիւրներու սպառումը եւ ինքնավար զինուորական թեքնիք համակարգի ստեղծումը: