ԵԿԷ՛Ք, ՏՈՒՆԸ ՄԱՐԴ ՉԿԱՅ

Վերջերս ինքզինքը «քաղաքական գործիչ» նկատող մտամոլոր երիտասարդ մը փիլիսոփայելէ ետք այլ երիտասարդի մը՝ կ՚ըսէր. «Ծայրայեղականներուն մի՛ հետեւիր շատ…»։ Այո՛, լսուած խօսք է, որ ամէ՛ն բանի ծայրայեղութիւնը վնաս է. մեծագոյն փիլիսոփաներէն Արիստոտել կ՚ըսէ. «Առաքինութիւնը միջինն է երկու ծայրայեղութիւններու»։ Սակայն, ի տարբերութիւն մտամոլոր այս երիտասարդին՝ կը հաւատանք, որ ամէ՛ն ժամանակէ աւելի այսօր ազգովի կարիքը ունինք ծայրայեղականներու, որովհետեւ այնքա՜ն անտարբեր, այնքա՜ն թոյլ հասարակութեան մը տէր դարձանք, որ այսօր հայրենիքը բռնեն տանին՝ դէմ դնող հազիւ թէ գտնուի: Խօսելով ծայրայեղութեան մասին, գուցէ այս մեր ըսածը եւս շատերու համար ծայրայեղ թուի, սակայն, իրականութիւնը կը շարունակէ մնալ իրականութիւն. եկեղեցին հալածեցին՝ մեծամասնութեան կողմէ անտարբերութիւն. Ազգային սահմանադրութեան մէջէն ամենէն կարեւորագոյն կէտերէն մէկը հանդիսացող անկախութիւնը ուզեցին հանել՝ կատարեալ անտարբերութիւն. գողը տուն մը շա՜տ աւելի դիւրին կը գողնայ, երբ անոր բնակիչները երկրէ մը դուրս գտնուին։ Նոյն վիճակը ունի այսօր մեր հայրենիքը. բոլորը անտարբերութեամբ «դուրս»երն են եւ գողերը ազատութեամբ կ՚աւերեն: 

Վանքին մէջ սորվեցուցին, որ մեղքին մեծը կամ փոքրը գոյութիւն չունի. մեղքը իր բոլոր տեսակներուն մէջ մեղք է։ Նոյն տրամաբանութեամբ կը հաւատանք, որ հայրենասիրութեան շատը կամ քիչը գոյութիւն չի կրնար ունենալ. մարդ կա՛մ հայրենասէր է եւ կամ հայրենասէր չէ։ Այս մէկը կը շեշտենք, որովհետեւ շատեր մեր օրերուն հայրենասիրութիւնը «ծայրայեղութիւն» կը նկատեն. շատ մը ազգային սրբազան արժէքներ անտեսուելով դուրս կը բերուին մեր իրականութենէն եւ եթէ յանկարծ անձ մը փորձէ իր բողոքը բարձրացնել՝ մէկէն ի մէկ կը դառնայ ծայրայեղական։ Հայ կուսակցութիւններէն մէկուն նուիրուած աշխատանքի գրկոյքին մէջ կարդացի հետեւեալ տողը. «Ծայրայեղութիւնը, մոլեռանդութիւնը եւ մենատիրական ձգտումները տխուր աւերներ գործած են մեր ժողովուրդի գլխուն»։ Ծայրայեղութիւնը ինչպիսի՞ աւերներ գործած է՝ չեմ գիտեր, սակայն աւելի քան երբեք վստահ եմ, որ անոր հակառակը՝ անտարբերութիւնը, թուլութիւնը գործած է շա՜տ շատ աւելին՝ քան վերոյիշեալները: Ի դիմաց այս անտարբերութեան, շատ աւելի նախընտրելի է ըլլալ ծայրայեղական, ըլլալ հին-գլուխ մարդ՝ քան արդիական ու անտարբեր. մարդ մոռնալով ամէն բան, ձեւով մը կը համակերպի եւ այս մէկը մեր ազգին համար մեծագոյն վնասներէն մէկն է: Անցեալին մարդ իր հայրենիքը կը սիրէր այնքան՝ ինչքան իր սեփական տունը։ Այսօր սակայն այդպէս չէ. այսօր հայրենիքին գլխուն ի՜նչ խաղեր կը խաղան, եկեղեցին կը հալածեն… ո՛չ մէկ ձայն, սակայն, եթէ համարձակիս իր սեփական տան, կամ իր սեփական տարածքը մուտք գործել, մէկէն ի մէկ առիւծ կը դառնան, որովհետեւ իրենց մէջ կ՚իշխէ ԵՍ-ը, որ պատճառ կը դառնայ, որ սեփական շահը աւելի բարձր նկատեն՝ քան հայրենիքինը: Եթէ աղմուկ բարձրացնողը ծայրայեղական է, ապա այլ ծայրայեղութիւն մըն է անտարբեր լռութիւնը եւ պատմութիւնը ամէ՛ն ձեւ կրնար փաստել, որ լռութիւնը շատ աւելի մեծ աղէտներու պատճառ կը դառնայ՝ քան խօսքն ու աղաղակը։ Ծայրայեղականներ կը պայքարին արտաքին թշնամիին դէմ, իսկ թուլամորթերն ալ ներքին կռիւներով ազգը կորուստի կ՚առաջնորդեն: 

Յայտնի գրող եւ մտածող Էտմընտ Պըրք աւելի քան երկու հարիւր տարի առաջ գրած իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կը յայտնէ հետեւեալ իրաւացի միտքը. «Չարին յաղթանակին համար բաւարար է, որ բարի մարդիկ լռեն»։ Նոյն վիճակն է, որ կ՚ապրի մերօրեայ Հայաստանը. Եկեղեցւոյ հալածանքն ու անոր ետին գտնուող եկեղեցին կործանելու հիմնական գաղափարը պիտի իրականանայ ո՛չ թէ որովհետեւ այդ նպատակները հետապնդողները «ճիշդ» ճամբու վրայ են, այլ որովհետեւ հասարակութիւնը կը շարունակէ հանդիսատես մնալ այս բոլորին: Մեր այդ լռութիւնն ու անտարբերութիւնը գողերուն դիմաց գրուած «Տունը մարդ չկայ»ի ցուցանակ մըն է. մարդիկ կը կարծեն լուռ մնալով չէզոք դիրք բռնած կ՚ըլլան. չէզոք ըլլալը առաքինութիւն մըն չէ. աւելի՛ն, տեղ մը նոյնիսկ վնասի կը վերածուի: 

Այս բոլորը կը գրենք, որովհետեւ կը հաւատանք, որ հայրենիք մը լոկ բանակով չի պաշտպանուիր թշնամիներէն։ Բանակին չափ կարեւոր է ժողովուրդին համոզումները, ժողովուրդին դրական իմաստով հայրենասիրական ծայրայեղութիւնը, որովհետեւ ազգի մը համար իր տարած յաղթանակներուն չափ կարեւոր է նաեւ ժողովուրդին կեցուածքը, նկարագիրը: Ներկայ անտարբեր ընկերութիւնը այսօր մնացած մի քանի ծայրայեղականները եւս լռութեան կ՚ուզեն մատնել: 

Որպէս եզրակացութիւն ըսենք. տունը գողերէն փրկելու լաւագոյն ձեւը նախ տունին մէջ գտնուիլն է. երբ տունը բազմանդամ է՝ գողը շատ աւելի վախով կը մօտենայ՝ քան հակառակը: Աշխարհի վրայ գտնուող ամէ՛ն հայ իր տունը փրկելու համար նախ պարտի տուն մտնել, որովհետեւ գողը դուրս բերելու համար տեղ մը նոյնիսկ բռնի ուժի կարիքը կը նկատուի եւ դուրսէն՝ հեռուն նստած գողը տունէն դուրս բերելը եւ աւելի՛ն, դուրս բերելու համար կարծիք յայտնելը՝ անհեթեթութիւն է պարզապէս:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Թերեւս մշակոյթի հանդէպ մեր ունեցած նուիրումն ու սէրն է պատճառը որ կանք այսօր, երբ մեզմէ տասնապատիկ հզօրներ անհետացեր են, պատմութեան մէջ յիշատակում մը կամ անուն մը ձգելով:

Մեր տեղ ո՞վ ըլլար կը դիմանար…:

ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Ապրիլ 11, 2026