ՆԱՐԵԿ՝ ԲԺՇԿՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ
«Վստահ եղէք, ով որ այս լերան ըսէ.- Ե՛լ եւ ծո՛վ ինկիր», եւ եթէ միտքին մէջ չտարակուսի, այլ հաւատայ, թէ իր ըսածը պիտի ըլլայ, ի՛նչ որ ըսէ՝ պիտի կատարուի։ Այս պատճառով կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ի՛նչ որ աղօթքով խնդրէք, հաւատացէք, որ պիտի ստանաք եւ ձեր խնրդածը պիտի տրուի ձեզի». (ՄԱՐԿ. ԺԱ 22-25)։
Մե՛ծ է հաւատքին զօրութիւնը եւ ահաւասիկ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» ԽԳ հատուածը կը վկայէ եւ կը հաստատէ այս ճշմարտութիւնը։ Արդարեւ, հոն ուր մարդկային կարողութիւնը եւ կարելիութիւնները եւ գիտութիւնը անզօր կը մնան եւ անճար, ահաւասի՛կ, հաւա՛տքն է, որ կը հասնի կատարել բոլոր բանաւոր եւ բարեբեր խնդրանքները…
ՆԱՐԵԿ. ԲԱՆ ԽԳ
Սրտի խորքերէն խօսք Աստուծոյ հետ
- ա -
Բժշկութեան հմտութեան ամենափորձուած հնարաւորութեամբ
Անախտական կեանքի դու պատճառ, երկնային զօրեղ թագաւոր՝ Տէ՛ր Յիսուս Քրիստոս,
Աստուած՝ իմանալիների բոլոր եւ տեսանելիների։
Ահա՛ իմ մէջ ես դու, ինչպէս մարգարէն կ՚ըսէ, նոր կցորդութեամբ,
Ուստի եւ ես միացած Քեզ հետ խօսքի դաշինքով այս բարեզարդ՝
Թո՛ղ լուսաւորուիմ կրկին ողջացած՝ շնչով ու մարմնով,
Ըստ ամենայնի կարող եւ անյաղթ։
- բ -
Սպեղանիներու կարիք չես զգար դուն՝
Հոգիիս վէրքերուն փաթաթաններ պատրաստելու համար,
Ո՛չ ժամանակի, ո՛չ միջնորդի եւ ո՛չ ալ երկարաձիգ օրերու,
Ո՛չ փոփոխական դեղեր տալու եւ ո՛չ անդամահատման,
Ո՛չ ալ խարելու, վիրահատութեան.
Եւ այլ երկրաւոր դարմանումներու,
Որոնք ենթակայ են յաճախ վրիպանքի եւ ամենասխալ տարակուսութեան։
Բայց Քեզ՝ հոգիներու եւ մարմիններու Արարչիդ ամենայն ինչ լուսաւոր է, ամենայն ինչ ակներեւ,
Ամէն ինչ գրուած, ամէն ինչ դիւրին եւ հնարաւոր,
Խորհուրդը գլխաւորուած է, խոստումը լցուած, կամքը կատարուած,
Քու կտակդ Աւետարանն է, Քու վճիռդ՝ ազատութիւն, մատեանդ՝ շնորհ։
Չես կաշկանդուած Դուն օրէնքներով, ոչ ալ կանոններով շրջափակուած.
Արգելակուած չես նուաստութեամբ, ոչ ալ հպատակութեամբ խոնարհուած.
Չես պարփակուած փոքրութեամբ, ոչ ալ սահաններով չափուած.
Չես վրիպած բարկութենէ, ոչ ալ ցասումէ այլայլուած.
Չես սխալուած խստութենէ, ոչ ալ խռովութենէ վրդովուած, չես ամբոխուած,
Անգիտանալով չես շփոթուիր, ողորմութենէ չես հրաժարիր, բարձրութենէ չես պակսիր, այցելութենէ չես յոգնիր, փրկելով չես տկարանար,
Դուն սկիզբը եւ լրումն ես ամէն բանի,
Քենէ՛ է ամէն բան, Քեզի փառք եւ երկրպագութիւն, յաւիտեանս. ամէն։
Քրիստոս միշտ մեզի հետ է, եւ մեր կեանքին կը պատահին միշտ հրաշքներ, սակայն, երբեմն չենք անդրադառնար եւ պատահած բարիքները կը փնտռենք ուրիշ բաներու մէջ, բայց բոլորն ալ միջոցներ, առարկաներ են, եւ միակ Ա՛ն է, որ անկարելին՝ կարելիի, յուսահատութիւնը, յուսալքութիւնը յոյսի, եւ մահը կեանքի կը վերածէ. Ան, որովհետեւ միշտ կենդանի է եւ անմիջապէս մեր քովը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 15, 2026, Իսթանպուլ