Երեքշաբթի 21, Ապրիլ 2026
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք Մաշալեան ընդունեց Գալֆաեան Ուխտի միաբաններէն Մայր Գայիանէ Տուլքատիրեանն ու ընտանեկան անդամները:
Հարկ է նշել, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շաբաթավերջին մայրութեան աստիճան շնորհած էր Գալֆաեան Ուխտի միաբանին: Ուստի, Մայր Գայիանէ Տուլքատիրեան եւ հարազատները շնորհակալութիւն յայտնելու փութացին Նորին Ամենապատուութեան:
Զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատեց Մայր Գայիանէ Տուլքատիրեանի նուիրեալ գործունէութիւնը՝ մաղթելով, որ իր ջանքերով Գալֆաեան Ուխտի առաքելութիւնը ըլլայ յարատեւ:
Երեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2026