ԱՆԵԼԻ ՄԷՋ ՈՐՈՆՈՒՄ

Ռուսաստանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին, որ շփումներ ունեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին տեսակցեցաւ Ապպաս Արաղչիի հետ՝ իր կողքին ունենալով արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ու արտաքին քաղաքականութեան հարցերով օգնական Եուրի Ուշաքովը։ Սեն Փեթերսպուրկի նախագահական գրադարանին մէջ, Փութին-Արաղչի զրոյցը տեւեց շուրջ երկու ժամ։ Մոսկուայի եւ Թեհրանի ղեկավարութիւններուն մօտեցումները ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկուեցան՝ համաշխարհային օրակարգի հրատապ հարցերու շուրջ։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով «նուրբ շփում» որակեց երէկուան հանդիպումը։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ գործուած յարձակումները բոլորովին նոր կացութեան մը ծնունդ տուած են միջազգային հաւասարակշռութիւններուն մէջ։ Ներկայիս թէեւ հրադադար մը հաստատուած է, սակայն շահագրգիռ բոլոր կողմերը պատերազմի տրամաբանութեամբ կ՚առաջնորդուին։ Իրանի թղթածրարը կը համարուի փակուղիի մատնուած։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, Թեհրանի ղեկավարութիւնը ուղղուած է դէպի Մոսկուա։ Դիւանագիտական աղբիւրները կը հաղորդեն, որ Փութին պատրաստակամ է միջնորդելու եւ կրնայ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփին ներկայացնել Ծոցի համար վերանայուած ծրագիր մը։

Իրանի պատերազմական գործողութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, ԱՄՆ լուռ ու մունջ դադրեցուցած է Ռուսաստանէն քարիւղի ներածման արգելքները։ Փութինն ալ Ուքրայնայի պատերազմին բերումով կը ձգտի սակարկութեան խաղաքարտեր ձեռք ձգել եւ դիւանագիտական առումով ռազմավարական դաշտը ընդլայնել։

Միւս կողմէ, Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցն ալ երէկ յայտնեց, որ Ուքրայնա կրնայ պարտաւորուիլ իր կարգ մը տարածքներէն հրաժարելու։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2026