ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԸ ՄԻՇՏ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՎ ԿԵՆՍՈՒՆԱԿ ՈՒ ՊԱՅԾԱՌ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ Հայաստանի զանազան թեմերէն ուխտաւոր երիտասարդներ, որոնց թիւը կը հասնէր շուրջ 650-ի։ Եկեղեցասէր երիտասարդներուն իր պատգամը փոխանցելու ժամանակ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ.
«Առաքելական ժամանակներէ ի վեր մեր Սուրբ Եկեղեցին լուսաւոր փարոս է մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս՝ իր զաւակները հաստատելով հաւատի եւ յոյսի մէջ եւ առաջնորդելով դէպի Աստուած, դէպի բարին ու ճշմարիտը։ Հայոց Եկեղեցին մեր ժողովուրդի հոգեւոր տունն է, ուր իւրաքանչիւր հայորդի կը գտնէ սէր, խնամք ու հոգատարութիւն եւ կը զօրանայ երկնառաք շնորհներով ու օրհնութիւններով։ Ով որ կը փափաքի ճանչնալ հայ ժողովուրդի հոգին, հայեացքը պիտի ուղղէ դէպի Հայոց Եկեղեցին։ Մեր եկեղեցին ուժ տուած է իր զաւակներու ապրելու եւ արարելու ձգտումներուն եւ խաղաղութեան ու արդարութեան իղձերուն։ Մեր եկեղեցին զօրութիւն պարգեւած է ազգ ու հայրենիք սիրելու եւ հաւարատիմ իր առաքելութեան՝ պահպանելու ու հարստացնելու մեր հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութիւնը, հետամուտ եղած է նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան։ Տէրունաւանդ քրիստոնէական արժէքներով մեր եկեղեցին աշխարհասփիւռ հայութեան համար դարձած է միասնութեան հիմնասիւն՝ առաջնորդելով իր հօտը թէ՛ խաղաղ օրերուն եւ թէ փորձութիւններու ժամանակ»։
Անդրադառնալով Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ մեր օրերուն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ակնյայտ թիրախաւորման՝ Նորին Սրբութիւնը շարունակեց. «Պատմութիւնը, սակայն, կը վկայէ, թէ առ Աստուած ապաւինութեամբ մեր եկեղեցին միշտ յաղթահարած է բոլոր փորձութիւնները։ Այսօր ալ Հայ Եկեղեցին կը մնայ մեր ազգային վերելքի նախանձախնդիր սպասաւորը՝ մեր երկրի զօրացման, հասարակական համերաշխութեան անդաւաճան ջատագովը եւ կը շարունակէ պաշտպանել մեր ազգային իրաւունքները, իղձերն ու նպատակները։ Սիրելիներ, մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման գործին մէջ կարեւոր առաջնահերթութիւններէն է ձեր՝ երիտասարդ սերունդի աշխոյժ ներգրաւումը եկեղեցական կեանքէն ներս»։