ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՆԱԽԱԳԻԾ

Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան յայտարարեց, որ TRIPP նախագիծը շատ լայն ռազմավարական նշանակութիւն ունի ու չի սահմանափակուիր միայն Ատրպէյճան-Նախիջեւան կապը ապահովելով։ «TRIPP նախագծին աջակցիլը Ուաշինկթընի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու թերեւս ամենաճշգրիտ որոշումը չէ, որովհետեւ նախ՝ TRIPP-ի լիակատար սեփականատէրը Հայաստանն է եւ երկրորդ՝ մենք խիստ շահագրգռուած ենք տարածաշրջանէն ներս հաղորդակցութիւններու բացմամբ», ըսաւ ան։

Վահան Կոստանեան Շանթիյիի մէջ, Ֆրանսա, մասնակցեցաւ Համաշխարհային քաղաքականութեան համաժողովին։ Իր մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ՝ «Եւրոմիութիւնը որպէս ռազմավարական գործընկեր. հեռանկարներ Արեւելեան Եւրոպայէն, Հարաւային Կովկասէն եւ Կեդրոնական Ասիայէն» խորագրեալ ասուլիսին։ Բացի իրմէ այս քննարկման մասնակցեցան Վրաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Լաշա Տարսալիա, Ուքրայնային նախկին արտաքին գործոց նախարար Տիմիթրօ Կուլեւա, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան, ՆԱԹՕ-ի, Պելժիոյ եւ Լիւքսեմպուրկի մօտ Ղազախիստանի դեսպան Ռոման Վասիլենքօ։

Ասուլիսի ժամանակ Վահան Կոստանեան ընդգծեց TRIPP-ի լայն ռազմավարական նշանակութիւնը։ «TRIPP-ը միայն Ատրպէյճանի հիմնական մասի եւ Նախիջեւանի կապը չէ։ Սա աւելի մեծ ռազմավարական նախագիծ մըն է՝ Կեդրոնական Ասիան Եւրոպայի հետ կապելու, ինչպէս նաեւ փոխադարձ օգուտներու ապահովման յանձնառութիւնը հասկնալու համար», դիտել տուաւ ան եւ աւելցուց, որ ապաշրջափակման պարագային Հայաստանի տարածքի տարբեր հատուածներու միջեւ ալ կապ կրնայ ապահովուիլ։ «Սա նաեւ գործնականօրէն կը նշանակէ, որ Հայաստանի հարաւային հատուածը կրնայ հիւսիսային հատուածին հետ կապուիլ՝ օգտագործելով Նախիջեւանի երկաթուղին։ Այս գործընթացը հնարաւորութիւն կու տայ կապելու Արեւելքը Արեւմուտքի, ինչպէս նաեւ Ծոցը Սեւ ծովու հետ», յայտնեց փոխ-նախարարը։

Վահան Կոստանեանի խօսքով՝ Հայաստան հետաքրքրուած է այս նախագծի իրականացմամբ եւ աշխոյժ քննարկումներ կը վարէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն հետ։ Արդէն գոյութիւն ունին տարածաշրջանային համագործակցութեան գործնական օրինակներ։

Անդրադառնալով Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն Կոստանեան նշեց, որ կողմերը կը խօսին խաղաղութեան հաստատման մասին։ Ան կարեւորեց նաեւ տարածաշրջանային համագործակցութեան նոր ձեւաչափերը՝ քանի հեռանկարները լայն են։

«Մենք տարածաշրջանային համագործակցութեան մեծ հեռանկար կը տեսնենք ո՛չ միայն Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, այլեւ մեր աւելի լայն հարեւանութեան հետ», եզրափակեց փոխ-նախարարը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2026