ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ

Երէկ, Ֆէրիգիւղի ընտանիքի ներկայացուցիչները ոգեկոչեցին՝ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի բարեյիշատակ հիմնադիր՝ հոգելոյս Զենոբ էֆէնտի Մէրամէթճեանի յիշատակը։ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ հոգեհանգստեան կարգ տեղի ունեցաւ՝ լուսահոգի բարերարի շիրմին գլուխը՝ ձեռամբ Տ. Կորիւն աւ. քհնյ. Ֆէնէրճեանի։ Ոգեկոչման արարողութեան ներկայ էին նաեւ դպրոցէն խումբ մը աշակերտներ։

Շաբաթ, Ապրիլ 11, 2026