Ի՞ՆՉ ՄՆԱՑ
Ժամանակին, վերջին պատերազմներէն դեռ չքայքայուած սփիւռքի մեր գաղութներուն մէջ կազմակերպուած երեւի բոլո՛ր ձեռնարկներուն սկիզբի բացման խօսքերուն, կամ աւարտի սրտի խօսքերուն մէջ «եռանկիւն»ի մը մասին կը խօսուէր անպայման:
Եթէ առանց յաւելեալ բացատրութեան կարիք զգալու գիտցաք, թէ ո՛ր «եռանկիւն»ին մասին է խօսքը, ուրեմն դուք ալ, ինծի պէս, կը պատկանիք ոսկեայ այն սերունդին, որ ամբողջ պատանեկութիւն ու երիտասարդութիւն մը անցուց սուր ու ամուր, հաւասարակողմ եռանկիւնի մը մէջ:
Բացառիկ չեն երկրաչափական գիտելիքներս, կը խոստովանիմ, բայց գոնէ գիտեմ, որ երկրաչափական ամենակուռ ձեւերէն մէկն է եռանկիւնը, փաստօրէն՝ մեր եռանկիւնը, որուն պատերէն կախուած լոզունգներով շաղախուած կազմուեցանք ու զինուեցանք գալիք որեւէ փորձութեան դիմադրելու…
Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք.
Ահա՛ մեր «Սուրբ եռանկիւնը»:
Հաւասարակողմ ըսի, բայց պէտք է ընդունիլ, որ շրջան առ շրջան երկու կողմերէն մէկը՝ «Հայաստանը» կամ «Արցախը» ա՛նպայման աւելի կ՚երկարէր. Սպիտակի երկրաշարժին, օրինակ, կը յիշեմ, միջնակարգի մեր տեսուչները, ուսուցիչները մեզի ձիւնին տակ անտուն մնացած մանուկներուն մասին պատմեցին: Օրեր շարունակ մինչեւ բերանը լեցուն տոպրակներով դպրոց եկանք բոլորս: Աւելորդ է խօսիլ սփիւռքի բոլոր, իրօ՛ք բոլոր միութիւններուն կազմակերպած հանգանակութիւններուն, նուիրատուութիւններուն ու աջակցութիւններուն մասին…
Ի՞նչպէս չընել:
Հապա եռանկիւնը՞:
Մե՛նք ենք այդ եռանկիւնը, խախուտ կրնա՞նք ձգել զայն:
Երբե՛ք:
Անկախացաւ մեր Հայաստանը, ուրախացա՜նք: Ինչպէ՞ս չէ. Հայոց պատմութեան գիրքերէն մեզի հասած հի՜ն երազանք էր ասիկա: Տարինե՜ր վերջ հրաշալի մեր «եութուպ»ին շնորհիւ երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին լեփ-լեցուն աչքերը տեսանք Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան որոշումի հռչակման պահուն, յուզուեցանք:
Սրեցան, մինչ այդ, մեր եռանկիւնին կողմերը. պատերազմ եղաւ: Կռուելու գացին տղաները: Ժամանակին ծա՜նր «Մշոյ Ճառընտիր»ը կիսած, պահած, փախցուցած ու ապահով տեղ հասցուցած մեր կանայք այսօ՛ր ալ օգնեցին, աղօթեցին, երգեցին ու կռուեցան: Ամէն մարդ կռուեցաւ: Նոյն «եութուպ»ին մէջ տեսանք, այսօր իրենց մասին համարեա՛ չխօսուող Վազգէն Սարգսեանը, Մոնթէն ու զէնքը գրկած պարող ու երգող բոլոր մեր հերոսները…
«Ֆէյսպուք» չկար այն ատեն. Մէկը մեզի նախապէս «#հաղթելու ենք» չգրեց: «Դուխո՜վ» չըսաւ: Պէյրութէն Հալէպ հասնող օրաթերթերէն գիտցանք, որ յաղթեցինք: Ուրախացա՜նք: Նահատակ մեր տղոց մայրերը լացին, սգացին, տխուր մոմեր վառեցին անոնց ցուրտ շիրիմներուն վրայ, բայց հպարտութեամբ կախեցին անոնց նկարները ու երբեք չկախուող գլուխով պատմեցին այդ հերոսներուն մասին, գիտե՛մ:
Այն ատեն մեզի համար դժուար էր հասկնալ, որ դեռ այդ տարիներուն, ներքուստ եռալով-եռալով արդէ՛ն ձեւաւորուած էր «մե՛ր տղերքը»-«ձե՛ր տղերքը», «մե՛ր հողը»-«ձե՛ր հողը»՝ պառակտող խտրականութիւն ու այլ որակի պատերազմ մը հիւսող այս դարձուածքները:
Եռանկիւնը հաւասարութիւնը կորսնցուցած էր կարծես…
Շատեր, իրաւացիօրէն, սփիւռքին հաւասար կողմ մը ըլլալը կը հարցաքննէին. ճիշդ խօսքին ի՞նչ ըսես. չեմ մոռնար, որ «Կոմիտաս»ի անուան պետական երաժշտանոցի իմ քուրսեցիներս կը պատմէին, թէ տան մէջ ձեռնոցներով կը պատրաստուէին իրենց դաշնամուրային քննութիւններուն, երբ սփիւռքի երիտասարդները իրենց ուսերուն պայուսակ մը դրած «Մայր հայրենիք» այցելութեան կու գային, համալսարաններուն մէջ անվճար կ՚ուսանէին, տարբեր-տարբեր բարձրագոյն վկայականներով իրենց «տուները» կը վերադառնային…
Բոլոր այս պատկերները քով քովի դրած՝ հաւասարակողմ եռանկիւն կրնա՞ր մնալ:
Չմնաց՝ կ՚ըսեմ ես:
Այո՛, հաւասար չէին մեր եռանկիւնին կողմերը, բայց կա՛ր. այդ եռանկիւնը կար:
Լոզունգ է, սրտի խօսք է, ձեռնարկ, երգ, պար, հիմներգ է, ճամբորդութիւն է, նկար, պտոյտ, ճամբար է, ժողով, գիտաժողով, համաժողով է, դասագիրք, ուղղագրութիւն ու երբեք չլուծուած բանավէճ է, նախարարութիւն, գրասենեակ, տուն, գործ «հայրենիք»ին հետ ծանօթացող, անոր շարքերուն մէջ ծառայող երիտասարդութիւն…. Հայաստանի փոխուող իշխանութիւններուն հետ, ձեւով մը, կանգուն մնաց մեր եռանկիւնը:
Օրը եկաւ, շատ յաճախ հայրենիքին «նպաստող» մեր գաղութներն ալ պատերազմներու մէջ մնացին: «Ժամանակն է երկրորդ հայրենադարձութեան», ըսին շատեր ու վերադարձան: «Մեր» հողին վրայ բարեկեցիկ ու արժանապատիւ կեանք մը ապրելու ինչ-ինչ փայլո՜ւն գաղափարներ տրուեցան, բայց չիրականացան. «հայրենիք» ապաստանածներէն շատերը «այդ» կեանքին տենչանքով այլ երկիրներ թռչեցան… մէկ հոս, մէկ հոն՝ եռանկիւնը ծռեցաւ:
2020 եղաւ:
«Ֆէյսպուք» կար արդէն: Իւրաքանչիւր լուրէ ետք «#հաղթելու ենք»ը սրտերով կարդացինք, հանրապետութեան վարչապետին «Արցախը Հայաստան է եւ վե՛րջ» ըսածը մեր աչքերով տեսանք ու ականջներով լսեցինք: Նորէ՛ն գացին մեր տղաքը, նորէ՛ն աղօթեցին ու թաքստոց հիւսեցին մեր մայրերը, տարիներու չհաւաքած միլիոնները հաւաքեց սփիւռքը… սուր, ծուռ, բայց կա՛ր եռանկիւնը:
Բոլորս հասկցանք, որ չյաղթեցինք:
Ի՛նչ վնաս ունի: Միակ պարտուողը չե՛նք, ըսինք: Կռիւը կրնայ դադրիլ, պատերազմը չի՛ վերջանար:
«Թշնամին» եղաւ «հակարակորդ» ու «Ինքնիշխան» Հայաստանի տարածքէն ներս քիլօմեթրեր գրաւեց: Հոս՝ հանդիպում, հոն՝ ժողով, հոս՝ յանձնաժողով, հոն՝ պատուիրակութիւն, սահմանազտում-սահմանագծում, մէկ գիւղ՝ ինծի, մէկ գիւղ՝ քեզի, խորհրդային սահման, հիմակուան սահման ըսելով՝ սովամահ արցախցիները տեղահանուեցան, Արցախը պարպուեցաւ:
Նորէն զոհե՞ր տանք, թէ՞ Արցախը տանք:
Արցախը Ատրպէյճանին յանձնուեցաւ:
Եռանկիւնը՞:
Պահ մը թուաց, որ քանդուած եռանկիւնէն վերջ, երկու գիծեր մնացին՝ զուգահեռ… բայց «Սփիւռքի միլիոններուն պէտք չունի՛ Հայաստանը», յայտարարեց այսօրուան «Իրական» Հայաստանի վարչապետը…
«Հաւաքաբար քննարկել ներկայ իրավիճակը, զօրաշարժի ենթարկել սփիւռքը՝ ձեւաւորելով միասնական ու նպատակաուղղուած դիրքորոշում՝ ի պաշտպանութիւն եւ ի հզօրացում Հայաստանի պետութեան, սփիւռքին եւ, ընդհանրապէս, հայկական ազգային շահերուն ու հայ դատին». Ի՞նչ է աս:
Պազարներէն, պարահանդէսներէն, պինկոներէն ու նախաճաշերէն հազիւ սթափած մեր սփիւռքի՝ Փարիզի մէջ կազմակերպած «Սփիւռքի զօրաշարժին նուիրուած խորհրդաժողով»ին բացայայտուած նպատա՛կն է աս:
Գիծերէն մէկն է ասիկա:
Մի՛ւս գիծը.
«Voice of peace» խորագիրով «Միւզիք ֆեսթիվալ» մը կազմակերպուած է Հայաստանի «Հանրապետութեան հրապարակ»ին մէջ, որուն ընթացքին «Live on stage» պիտի վայելենք Imany, Willy William, Outlandish, In-Grid եւ Iveta Mukuchyan անունները:
Առիթը՝ Citizen՚s Day of the Republic of Armenia.
Թուականը՝ Ապրիլ 25:
Եռանկիւն չմնաց:
Զուգահեռ գիծեր ալ չմնացին:
Ի՞նչ մնաց:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ