ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՈԳԵՒՈՐ ՁԵՌՆԱՐԿ

Երէկ երեկոյեան, Եշիլգիւղի վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մշակութային յատկանշական ձեռնարկ մը, որ ձօնուած էր հայ գրականութեան եւ մտաւորականութեան տիտաններէն Զապէլ Եսայեանին։ Այս հաւաքոյթը առիթ դարձաւ թէ՛ Զապէլ Եսայեանի ոգեկոչման եւ թէ անոր թողած մեծ ժառանգութեան վերարժեւորման։ Ձեռնարկի պատուոյ հիւրերն էին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան եւ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան թ. ծայրագոյն վարդապետ Գազանճեան։ Ներկայ էին նաեւ թաղի հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Նաթան քհնյ. Արապեան, հոգեւոր հայրեր, ատենապետ Արա Էրոլ Չընարի կողմէ գլխաւորուած Եշիլգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները, գրասէրներ, կրթական մշակներ եւ այլ հիւրեր։

Յայտագրի ողնայարը կազմեցին դպրոցի աշակերտներու ելոյթները։ Տնօրէնուհի Տիլարա Շապճեանի վերահսկողութեան ներքեւ՝ այս ձեռնարկի կազմակերպման ուղղութեամբ բծախնդիր նախապատրաստական աշխատանքներ յառաջ տարուած էին։ Ուսուցչական կազմէն Արմաւենի Չաքարօղլուի կողմէ ներկայացուեցաւ Զապէլ Եսայեանի կենսագրութիւնը, աւելի վերջ տղաքը մատուցեցին ճոխ յայտագիր մը։ Թատերակներով, խմբերգներով եւ այլ ելոյթներով անոնք արժանացան ծափահարութիւններու։ Ծրագրին մաս կազմեց նաեւ «Պողազիչի» կատարողական արուեստներու խումբը, որ եւս արժանացաւ բուռն ծափահարութիւններու։

Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ շեշտեց, թէ բոլորս միայն մեր սեփական անձին համար չենք ապրիր, այլ կ՚ապրինք նաեւ մեր շուրջիններուն համար։

Ձեռնարկի աւարտին Եշիլգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը ընթրիքի սեղանով մը պատուեց հոգեւոր հայրերը եւ հիւրերը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2026