ՄԻՆՉԵՒ ԽՄԲՈՒԻՆՔ…
Մեր թուականէն 63 տարիներ առաջ՝ 1963 թուականին, սփիւռքի գրեթէ բոլոր մամուլներուն մէջ «Պատգամ սփիւռքահայ երիտասարդութեան» խորագրին տակ կը հրատարակուէր անուանի հայ բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազի սփիւռքի հայութեան եւ մա՛նաւանդ երիտասարդութեան ուղղած կարճ կոչը. իր երկտողին մէջ բանաստեղծը կ՚ըսէր.
«Իմ ճակատագրակից` պանդուխտ հայուհիներ եւ հայե՛ր, մենաթափառ գազան է՝ ո՛վ ազգասէր չէ, միայն ոսկոր ու որովայն է՝ ով հայրենասէր չէ, ով մօր կաթն է մոռանում՝ շան ծիծ է ծծել…: Իմ սուրբ արիւնակիցները, սփիւռքի յատկապէս երիտասարդութիւն, հոգեւին սեղմում եմ ձեզ սրտիս սրտին, համբուրում եմ ձեր հայկական՝ չաղարտուած ոգիները եւ գիշերն ի բուն մտաշխարհիս մէջ աղօթում եմ, որ միշտ ու հանապազ հայ մնաք՝ մինչեւ ողջ ազգի խմբուելը մեծ հայի Մասիսի շուրջը…
«Այժմ, այս դաժան դարում ամէն մի հայ մի մեծ Մաշտոց պիտի լինի… մեր ճակատագիրն է ազգահաւաքը՝ մեր բոլոր ազատ ու բոլոր անազատ հողերի վրայ, ամէն ազգի փրկութիւնն իր մէջ է միայն, իր հաւաքականի մէջ է իր յաւերժը, այդպէս էլ հայ ազգինը։ Վեհափառ խաղաղութեան մեծ վէրքն է հայերիս ցրուածութիւնը.- այս իսկ պատճառով գոռում եմ - Բոլոր երկրներում ցրուած հայեր՝ ՄԻԱՑԷ՛Ք…»։
Կար ժամանակ, երբ ամբողջ հայ ժողովուրդին երազն էր «ողջ ազգի խմբուելը». շատ շատեր կը հաւատային, որ սփիւռքի մէջ ապրող հայ ժողովուրդի կեցութիւնը ժամանակաւոր է եւ վաղ թէ ուշ անոնք դարձեալ հայրենիք պիտի վերադառնան։ Անշուշտ, այդ երազը մասամբ անցեալի համար իրագործելի էր, որովհետեւ պատմութիւնը արդէն իսկ փաստած էր անգամ մը, որ բազմաթի՜ւ հայեր պատրաստ են վերադառնալ Հայաստան. փաստը 1949 թուականներուն տեղի ունեցած մեծ հայրենադարձութիւնն էր։ Անշուշտ, վերադարձողներէն շատ աւելի մեծ թիւով վերադառնալ ցանկացողներ կային։ «Սովետական Հայաստան» հանդէսը իր 1986 թուականի 484-րդ թիւին մէջ (էջ 34) կը գրէ. «Յետ պատերազմեան տարիներուն Սովետական Հայաստանը գիրկը առաւ շուրջ երկու հարիւր հազար հայրենադարձներ։ Աւելի քան երկու միլիոն հայ արտասահմանի մէջ կ՚երազեն հայրենիք վերադառնալ»։ Անշուշտ, անոնց հայրենադարձութեան մէջ կամքէն բացի մեծ դեր ու տեղ ունէր Սովետական Հայաստանի աջակցութիւնը։ Երկու հարիւր հազար Հայաստան կը բերուէին, սակայն, կ՚ապահովուէր անոնց կեցութիւնը, նոր աշխատանքի հնարաւորութիւններ կը ստեղծուէր. օրինակի համար, 1958 թուականին կը հիմնուի Արզնիի քարի գործարանը։ Նկատի ունենալով, որ այդտեղ աշխատող հայրենադարձները ընդհանրապէս Նոր Հաճընէն գաղթածներ են, շրջանը կը կոչուի Նոր Հաճըն՝ ի պատիւ նաեւ Հաճընի մէջ տեղի ունեցած ազատագրական պայքարին:
Այս բոլորը կը գրենք հետեւեալը դիտել տալու համար. յաճախ կը տեսնենք, թէ մարդիկ կը մեղադրեն այս կամ այն հայը՝ հայրենիքէն հեռու, սփիւռքի մէջ ապրելու համար. նոյնիսկ սխալ կը նկատեն, որ ան հայրենիքի մասին կարծիք արտայայտէ, որովհետեւ «հայրենիքը սիրողը հայրենիքի մէջ կ՚ապրի»։ Վերջապէս այդ չէ՞ր նպատակն ու ընդհանուր երազը, սակայն միւս կողմէ, պէտք է նկատի ունենանք պետական բաժինը։ Նախապէս գրած ու բազմիցս ըսած ենք, որ այսօր Միջին Արեւելքի մէջ՝ մա՛նաւանդ Լիբանան եւ Սուրիա բազմաթի՜ւ հայեր ցանկութիւնն ու փափաքը ունին հայրենադարձ ըլլալու, զանոնք շահելու եւ ներգրաւելու համար ի՞նչ նախաձեռնութիւններ կ՚ընէ մեր պետութիւնը։ 1949 թուականի օրինակը վկայ է, թէ որքա՜ն հայորդիներ նաւ բարձրացան Հայաստան գալու համար։ Մերօրեայ իշխանութիւնը գրեթէ ամէ՛ն բանի վրայ մսխելու նիւթական կարողութիւն ունի, սակայն, հիմնականը ընելու՝ հայրենադարձութիւնը խթանելու կարողութիւնը չունի. հայրենադարձութիւնը հայրենիքի մը համար կարեւոր է թէ՛ իր ներկան եւ մա՛նաւանդ իր ապագան կառուցելու համար։ 1949 թուականներուն հայրենադարձ եղած հայորդիները իրենց ապագայ սերունդներով դարձան հինգ հարիւր հազար։ Այդ հինգ հարիւր հազարը դարձաւ մէկ միլիոն եւ այսպէս ազգի բնակչութիւնը աճելով ազգը հարստացաւ. բազմաթի՜ւ հայորդիներ Լիբանանէն, Սուրիայէն եւ այլ գաղութներէ մեկնեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, մեկնեցան Գանատա, զանոնք յաջորդող սերունդներէն քանի՞ն հայերէն պիտի կարենայ խօսիլ. քանի՞ն հայերէն պիտի կարենայ գրել կամ կարդալ. անոնցմէ քանի՞ն հայ ընտանիք պիտի կազմէ… Անցնող տասնամեակին Հայաստանի իշխանութիւնները՝ ներկայ թէ՛ նախկին ունէին առիթը հայրենադարձութեան մեծ արշաւի մը սկիզբ տալու։ Անշուշտ, վերջաւորութեան շահաւորը պիտի ըլլար ազգը։ Հայրենադարձ մարդուժը նոր աշխատատեղիներ պիտի ստեղծէր երկիրին մէջ, տնտեսութիւնը պիտի զարգացնէր. այլ խօսքով՝ միայն ու միայն շահ պիտի դառնար ազգին ու հայրենիքին։ Այդպիսով բազմաթի՜ւ սերունդներ օտարութեան մէջ ձուլուելէ պիտի փրկուէին… Այս բոլոր սխալներ անտեսելով, այսօր սփիւռքէն կը պահանջենք, որ հայ մնան։ Յովհաննէս Շիրազի նամակի նպատակը յստակ է. հայրենադարձութիւն. աւելի քան մէկ դար… ու հայ ազգը չկրցաւ խմբուիլ։ Բանաստեղծներ ու մտաւորականներ, նուիրեալներ նահատակուեցան ու մեռան այդ երազով, ու մենք այդ երազը ոտնակոխ ընելով հայրենասիրութիւն քարոզել կը շարունակենք՝ առանց տեսնելու, որ հայրենադարձութեան տեղ արտագաղթն է, որ աճ կ՚արձանագրէ…:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Հայ զինուորը երբ կը տեսնէ, թէ իր քաջութիւնը հաշուի առնող չկայ, վարձատրող չկայ՝ փոխանակ քէն պահելու, բռունցքը գրպանը կը մխրճէ եւ դէմի պատը իր խելքո՛վն է որ կը ծակէ…
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան