ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳ

Երէկ, Հայաստանի պաշտպանութեան առաջին փոխ-նախարար ու ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Էտուարտ Ասրեան շփումներ ունեցաւ Նիւ Տելհիի մէջ։ Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ վերջին տարիներուն համագործակցութիւնը կը զարգանայ պաշտպանական բնագաւառէն ներս։ Այս մթնոլորտին մէջ բարձր մակարդակի շփումները կը ներկայացնեն առանձնակի կարեւորութիւն։ Էտուարտ Ասրեանի այցելութիւնը նոր հնարաւորութիւն մը ընձեռեց՝ Երեւան-Նիւ Տելհի առանցքին վրայ արժեւորումներ կատարելու եւ համագործակցութեան հեռանկարները շօշափելու տեսակէտէ։

Զօրավար Էտուարտ Ասրեան Նիւ Տելհիի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Հնդկաստանի պաշտպանութեան նախարար Ռաճեշ Քումար Սինկհի եւ ռազմաօդային ուժերու հրամանատար Ամար Փրիթ Սինկհի հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ հանդիպումներու ընթացքին քննարկուեցան պաշտպանութեան ոլորտէ ներս երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2026