ՃՆՇՈՒՄՆԵՐՈՒ ՏԱԿ ՔԱՅԼ
Սեւ ամպեր կուտակուած են Պէյրութի վրայ: Խաղաղութիւնը հեռու ըլլալ կը թուի՝ քանի նոր ճակատ բացուած է Լիբանանի մէջ, որ ռազմավարական հաշիւներու զոհասեղանին վրայ դրուած է: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ տեղեկացուց, որ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է տասն օրուան հրադադարի մը համար։ Յամենայնդէպս, Լիբանանի նախագահ Ժոզէֆ Աուն ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյին յայտնած էր, որ պիտի չտեսակցէր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանյահուի հետ։ Այս մթնոլորտին մէջ հաստատուեցաւ տասնօրեայ հրադադարը, զոր ողջունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես՝ կոչ ուղղելով պահպանել զայն։ Այսքա՞ն, երբ երկիրն ու մայրաքաղաքը կը բնորոշուին փլատակներու դրուագներով։
Լիբանան այսօր կը գտնուի իր նորագոյն պատմութեան ամենէն լարուած ու ճգնաժամային փուլերէն մէկուն մէջ՝ կանգնած, միաժամանակ, ռազմական բախումներու, դիւանագիտական խճճուածութիւններու եւ ներքին պետական թուլութեան ծանր հետեւանքներուն առջեւ։ «Հիզպուլլահ»ի կողմէ առնուած քայլերը, որոնք ներկայացուեցան որպէս տարածաշրջանային պայքարի մաս եւ դիմադրութեան շարունակութիւն, գործնականին մէջ բացին նոր ու վտանգաւոր ճակատ մը՝ առանց հաշուի առնելու Լիբանանի նուրբ ներքին հաւասարակշռութիւնները եւ արդէն իսկ խոցելի վիճակը։ Այս ընթացքին, մինչ տարածաշրջանային եւ միջազգային ուժերը կը վարեն բարդ բանակցութիւններ՝ ապահովելով իրենց ռազմավարական շահերը, Լիբանան աստիճանաբար կը մղուի երկրորդական, նոյնիսկ անտեսուած դաշտ մը, ուր ան կրնայ գործածուիլ՝ որպէս ճնշման եւ հակամարտութեան գործիք։ Արդիւնքը այն է, որ երկիրը կորսնցուցած է ո՛չ միայն իր արտաքին դիրքորոշման վերահսկողութիւնը, այլեւ ներքին որոշումներու ինքնուրոյնութիւնը, իսկ քաղաքացին կը մնայ այս ամբողջ խաղին ամենէն խոցելի եւ անպաշտպան կողմը:
8 ապրիլ 2026-ը եղաւ Պէյրութի սեւ չորեքշաբթին: Երբ շուրջ շաբաթ մը անցած է այդ օրէն ի վեր, պարագան շատ յստակ է: Լիբանան դարձեալ պատերազմի ծանր հետեւանքներու տակ է, երբ «Հիզպուլլահ» երկրորդ անգամ բացաւ բախման դուռը՝ նախ «Համաս»ին աջակցելով, ապա Իրանի կրօնապետ Ալի Խամենէյի սպանութեան վրէժը լուծելու պատրուակով։ Սակայն, այս քայլերը փոխանակ տարածաշրջանին մէջ հաւասարակշռութիւն ստեղծելու՝ յանգեցուցին վտանգաւոր հետեւանքներու: Իրան ապահովեց ժամանակաւոր հանդարտութիւն մը իրեն համար, իսկ Լիբանան մնաց բաց ճակատի վերածուած եւ աւերակներու մէջ։
Քաղաքական վերլուծաբաններու գնահատմամբ՝ «Հիզպուլլահ» շարունակեց տրամադրել այն հիմքերը, որոնք Իսրայէլին անհրաժեշտ էին իր ռազմական գործողութիւնները ընդլայնելու համար։ Հետեւանքը եղաւ Պէյրութի սեւ օրը, երբ հրադադարի շուրջ անորոշութիւնը խառնուեցաւ հարիւրէն աւելի օդային հարուածներու ալիքին: Անոնք կարճ ժամանակի ընթացքին խոցեցին մայրաքաղաքն ու երկրի բազմաթիւ շրջանները։
Իսրայէլ այս լայնածաւալ գործողութիւնը անուանեց՝ «Յաւիտենական խաւար», իսկ ամենէն ծանր հարուածը բաժին հասաւ Պէյրութին, որու կեդրոնական թաղամասերը՝ Պասթա, Պարպուր, Նուէյրի եւ Սալիմ Սալամ ենթարկուեցան աննախադէպ ռմբակոծութեան։ Խիտ բնակեցուած այս շրջաններուն մէջ արձանագրուեցան հարիւրաւոր զոհեր եւ վիրաւորներ, մինչ քաղաքը վերածուեցաւ խուճապի եւ քաոսի կեդրոնի մը։
Զոհերը եւ վիրաւորները կը հաշուըւին հարիւրներով: Հիւանդանոցները գերծանրաբեռնուած են, իսկ Կարմիր խաչի եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը փորձեցին դիմագրաւել իրավիճակը՝ շարունակական շտապօգնութեան գործողութիւններով։
Հարուածները չսահմանափակուեցան մայրաքաղաքով։ Լեռնալիբանանի շրջաններուն մէջ՝ ներառեալ Պշամուն, Շուէյֆաթ, Սուք էլ-Ղարբ, Քէյֆուն եւ Արամուն, արձանագրուեցան ծանր ռմբակոծումներ։ Նոյն ժամանակ, Պեքայի դաշտին մէջ թիրախ դարձան Քարաքի շրջակայքը, Շմսթարը, Հըրմէլը, Պաալպէքի շրջանը եւ Պուտայ գիւղակը։ Դաշտային աղբիւրներ կը նշեն, որ այս համաժամանակեայ հարուածները իրականացուած են չափազանց կարճ ժամանակամիջոցով՝ խիստ օդային գործողութիւններու միջոցով, ինչ որ խաթարեց հաղորդակցութիւնը եւ յառաջացուց ներքին տեղաշարժերու ալիք։ Վերլուծաբաններ կը նկատեն, որ այս ռազմավարութիւնը նպատակ ունի ո՛չ միայն ռազմական, այլեւ հոգեբանական ճնշում բանեցնել մայրաքաղաքին վրայ եւ պարտադրել նոր իրականութիւններ։
Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ իրականացուած է գործողութեան սկիզբէն ի վեր ամենէն ուժգին յարձակումը՝ նշելով, որ ընդամէնը վայրկեաններու ընթացքին թիրախաւորուած են աւելի քան 100 կէտեր։ Ըստ Իսրայէլի աղբիւրներու՝ գործողութիւնը ուղղուած էր «Հիզպուլլահ»ի ռազմական ենթակառուցուածքներուն դէմ եւ նախապէս մանրամասն ծրագրաւորուած էր՝ հետախուզութեան եւ ռազմական կառոյցներու համադրութեամբ։
Միեւնոյն ժամանակ, դիւանագիտական դաշտին մէջ յստակ դարձաւ, որ Լիբանան դուրս մնացած է Իրանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ կնքուած հրադադարէն։ Սպիտակ տունը Պաապտայի նախագահական պալատին յստակ հաղորդեց, որ Լիբանան ներառուած չէ համաձայնութեան մէջ եւ անոր հարցը կը դիտարկուի առանձին։
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Անթոնիօ Թայանի կապ հաստատեցին Լիբանանի նախագահ Ժոզէֆ Աունի հետ՝ իրենց աջակցութիւնը յայտնելով եւ փորձելով միջազգային ճնշում բանեցնել՝ Լիբանանը հրադադարի մէջ ներառելու համար։
Ներքին քաղաքական դաշտին մէջ, սակայն, պատկերը այլ է։ Լիբանանի պետութիւնը կը մնայ սահմանափակ կարողութիւններով եւ անկարող՝ վերահսկելու զինուորական որոշումները։ Բացայայտուած են նաեւ հակասութիւններ պետական կառոյցներուն միջեւ՝ մասնաւորաբար Պաապտայի եւ Այն Թինէի (խորհրդարանը) դիրքորոշումներուն մէջ, ինչ որ կը խորացնէ անորոշութիւնը։
Այս իրադրութեան մէջ Լիբանան փաստացի կը գտնուի կախեալ ճակատի վիճակի մը մէջ՝ ենթակայ արտաքին ուժերու որոշումներուն եւ ներքին ուժային բախումներու։ Մինչ այդ, միջազգային եւ տեղական շրջանակներու մէջ կը բարձրանայ հիմնական հարցումը մը, թէ ո՞վ կը պաշտպանէ Պէյրութը եւ արդեօք Լիբանանի պետութիւնը կրնա՞յ վերականգնել իր ինքնիշխանութիւնը՝ կանխելու համար նման աղէտներու կրկնութիւնը։
Վերջին զարգացումները ցոյց կու տան, որ Լիբանան այլեւս չի կրնար շարունակել գոյատեւել այսպիսի անորոշ եւ վտանգաւոր վիճակի մը մէջ՝ որպէս այլ պետութիւններու եւ ուժերու հակամարտութիւններու բաց դաշտ։ Պետական կառոյցներու տկարութիւնը, որոշումներու բեկորացումը եւ «Հիզպուլլահ»ի ապօրինի համարուած զէնքի վերահսկողութեան բացակայութիւնը ո՛չ միայն կը խաթարեն երկրի կայունութիւնը, այլեւ կը խորացնեն անոր կախուածութիւնը արտաքին դերակատարներէն։
Այս իրադրութեան մէջ հրատապ կը դառնայ պետական ինքնիշխանութեան վերականգնումը՝ ո՛չ թէ որպէս տեսական սկզբունք, այլ որպէս գործնական եւ կենսական անհրաժեշտութիւն։ Առանց այս քայլերուն՝ Լիբանան պիտի շարունակէ մնալ մշտական ճգնաժամի մէջ, ուր պատերազմը կրնայ բռնկիլ ամէն պահ, իսկ խաղաղութիւնը կը մնայ ժամանակաւոր եւ խոցելի։ Թէեւ երէկ հրադադարի մը մասին յայտարարուեցաւ, սակայն, նախորդած բանակցութիւնները վարուեցան առանց հրադադարի, Իսրայէլ սրեց հարուածները եւ այս պայմաններուն մէջ բացուեցաւ դիւանագիտական ճանապարհը: Պենիամին Նեթանյահու յայտարարած էր, թէ հրահանգած է իր կառավարութեան՝ որքան կարելի է շուտ սկսիլ ուղղակի բանակցութիւններ Լիբանանի հետ։ Սակայն, Իսրայէլի աղբիւրները շեշտեցին, որ երկիրը պատրաստ չէ հրադադար մը պահպանել Լիբանանի հետ, ինչ որ կը ստեղծէ հակասական եւ լարուած իրավիճակ մը։ Այս յայտարարութիւնը կը հետեւէր Նեթանյահուի հեռախօսազրոյցներուն՝ Տանըլտ Թրամփի եւ այս վերջնոյն Մերձաւոր Արեւելքի գծով յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի հետ։ Ուիթքոֆ կոչ ուղղած է Նեթանյահուին՝ մեղմացնել Լիբանանի դէմ հարուածները եւ, միաժամանակ, բանալ բանակցութիւններու դուռը։ Ամերիկեան կողմը օրերէ ի վեր զանգուածային լրատուութեան միջոցներով ալ կը բարձրաձայնէր այս բոլորը:
Ստեղծուած իրավիճակը որոշ չափով շրջադարձ մը կը նկատուի Թրամփի դիրքորոշման մէջ՝ քանի ան նախապէս կանաչ լոյս տուած էր շարունակելու համար պատերազմը՝ Լիբանանի «Հիզպուլլահ»ին դէմ։ Իրանի կողմէ, սակայն, կը պնդուի, թէ Լիբանան ներառուած էր հրադադարի համաձայնութեան մէջ, իսկ ԱՄՆ եւ Իսրայէլ խախտած են այդ պայմանաւորուածութիւնը։ Թեհրան նաեւ կը սպառնայ դադրեցնել խաղաղութեան բանակցութիւնները կամ նոյնիսկ փակ պահել Հիւրմիւզի ջրանցքը։ Նման դիրքորոշում արտայայտած են նաեւ Փաքիստանի միջնորդները, որոնք կը հաստատեն, թէ Լիբանանը մաս կը կազմէր համաձայնութեան։
Իրականութեան մէջ, հրադադարի յայտարարութենէն անմիջապէս ետք, Իսրայէլ զգալիօրէն սրեց իր գործողութիւնները Լիբանանի դէմ։ Ակներեւ է, որ Սպիտակ տան ճնշումներուն տակ Նեթանյահու որոշ չափով վերանայած է իր մօտեցումը՝ դիւանագիտական ուղիի բացման համար։ Ան նաեւ բարձր գնահատեց Լիբանանի վարչապետին կոչը՝ Պէյրութը զինաթափելու եւ առանց զէնքի քաղաք մը դարձնելու ուղղեալ ջանքերը։ Այնուամենայնիւ, Իսրայէլէն աղբիւր մը կրկին ընդգծած էր, որ Լիբանանի մէջ հրադադար չկայ, իսկ բանակցութիւնները ընթացան առանց ռազմական գործողութիւններու դադրեցման։ Հիմա կը մնայ տեսնել, որ երէկ յայտարարուած հրադադարը գործնականօրէն ինչպէ՞ս պիտի ընթանայ: Արդարեւ, Թրամփ երէկ այդ հրադադարը որակած էր պատմական, սակայն, այս առաւօտ հաղորդուեցաւ, որ Իսրայէլ արդէն խախտած է Լիբանանի հետ հաստատուած հրադադարը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան