ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի մէջ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան դրսեւորումները հետզհետէ կ՚ահագնանան մտահոգիչ օրինակներով։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած կառավարութիւնը այս ուղղութեամբ կ՚ընթանայ՝ դէպի մէկ ծայրայեղութենէ միւսը։ Ստեղծուած համատարած մտահոգութեան մթնոլորտին մէջ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հանդէս եկաւ հերթական յայտարարութեամբ, ուր ահազանգ կը հնչեցուի՝ վերջին շրջանի արտառոց դէպքերու շղթայի վերջին օղակին դէմ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգին կողմէ հրապարակուած յայտարարութիւնը։
*
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի 2026 թուականի մարտի 27-ի որոշմամբ՝ Արման Սարոյեան (նախկին Գէորգ եպիսկոպոսը) նշանակուած է «Ներման հարցերու քննարկման խորհրդակցական յանձնաժողովի» անդամ՝ որպէս Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ։
Սոյն նշանակումը, որ կատարուած է առանց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ համաձայնութեան, անընդունելի է եւ անօրինական, ինչպէս նաեւ կը խախտէ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութիւնը։
Պետական կամ որեւէ այլ կառոյցէ ներս Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ կրնայ նշանակուիլ միայն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ ու արտօնութեամբ։ Իսկ կարգալոյծ հռչակուած Գէորգ եպիսկոպոսը լիազօրուած չէ եւ չի կրնար ներկայացնել Հայ Եկեղեցին ո՛չ կանոնական, ո՛չ իրաւական եւ ո՛չ ալ բարոյական տեսանկիւնէ։
Այս քայլը հերթական ոտնձգութիւնն է Հայոց Եկեղեցւոյ ինքնավարութեան եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կանոնական իրաւունքներուն դէմ։
Հարկ է, որ պաշտօնական փաստաթուղթէն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի որոշումէն վերացուի նշեալ կեղծ տեղեկութիւնը։