ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱԿԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿ
Անմահ լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանը այս տարի համահայկական հարթութեան վրայ անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ։ Անշուշտ, Հրաչեայ Աճառեանի 150-ամեակը արտասովոր նշանակութիւն ունի պոլսահայութեան տեսակէտէ՝ քանի ան հասած է քաղաքէս։ Աճառեանի 150-ամեակին ձօնուած նախաձեռնութիւններու շարքին, ներկայ տարեմուտին լայն արձագանգ ստեղծեց Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատան կողմէ թողարկուած յուշադրամը։ Խորհրդանշական նախաձեռնութիւն մըն էր այս մէկը, սակայն, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ բացառիկ նշանակութիւն ստացաւ։ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի բաց նամակին ընդառաջ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատան նախագահ Մարթին Գալստեան կատարեց համապատասխան տնօրինութիւնը, որպէսզի յուշադրամէն օրինակներ յանձնուին քաղաքիս այն հաստատութիւններուն, որոնք Հրաչեայ Աճառեանի յիշատակին հետ առընչուած են անմիջականօրէն։
Երէկ երեկոյեան, Պատրիարքարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Աճառեանի յուշադրամներու նմոյշներու յանձնման հաւաքոյթ մը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան հովանաւորեց այս եզակի ձեռնարկը, որ անմոռանալի կը մնայ մասնակիցներու յիշողութեան մէջ։ Գումգաբուի մէջ նախատեսուած նուիրաբաշխման համար Երեւանէն մասնաւորապէս քաղաքս փութացած էր Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատան նախագահի խորհրդական Վահէ Պետրոսեան։ Հրաչեայ Աճառեան հասած էր Սամաթիայէն, ուր այսօր Սահակեան-Նունեան վարժարանի սրահը կոչուած է իր անունով։ Ան աւարտած էր Ազգային Կեդրոնական վարժարանը։ Ի լրումն այս բոլորին, Կեդրոնականէն վկայականը ստանալու ժամանակ, Աճառեանի հայերէնի աւարտական քննութեան յանձնաժողովին մաս կազմած էր ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հիմնադիր Միսաք Գօչունեան (Քասիմ)։ Ուստի, Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատան կողմէ այս երեք հաստատութիւններուն համար ուղարկուած էին յուշադրամէն նմոյշներ։ Վահէ Պետրոսեանի ձեռամբ Գումգաբուի մէջ յուշադրամները յանձնուեցան՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեանին, Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեանին եւ Սահակեան-Նունեան վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Ալին Եիւճէլին։
Պատրիարքարանի երէկուան հանդիսութիւնը համախմբեց կոկիկ թիւով հիւրեր։ Սա թէեւ լայն մասնակցութեամբ հաւաքոյթ մը չէր, սակայն, իսկապէս խոր իմաստ եւ նշանակութիւն ունէր։ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկը այս տարի բացառիկ իմաստ մը վերագրեց Կրկնազատիկին։ Ձեռնարկը պատուեցին Տ. Արամ արք. Աթէշեան, Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան թ. ծայրագոյն վարդապետ Գազանճեան, Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, Տ. Յովակիմ վրդ. Սերովբեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան։ Ներկաներու շարքին էին Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան եւ «Արմէնփրէս» գործակալութեան փոխ-տնօրէնուհի Արաքս Կասեան։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքէն ներկայացուցիչներու առընթեր, մասնակիցներու շարքին էին Կեդրոնական եւ Սահակեան-Նունեան վարժարաններու մատակարար մարմիններու ատենապետները, հիմնադրի ներկայացուցիչները, տնօրէնները եւ սանուց միութեանց վարչութեան ատենապետները։ Պոլսահայ կրթական համակարգէն այլ ներկայացուցիչներու առընթեր, այս իւրայատուկ հաւաքոյթը պատուեց նաեւ՝ համայնքային երախտաշատ բարերար Արէտ-Մոնիք Երկանեան ամոլը։
Ձեռնարկի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Երանուհի Պալճըի։ Ելոյթով մը հանդէս եկաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, որ Հրաչեայ Աճառեանի յոբելեանին անդրադարձաւ՝ պոլսահայ կրթական համակարգին կողմէ համահայկական հարթութեան վրայ մարդուժի պատրաստութեան տեսակէտէ տարուած դերակատարութեան տեսանկիւնէն։ Աւելի վերջ, ներկաները ունկնդրեցին վարպետ եւ այնքան համակրելի արուեստագէտ Լեւոն Էրոյեանի դաշնամուրի նուագներուն։ Կարգը հասած էր յուշադրամներու նմոյշներու յանձնուելուն։ Վահէ Պետրոսեան զանոնք յանձնելէ վերջ ունեցաւ ելոյթ մը՝ մասնաւորապէս դիտել տալով, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատունը ինչ սկզբունքներով կ՚առաջնորդուէր յուշադրամներ թողարկելու համար։
Հուսկ բանքը արտասանելու համար Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաւիրուեցաւ ամպիոնի մօտ։ Ան նախ պոլսահայութեան անունով յուշապնակ մը յանձնեց Վահէ Պետրոսեանին, իսկ աւելի վերջ ունեցաւ բովանդակալից ելոյթ մը։ Նորին Ամենապատուութիւնը լեզուի նշանակութիւնը մեկնաբանեց հաւաքականութիւններու յարատեւութեան տեսանկիւնէն։ Ան ընդգծեց, որ Հրաչեայ Աճառեան պատմութեան սեփականութիւնը դարձած մեծ կերպար մըն է՝ արմատներու վերադառնալու խորհուրդին տեսակէտէ։ Ան անփոխարինելի աշխատանք ծաւալած է հայոց լեզուին համար, իսկ սփիւռքահայութեան տեսակէտէ ունի այն պատգամը, թէ օր մը անպայման պէտք է վերադառնալ դէպի արմատները։
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին, երբ դահլիճին մէջ բարձր տրամադրութիւն կը տիրէր, ներկաները հաւաքաբար նկարահանուեցան՝ ի յիշատակ այս յատկանշական եւ անմոռանալի օրուան։ Աւելի վերջ ներկաներու միջեւ անմիջական զրոյցը շարունակուեցաւ ընդունելութեան ձեւաչափով։ Այս փուլին ալ ամէն ինչ համահունչ էր ընդհանուր մթնոլորտին՝ մինչ Արա Գօչունեան Վահէ Պետրոսեանին նուիրեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի յօդուածներու ժողովածոն՝ «Օրուան մտածումներ»ը, որ թերթիս դարադարձի շրջանին եղած էր «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն հրատարակուած առաջին գիրքը։
Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատան նախագահի խորհրդական Վահէ Պետրոսեան, որ քաղաքս փութացած էր այս նուիրաբաշխման հանդիսութեան առթիւ, երէկ գիշեր իսկ վերադարձաւ Երեւան։
