ՀԱՅԵՐԷՆ ԳԻՏՑՈՂ ՊԱՏՆ ՈՒ ԿՈՎԸ
Հայ թատերգութեան մեծագոյն ներկայացուցիչներէն, ինչպէս նաեւ գրող եւ արձակագիր Վահրամ Փափազեան Լիբանանի մէջ լոյս տեսնող «Սփիւռք» շաբաթաթերթի 11 յունուար 1962-ի (Դ. տարի, թիւ 1, էջ 1) թիւին մէջ կը հրատարակէ «Պիտի չմեռնինք գաղութներու մէջ» խորագրեալ գրութիւն մը, ուր կը նկարագրէ Վիեթնամի մէջ ապրող Հրաչ Յակոբեան անունով հայորդիին հայ մնալու պայքարը. հայ, որ հայրենիքէն հեռու ապրելով հանդերձ որոշած եւ ուխտած էր հայ մեռնիլ: Վահրամ Փափազեանի այս գրութիւնը ունի 64 տարուան հնութիւն, սակայն կը հաւատանք, որ ամէն ժամանակէ աւելի այսօ՛ր կարիքը ունինք Հրաչ Յակոբեաններու՝ որոնք ամէն գնով սփիւռքի մէջ պայքար կը մղեն պահպանելու համար լեզուն՝ որ մեր ինքնութեան կարեւորագոյն հիմքն է:
Վահրամ Փափազեանի գրութիւնը սկիզբ կ՚առնէ հետեւեալ տողերով. «Պրն. Հրաչ Յակոբեան ամէն գիշեր, պառկելէ առաջ, Վիեթնամի մայրաքաղաք Սայկոնի մէջ, իր ննջարանի պատերուն հետ տասը լման վայրկեաններ հայերէն կը խօսի, իր մայրենի լեզուն չմոռնալու համար. անիկա պատին կը պատմէ հայոց պատմութիւնը, Հայկէն մինչեւ… զօրավար Անդրանիկ…»: Այս սրբազան արարողութիւնը Հրաչ Յակոբեան կը կատարէր աւելի քան քսան երկար տարիներ եւ գուցէ այս արարողութիւնն էր պատճառը, որ տակաւին լաւապէս կը տիրապետէր մայրենի լեզուին։ Վիեթնամի հայկական գաղութը շատ փոքր էր. ո՛չ եկեղեցի ունեցած է եւ ո՛չ ալ հայկական վարժարան, իսկ հայութենէ հեռու այս անկիւնը ինչպէ՞ս հասած էր Հրաչ Յակոբեան՝ դուրս կը մնայ մեր գրութեան հիմնական նպատակէն:
Յակոբեանի հայերէն լեզուի սրբազան արարողութիւնը լոկ պատերուն հետ խօսելով վերջ չէր գտներ. ան ամէ՛ն օր թուղթ ու գրիչ մը վերցնելով երեւակայական նամակի մը պատասխան կը գրէր. իր նամակին մէջ ներողութիւն կը խնդրէր ուշ պատասխանելու համար եւ իր արդարացի պատճառները կը գրէր. իր զբաղուածութեան ու առօրեային մասին պատմելէ ետք նամակը ծալելով պահարանի մը մէջ կը դնէր։ Կը գրէր այն համոզումով՝ որ կարծես այդ նամակը իրապէս հասցէատէր մը ունէր, սակայն, գրելէ ետք կը նայեէր հայերէն գիրերուն, անգամ մը կը կարդար եւ նամակը կը պատռէր: Վահրամ Փափազեան հետեւեալ բառերով կը նկարագրէ Հրաչ Յակոբեանը. «Բացառիկ, տիպար եւ հայրենապաշտ հայ մըն է, հա՛, որ պարզապէս որոշած է հայ ապրիլ եւ հայ մեռնիլ»:
Այս պայքարի կողքին Հրաչ Յակոբեան ունէր այլ պայքար մը՝ մտատանջութիւն մը եւս. հայրենապաշտ այս անձնաւորութիւնը ամուսնացած էր օտարազգի կնոջ մը հետ եւ ունէր երեք զաւակ՝ Անուշ, Սոնիա եւ Հելէն. իր հիմնական մտատանջութիւններէն մէկը զաւակները հայ երիտասարդներու հետ ամուսնացնելու իր մեծ ցանկութիւնն էր. որոշած էր սպասել, որպէսզի իրենց ուսումը վերջացնեն. այդ ժամանակ պիտի փոխադրուէր հայաշատ շրջաններ եւ այդտեղ հաստատուէր: Օտար ամուսնութիւնը ցա՞ւ էր Յակոբեանի համար՝ չենք գիտեր, սակայն, ան իր «մեղք»ը քաւելու լաւագոյն ձեւերը գտած էր. յաջողած էր Վիեթնամի ձայնասփիւռէն մի քանի անգամ հայերէն երգեր հնչեցնել, խօսուած է հայոց պատմութեան եւ հայ ժողովուրդին մասին եւ այս «պարզ» թուացող իրագործումները Յակոբեանի համար մեծ յաղթանակներ էին՝ հայրենասիրութեան լաւագոյն ապացոյցներէն մին։ Ամէ՛ն անգամ որ շոգենաւը քաղաք մօտենար՝ Յակոբեան կ՚երթար ու նաւին մէջ կը փորձէր հայեր գտնել. կը սիրէր անոնց հետ հայերէն խօսիլ, գիրքեր ու թերթեր վերցնել:
Նման հայերու մասին երբ կարդանք, ինքնաբերաբար այս հարցը կը ծագի. անոր զաւակները՝ Անուշը, Սոնիան եւ Հելէնը եւ կամ անոնց յաջորդները յաջողեցա՞ն իրենց հօր կամ մեծ հօր պէս հայ մնալ։ Անոնցմէ քանի՞ն իրապէս հայ երիտասարդի հետ ամուսնացաւ եւ հայ ընտանիք կազմեց։ Այսօր Վիեթնամի մէջ նոյն հայրենասիրութեամբ ապրող հայեր գոյութիւն ունի՞ն։ Սփիւռքի մէջ այսօր քանի՞ հայ հայկական շրջանակներէ հեռու ըլլալով իր պատերուն հետ հայերէն կը խօսի… Վահրամ Մավեանի գրութիւններուն մէջ հայ ծերուկ մը հայկական շրջանակէ հեռու ըլլալով իր կովերուն հետ հայերէն կը խօսէր. այնքա՛ն կը խօսէր, որ համոզուած էր, որ տեղ մը կովերը սկսած են հայերէն հասկնալ, որովհետեւ իր պատմածները տխուր եւ թախծոտ աչքերով կ՚ունկնդրէին:
Մենք որպէս ազգ մեր նահանջին համար կը մեղադրենք օտարութիւնը, գաղթը, սակայն, Յակոբեան մեծագոյն փաստերէն մէկն է, որ հարցը ո՛չ թէ օտարութիւնն է, այլ կամքը։ Եթէ մարդ ուզէ հայ մնալ՝ անպայմանօրէն հայ մնալու ձեւերը կը գտնէ եւ այդ ձեւերը գտնելու լաւագոյն ձեւը հայրենասէր ըլլալն է։ Սփիւռքի մէջ այսօր քիչերն են, որ ունին հայրենասէր ըլլալու յատկութիւնը. մեծ է թիւը այն անտարբեր անհատներուն, որոնք իրենց հայ ըլլալը գիտեն, սակայն, այդ մէկը ո՛չ մէկ նշանակութիւն եւ իմաստ ունի իրենց համար։ Հրաչ Յակոբեան եւս եթէ ուզէր, կրնար նոյն անտարբերութեամբ ապրիլ։ Հետեւաբար, ինքնութենէն հեռանալը ճակատագիր չէ՛ եւ չի կրնար ըլլալ. ընտրութիւն է պարզապէս:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Ոչինչ
այնքան իրական է, որքան մեր երեւակայութիւնը: Եւ միայն մեր երեւակայութիւնն է, որ իրական է:
ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան