ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԿՐԿՆԱԶԱՏԻԿԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԹԱՔՍԻՄԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Երէկ, Նոր կիրակիի առթիւ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան նախագահեց Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուած էր եկեղեցին, ուր հաւատացեալները մասնակցեցան հոգեպարար արարողութիւններու։ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, մօտաւոր անցեալի ի հիմանէ վերանորոգութենէն վերջ, արդէն երկրորդ անգամ նշուեցաւ Կրկնազատիկը, որ կը համարուի այս սրբավայրի տարեկան անուան տօնախմբութիւնը։
Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան։ Ներկայ էին Տ. Գէորգ աւ. քահանայ Չնարեան եւ Տ. Նարեկ քահանայ Տէյիրմենճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Շանթ Էսմէրի։ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը օրուան քարոզին մէջ անդրադարձաւ Կրկնազատկին՝ շեշտը դնելով, որ կիրակին կը համարուի Տէր Յիսուս Քրիստոսին նուիրուած օրը։
Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որով ոգեկոչուեցան եկեղեցւոյ բոլոր սատարողներն ու սպասաւորները։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը սարքեց սիրոյ սեղան մը, որուն եւս նախագահեց Նորին Ամենապատուութիւնը։ Էսաեան վարժարանի ճաշարանին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղանը։ Կրթօճախի յարկէն ներս համախմբուելու հանգամանքը արդէն տարբեր իմաստ մը վերագրեց սիրոյ սեղանին, որու մասնակիցները անմիջական զրոյց ունեցան իրարու միջեւ։