ԴԱՐՁԵԱԼ ՀԻՆ ԵՒ ՆՈՐ ՀԱԼԷՊԻ ՈՒ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Մեր խօսակցութիւններուն մէկուն ընթացքին Ռաֆֆի Փոնթիքեան ըսաւ․ «Հալէպի մէջ ամէն ինչ գծուած է քեզի համար եւ ճակատագիրդ յստակ է ու պարզ՝ ծնունդէդ, ամուսնութենէդ մինչեւ վախճան»:
Այո՛, մեր շատ մը զրոյցներու ժամանակ, կարծես դժգոհանք մը կար այդ տեսակի ճակատագրականութեան ձեւէն, բայց, արդէն հեռուէն նոյն այդ ճակատագրականութիւնը բարեմասնական կը թուի: Երբ ճակատագիր կերտողի համոզմամբ ու անկէ բխած քու ընթացքով այդ դրոյթին մէջ կը յայտնուիս, ճակատագիրը փախուստի կը վերածուի՝ ինչքան ալ մեծ ու փոքր դէպքեր, իրադարձութիւններ ու պատահարներ թաւալին, գան ու երթան, ժամանակի հոսքը անդպչելի կը դառնայ վերջ ի վերջոյ, ո՛ւր ալ ըլլաս կամ ո՛ւր որ ծնիս:
Հաւանաբար, Հալէպը այն քաղաքներէն մնացած է, ուր ժամանակը տարբեր տարածում ու ձգտում մը ունի, ինչ որ քուկդ է այնքան, որքան սահմանուած ու գծուած է քեզի համար եւ ուր ինքնին պատմագործութիւնը անձնական բաւարարուածութեան ընդմէջէն չի տոգորուիր, անկախ տիրող քաղաքական ու տնտեսական վարչակազմէն: Դուն քաղաքի մը մէջ ես, ուր եսդ թրծուած է հաւաքականութեամբ մը, որ քաղցրացնող է ու հասու, նաեւ տեղ մըն ալ պարսաւելի ըլլալով՝ պարզեցուած է ու դիւրին, հոսուն է ու գերկռահելի: Սիրոյ արտայայտութիւնները շատ են. թէեւ մարդիկ ամէն տեղ զիրար չեն սիրեր ու մէկզմէկու չեն հանդուրժեր, սակայն, յաւերժաբար կը փնտռեն հաւաքական սէր ու ընդգրկում։ Մարդկային մեծ մարմաջը նոյն այդ համամարդկային սէրը ո՛չ թէ պարզապէս ամենօրեայ կարգով զգալն է, այլեւ բաւարարուիլն է, որ ամէն մէկը այդ սիրոյ կերտիչներէն ու մղիչներէն է:
Հալէպը, մանաւանդ իր հալէպահայութեամբ, ունէր սէր մը, որ յաճախ անկոփ էր ու նախնական, բայց միեւնոյն ատեն բարի էր ու հաւաքագրկող: Հաւանաբար, Հալէպը հայութեան վերահաւաքման ու ազգային խիտ ու ջերմ դարբնոց ու տուն մը դառնալու առաջին փորձը ըրաւ Մեծ եղեռնէն ետք, իր ճամբարներով ու անդրհայկականացած նեղ ու հին փողոցներով: Սփիւռքի մէջ առաջիններէն էր Հալէպը, որ կեթթոն ստեղծեց ու զայն պայծառօրէն արդիւնաւորեց: Կեթթօ մը՝ որ կերտիչ էր, կեթթօ մը՝ որ առաքիչ էր ու ջամբող եւ չունէր թշնամութիւն կամ չարիք, այլ պարզապէս դրոյթ էր ջերմակերտման, ինքնագրկման ու ինքնաբուժման… Հալէպէն սկսաւ նոյնինքն ճանչնալու բարդ ու տքնաջան ներծծումները, աշխարհականացումները, արեւելականացումներն ու արեւմտականացումները (գաղթ դէպի արեւմուտք):
Եւ նոյն այդ կեթթոն ունէր քաղաքակրթական ալ հունտաւորումներ, համամարդկային գորովանքներ, ու ինչքան ալ անոր շրջանցնումը փափաքելի էր (վասն անդրայինին ու ուրիշներու հասանումին), այդ կը մնար սեղմ, խիտ ու տենդագին հաւաքածնութեան էոյթ, ուր եսը այդքան չէր գիտակցած, որ կայ ինքն իրմով, ուր անհատը չէր համակարգացած աշխարհով մէկ, ուր ապաստանացումն ու ներկոչումը հաւաքական ոգեղէն տաքութեան քուրայ էր: Ես ալ հոն կայի՝ այդ կեթթոյին մէջ, եւ երբ անձս կը դիտեմ այդ հեռաւորութեան կտտանքով՝ կը բացուի համաշխարհայնացումը դէմս իբրեւ կեթթոյացած ծաղկում տիեզերքին ի գին, չէ՞ որ մենք բոլորս ապաստանեալներ ենք օրուայ վերջը ու յաւիտենական պապակ մը ունինք ներմարման, ներկերտման, ներտաքացման ու ներփթթման, անշուշտ, մշտապէս տիեզերական հենքաւորմամբ մը կամ նուազագոյնը անոր երազմամբ:
Սփիւռքն ու սփիւռքագործումը իր հայաստանացմամբ ու համամարդկային ալ մակընթացմամբ հոն էր կարծես՝ իմ այդ հալէպեան կեթթոյին մէջ, որ կը թուէր, թէ զիս կը քաշէ դէպի լազուր գիշերուայ մը զովութեան կամ ամառուայ մը տօթակէզ կէսօրուայ հմայքին, զբօսաշրջական ամենավառ կերպարակերտմամբ ու թափառումի շուայտ, բայց, պատկանելիական բոյլերով:
Ելանք ու եղանք շատ տեղեր ու մեզի համար հեքիաթ մը դարձաւ Հայաստանն ալ, որ կարծես ճիշդ նոյն սիրոյ համը չտուաւ, ինչ որ կ՚երազէինք կամ կար նեղ ու ոլորապտոյտ հայկական համարուած Հալէպի թաղերուն մէջ (բնաւ ալ չհայկականացած առանց մեզի):
Ամէն մարդ, հաւանաբար, տեղ մը, պահ մը, առիթով մը կը մտածէ, թէ ուրկէ՞ կու գան իր հակասութիւնները, ո՞վ, ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս սերմանուած են անոնք իր մէջը, կամ գիտականէն ու մարդաբանականէն անդին անոնք ինչպէ՞ս կը ծլին ու կը ծլարձակեն, կը մեծնան ու կը մեծցնեն։ Ի վերջոյ ո՛չ միայն հեկէլեան փիլիսոփայութեամբ հակասական կեանքն իր եղելութիւններով, իրադարձութիւններով ու նոյնիսկ պատահմունքներով հարթեցնելու ջանքի կողքին, զգալու մղուած ենք հակասականութեան յորձանուտը եւ մեր խեղճութիւնները:
Հալէպը իր գլուխը կը ցցէր մէջս հակասութիւններ պարզելով եւ հաւանաբար ամէն տեղերու ու քաղաքներուն պէս, մարտահրաւէրներ կը նետէր ըլլալու ներդաշնակ եւ կանգուն: Յաճախ կը մտածեմ, որ մեր դարը ամենայաջողներէն է նուազագոյն ներդաշնակութիւններ ստեղծելու առումով եւ արդէն կան կայացած ու օրինապահ պետութիւններ ու մէկ-մէկ շօշափելի կը թուի ժողովրդային վիճակն ու կամքը:
-Երբ առաքելութիւնը զգալի չէ բայց այդ կը ներծծուի ինքնեկ կամ ակամայ։
Այս մտքին ընդմէջէն ինծի կը թուէր, թէ Հալէպ մը կայ կամ նուազագոյնը կը փափաքիմ, որ ըլլայ տեղ մը, որպէսզի ես զիս զգամ կանգուն եւ գունառատ: Արեւելեան, անապատային, հայկական, համաշխարհային եւ զբօսաշրջական Հալէպ մը, ուր մահմետականութիւնն ու քրիստոնէութիւնը կը բանաձեւուէին պահ առ պահ եւ արդարօրէն անժամանակ։ Հալէպ մը, ուր միասնութիւն մը կար եսական շերտաւորուածութիւնը ուրախացնող ու առիթացուած ու գեղեցկօրէն կարկտանող։ Հալէպ մը, ուր սէր մը կար անդրաշխարհային ձեւով կորած ու գտնուած կամ գտնուած ու կորած:
Տեղերն ու քաղաքները իրենց հմայքի կողքին, այո, ունին անգտանելի ու հոսուն խորհուրդներ, որոնցմով կը հաղորդուիս ու կ՚ուզես տեւաբար ըմբոշխնել զանոնք։ Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը վերապրումէ ու ծլարձակումէ ետք կը բուրէ Հալէպ, իսկ իմ ու հարազատներուս տուները, սենեակները, իրերն ու բարքերը, յուշերն ու յիշողութիւնները, ծրագիրներն ու կենսագործումները… ո՛չ միայն ուղենշաբար կը սաւառնին մեր հետ համամարդկային կենցաղագործման ու ոգեղինութեան մը մէջ, այլ մեզ այսօր եւ ընդմիշտ կը զարդարեն տխրագին, բայց պայծառ ժպիտով մը:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
•վերջ
Երեւան