ՍԵՌԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԳԱՄԱՆՔԸ
«Սեռականութիւն»ը կը համակէ մարդկային անձին բոլոր հանգամանքները, անոր մարմինին եւ հոգիին միութեան մէջ։ Ան կը վերաբերի մասնաւորապէս զգացականութեան, սիրելու եւ որդեծնելու կարողութեան եւ աւելի ընդհանուր կերպով՝ ուրիշի հետ հաղորդակցութեան զօդեր հաստատելու ատակութեան։
Իւրաքանչիւր այր-մարդու եւ կին-մարդու անկ է ճանչնալ եւ ընդունիլ իրենց սեռային ինքնուրոյնութիւնը։ Անոնց ֆիզիքական, բարոյական եւ հոգեւոր «տարբերութիւն»ը եւ «լրացուցչութիւն»ը ուղղուած են դէպի ամուսնութեան բարիքները եւ դէպի ընտանեկան կեանքին ծաղկումը։ Ուստի, զոյգին եւ ընկերութեան ներդաշնակութիւնը մասամբ կախում ունի կերպէն՝ որով փոխադարձ լրացուցչութիւնը, պահանջը եւ իրարու նեցուկ ըլլալը ապրուած են երկու սեռի կողմէ։ Մարդ արարածը այր-մարդ եւ կին-մարդ ստեղծելով, Աստուած «մարդ»ուն՝ այր եւ կին հաւասար կերպով տուաւ անձին արժանապատուութիւնը։ Արդարեւ, «մարդ»ը ա՛նձ մըն է եւ ասիկա հաւասա՛ր չափով այր-մարդուն եւ կին-մարդուն, որովհետեւ երկուքն ալ ստեղծուած են ըստ պատկերին եւ նմանութեան Անձ-Աստուծոյ։
Երկու սեռին իւրաքանչիւրը Աստուծոյ զօրութեան, կարողութեան եւ գորովին պատկերն է հաւասա՛ր արժանապատուութեամբ։ Թէպէտ «տարբեր» կերպով՝ որ այդ բնատուր հաւասարութիւնը երբեք չի՛ խախտեր։ Այր-մարդուն եւ կին-մարդուն միութիւնը ամուսնութեան մէջ «կերպ» մը՝ եղանակ մը, ձեւ մըն է մարմինին միջոցով նմանելու Արարչին առատաձեռնութեան եւ բեղմնաւորութեան։ Ան՝ Սիրոյ մարմնացումն է։
«Մարդը պիտի թողու իր հայրը եւ մայրը եւ պիտի կապուի իր կնոջ, երկուքը պիտի կազմեն մէկ մարմին». (ԾՆՆԴ. Բ 24), (ԾՆՆԴ. Դ 1-2), (ԾՆՆԴ. Դ 25-26), (ԾՆՆԴ. Ե 1)։
Եւ ահաւասիկ, աստուածաշնորհ այս միութենէն յառաջ կու գան մարդկային բոլոր սերունդները։
Յիսուս եկաւ արարչագործութիւնը վերահաստատելու իր սկզբնական մաքրութեան մէջ։ Լերան քարոզին մէջ, Ան, Աստուծոյ՝ Հօր ծրագիրը կը մեկնաբանէ սեղմ կերպով. «Լսած էք որ ըսուեր է՝ մի՛ շնար, բայց Ես կ՚ըսեմ ձեզի. ո՛վ որ ցանկանալու դիտումով նայի կին մարդու՝ արդէն անոր հետ շնացաւ իր սրտին մէջ». (ՄԱՏԹ. Ե 27-28)։ Արդարեւ. «Մարդը թող չբաժնէ ինչ որ Աստ-ւած միացուց». (ՄԱՏԹ. ԺԹ 6)։
Եկեղեցւոյ աւանդութիւնը Տասնաբանեայի վեցերորդ պատուիրանը ըմբռնած է իբրեւ պատուիրան մը՝ որ կը բովանդակէ մարդկային սեռականութեան ամբողջութիւնը։
Այս առթիւ, «ողջախոհութիւն» կը նշանակէ սեռականութեան յաջողած համարկումը անձին մէջ եւ անով՝ մարդուն ներքին միութիւնը իր մարմնաւոր եւ հոգեւոր էութեան մէջ։ Ողջախոհութիւնը իր մէջ կը բովանդակէ անձին ամբողջականութիւնը եւ պարգեւին ամբողջականութիւնը եւ ողջախոհ անձը գիտէ իր մէջ պահել կեանքի եւ սիրոյ ուժերուն ամբողջականութիւնը, այս ամբողջականութիւնը կ՚ապահովէ ներքին միութիւնը անձին, կը հակառակի զայն վիրաւորող ամէն վերաբերմունքի։ Ան չ՚արտօներ ո՛չ կրկնակի կեանք, ոչ ալ կրկնակի բարբառ. (ՄԱՏԹ. Ե 37)։
Այս ուղղութեամբ, «միասեռականութիւն»ը կը հայի այն յարաբերութիւններուն այր-մարդոց կամ կին-մարդոց միջեւ՝ որոնք նոյն սեռին հանդէպ սեռային տարամերժ եւ գերակշիռ քաշողկանութիւն մը կը զգան։ Ան կը ստանայ բազմատեսակ կերպարանքներ, դարերու եւ մշակոյթներու հոլովոյթին հետ։ Անոր հոգեբանական ծնունդը կը մնայ լայնօրէն անբացատրելի եւ անբացատրուած։
Յենելով Սուրբ Գիրքին վրայ՝ որ «միասեռականութեան արարքները» կը ներկայացնէ իբրեւ բարքերու ծանր վատթարացում. (ԾՆՆԴ. ԺԹ 1-29), (ՀՌՈՎՄ. Ա 24-27), (Ա ԿՈՐՆԹ. Զ 9-10), (Ա ՏԻՄ. Ա 10)։ Աւանդութիւնը միշտ յայտարարած է, թէ այդ արարքները իրենց էութեամբ «անկա՛րգ են»։
Անոնք հակառա՛կ են բնական օրէնքին։ Անոնք սեռային արարքին արգե՛լք կը հանդիսանան կեանքի պարգեւին նկատմամբ։ Անոնք առաջ չեն գար մարդուն զգացական եւ սեռային իսկական լրացուցչական հանգամանքէն։ Ո՛չ մէկ պարագային անոնք կրնան հաւանութեան կամ արտօնութեան արժանանալ։
Այր-մարդոց եւ կին-մարդոց ո՛չ աննշան բազմութիւն մը իր մէջ միասեռական խորապէս արմատացած ձգտումներ կը կրէ։ Այս առարկայականօրէն անկա՛րգ հակումը, անոնց շատերուն համար փորձա՛նք մըն է։ Իրենց միասեռականի հանգամանքը իրենք չե՛ն ընտրած, ուստի պէտք է զանոնք ընդունիլ յարգանքով, կարեկցութեամբ, փափկանկատութեամբ։ Պէտք է զգուշանալ անոնց հանդէպ ամէն անարդար խտրականութենէ։
Անոնք իրենց կեանքին մէջ Աստուծոյ կամքը իրականացնելու կոչուածներ են, եւ եթէ «քրիստոնեաներ» են, Տիրոջ Խաչին զոհին միացնելու են այն դժուարութիւնները՝ որոնց կրնան հանդիպիլ իրենց վիճակին բերումով։ Միասեռական անձերը կոչուած են ողջախոհութեան։ Շնորհիւ ներքին ազատութիւնը կրթող եւ զարգացնող ինքնատիրումի առաքինութիւններուն, երբեմն ալ օգնականութեամբ անշահախնդիր բարեկամութիւն մը, աղօթքով եւ խորհուրդի շնորհով, անոնք կրնան եւ կը պարտին վճռականօրէն եւ աստիճանաբար մօտենալ քրիստոնեայ կատարելութեան։
Վերջապէս, սեռականութիւնը կարգաւորուած է այր-մարդուն եւ կին-մարդուն ամուսնական սիրոյն համար։ Ամուսնութեան մէջ ամուսիններուն՝ այր-մարդ եւ կին-մարդ, մարմնային մտերմութիւնը անոնց հոգեւոր հաղորդութեան նշան եւ գրաւական կը դառնայ։ Այս իմաստով Ս. Պսակով ամուսնացածներու միջեւ ամուսնութեան կապերը սրբացած են սուրբ խորհուրդով։ Այս կը շահագրգռէ մարդկային անձը, իր ամենամտերիմ մասին մէջ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 11, 2026, Իսթանպուլ