ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԺՈՂՈՎԸ

Երէկ երեկոյեան, Պոլսահայ միջմիութենական յանձնախումբը ժողով մը գումարեց Մխիթարեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ։ Զանազան սանուց միութիւններու եւ ակումբներու ներկայացուցիչները լայն մասնակցութիւն բերին այս խորհրդակցութեան, որու ընթացքին ծաւալուած քննարկումներու կիզակէտին էին զօրակցութիւնն ու համատեղ ծրագրեր կեանքի կոչելու որոնումները։

Ժողովականները ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկեցին՝ մօտաւոր անցեալին կազմակերպուած միջմիութենական գիտական մրցոյթը։ Նկատի ունենալով, որ այս գարնան նախատեսուած են միջմիութենական ճատրակի եւ պասքեթպոլի մրցաշարքերը՝ ժողովականները նախապատրաստական եւ ընդհանուր կազմակերպչական աշխատանքներն ալ աչքէ անցուցին միասնական մթնոլորտի մէջ։

Քննարկումներու ժամանակ օրակարգի վրայ եկան պոլսահայ ընկերամշակութային կեանքի օրակարգի զանազան խնդիրները՝ միշտ համագործակցութեան պատրաստակամութեան շեշտադրումով։

Ժողովին մասնակցեցան՝ Կեդրոնական, Էսաեան, Մխիթարեան, Սահակեան, Արամեան, Մէրամէթճեան, Տատեան, Պէզճեան, Լեւոն-Վարդուհեան, Գարակէօզեան, Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարաններու սանուց միութիւններու, Սկիւտարի սանուց միութեան եւ «Մարալ» միութեան ներկայացուցիչները։

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2026