ՏԱԹԵՒԱՑԻՆ՝ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՇՔՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Ստորեւ, մեր սիրելի ընթերցող բարեկամներուն կը ներկայացնենք Ս. Գրիգոր Տաթեւացիի (աշխարհական անունով՝ Խութլուշահ, 1346-1409) «Ոսկեփորիկ» գիրքէն՝ Քրիստոսի յարութեան հրաշքներու մասին շահեկան եւ հոգեշահ հատուածներ։

Արդարեւ, հաւատացողի համար Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ հատման գիծ քաշել կարելի չէ՛։

Քրիստոսի յարութեան հրաշքներու մասին.

Նախ հասկնալու է, թէ քանի՞ ժամ Տիրոջ մարմինը գերեզմանի մէջ մնաց, ինչպէս եւ կը վայելէ Աստուծոյ, ապականութիւն չտեսաւ, քանի որ ըստ մեր բնութեան, երբ հոգին կը բաժնուի մարմինէն, ապականութեան կ՚ենթարկուի։ Իսկ Քրիստոսի մարմինը, որոհետեւ Աստուած էր, ապականութիւն չտեսաւ, ինչպէս Դաւիթ կ՚ըսէ, եւ Պետրոսը՝ Գործք Առաքելոցի մէջ, թէ.- Անոր մարմինը ապականութիւնը չտեսաւ։ (ԳՈՐԾՔ. Բ 31)։ Արդ, Քրիստոսի յարութեան պահուն Անոր մարմնին մէջ երկու հրաշք կատարուեցաւ։

«Նախ՝ իւրաքանչիւր մարմին, որ կը մեռնի, անոր զգայարանները, որ հոգիի գործիքն են, կ՚ապականին եւ կը զրկուին պատշաճէն, թէպէտ կը թուի, թէ զգայարանները անխաթար են, սակայն, ներքին անհրաժեշտ գործունէութենէն զրկուած են, այսպէս ալ ամբողջ մարմինը։ Եւ արդ, Քրիստոսի յարութեան պահուն բոլոր զգայութիւնները պատշաճօրէն պահպանուելով մնացին, որպէսզի բանական հոգիի միաւորութեանը պատկանի։

Երկրորդ՝ որովհետեւ Քրիստոսի մարմինը ամբողջապէս ապաքինուած բոլոր վէրքերէն, սակայն խոցուածքի հինգ մեծ սպիները մնացին՝ ի վկայութիւն յարութեան։

Բայց իմանալու է, որ Քրիստոսի հոգիի հետ մարմնի միաւորութիւնը երկու կերպով կը հասկցուի. նախ՝ ինչպէս տեղակալը կը միաւորուի իր տեղի հետ, եւ ըստ այսմ, ամէն արարուած հոգի կարող է միաւորուիլ մարմնի հետ, ինչպէս հրեշտակները եւ դեւերը, այդպէս ալ մարդկային հոգին, եթէ Աստուած թոյլ տայ, կարող է մտնել իր մարմնի մէջ եւ կամ ուրիշ մարմնի մէջ, սակայն մարմինը անով չի կենդանանար։

Միաւորութեան երկրորդ եղանակը, հոգին կարող չէ իրեն միաւորել եւ ոչ ալ որեւէ արարած, քանի որ այդ միաւորութիւնը կը նշանակէ մարմինը կենդանացնել եւ յարութիւն տալ, ինչ որ պատշաճ է արարածներուն։

Նկատելու է նաեւ սա, որ արեան հետ կապուած չորս հրաշք պատահեցաւ։

Նախ՝ ինչպէս Քրիստոսի մարմինը զերծ մնաց ապականութենէ, այնպէս ալ Քրիստոսի մարմինէն հոսած արիւնը մահէն մինչեւ յարութիւն անապական մնաց։

Երկրորդ հրաշք՝ երկրորդ օրը, հրեշտակներու պաշտպանութեամբ, արիւնը հաւաքուեցաւ, այսինքն՝ այն ի՛նչ որ կարելի է հրեշտակներու սպասաւորութեամբ կատարուիլ, պէտք չունի անընդմիջաբար Աստուծոյ մէջ գտնուիլ։

Երրորդ հրաշք՝ աստուածային զօրութեամբ հաւաքուած եւ գերեզմանով կնքուած արիւնը այնպէս ներարկուեցաւ, որ հրեշտակները կարող չէին զայն հաւաքել, որովհետեւ այդպէս ընելու պարագային երկու մարմին մէկ տեղ կ՚ըլլան, որ պատշաճ չէ հրեշտակներուն։

Չորրորդ հրաշք՝ այս արիւնը հարկ էր, որ աստուածային զօրութեամբ ըլլար, քանզի հրեշտակներ չէին կրնար զայն հաւաքել, բայց միա՛յն՝ ժամանակաւոր շարժումով, եւ այդ ուշացումով կ՚ըլլար։ Եւ քանի որ հարկ էր վայրկենապէս նոյն կէտին իրականանալ, ուստի անհրաժեշտ էր, որ Աստուծմով իրականանար։

Եւ այսպէս կատարուեցաւ յարութիւնը, եւ Քրիստոս կնքուած գերեզմանէն յարութիւն առաւ։

Եւ քանի որ այսքան հրաշքներ կատարուեցան Քրիստոսի գերեզմանի վրայ, այդ պատճառով Եսայի մարգարէ կ՚ըսէ.- Անոր գերեզմանը փառքով պիտի ըլլայ. (ԵՍԱՅԻ ԾԷ 2)։

Հրաշքը խորհուրդ մըն է, որ Շնորհալիի խօսքով. «Գիտութեան կողմէ անբացատրելի, բայց հաւատքով հասկնալի՛»։ Արդարեւ, ուր որ գիտութիւնը անզօր կը մնայ, հոն հաւատքը ցոյց կու տայ իր զօրութիւնը։

Հաւատքով ապրիլ՝ ապահով եւ անվտանգ ապրիլ կը նշանակէ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ապրիլ 13, 2026, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2026