ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՆԿԱՐԻՉ ՅԱԿՈԲ ԱՐԱՏԻ ՄԱՍԻՆ «ԱՐԱՍ»ԷՆ ԳԻՐՔ ՄԸ

«Արաս» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է անմոռանալի նկարիչ Յակոբ Արատի (1913-1990) մասին գիրք մը, որու հեղինակն է արուեստաբան Ինճի Այտըն։ «Renklerin Diyojen՚i: Ressam Agop Arad» կը կոչուի այս գիրքը, որ երկարամեայ բծախնդիր ուսումնասիրութիւններու արդիւնքն է։ Այս գիրքը կը ցոլացնէ նկարիչ, գրող ու լրագրող Յակոբ Արատի կեանքն ու գործունէութիւնը՝ անոր արուեստն ու արտադրանքը խոշորացոյցի տակ բերելով իր շրջանի մշակութային ու մտաւորական միջավայրին մէջ։ Գործը մանաւանդ բազմակողմանի հայեացք մը կ՚ապահովէ՝ 1940-ական թուականներու Թուրքիոյ վրայ։ Ինճի Այտըն տոքթորականի թեզի պատրաստութեան տարիներէն սկսեալ հետաքրքրութիւն ունեցած է Յակոբ Արատի նկատմամբ։ Իր հետազօտութիւնները ընդգծած են՝ պետական գրադարանէն սկսեալ, մինչեւ մասնաւոր հաւաքածոներ եւ թերթերու արխիւներ, ինչ որ եղած է ծաւալուն։

Գիրքը ընթերցողին կը մատուցէ՝ նկարչութեան եւ գրականութեան խաչաձեւման կէտին վրայ, բարեկամութիւններու եւ արտադրանքի ընդելուզուած մշակութային աշխարհ մը, որ հիմնական հերոսը այս պարագային Յակոբ Արատն է։ Ինճի Այտըն մասնաւոր տեղ յատկացուցած է Յակոբ Արատի եւ իրեն ժամանակակից յայտնիներու յարաբերութիւններուն։ Այս ամբողջին մէջ «Նորերու խմբակ»ն ու Պապը Ալիի լրագրութեան միջավայրը կը վերյիշուին նորովի, Փարիզի գեղարուեստական շրջանակներուն եւ Պոլսոյ առօրեային միջեւ կը նշմարուին զուգահեռականներ եւ, ի վերջոյ, 1940-ականներու սերունդի մշակութային քարտէսը կը ստանայ նոր հպումներ։

Յակոբ Արատ կ՚արտադրէր պարզ գիծերով, հզօր գոյներ օգտագործելով՝ Պոլսոյ շարքային բնակիչները կը զետեղէր իր գործերու կեդրոնին։

«Արաս»ի կողմէ յառաջիկայ օրերուն շնորհանդէս մըն ալ պիտի կազմակերպուի այս գիրքին համար։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2026