ԾԱՒԱԼՈՒՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Երէկ, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի երկիրներու կամ կազմակերպութիւններու մօտ հաւատարմագրուած Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներուն հաւաքը՝ գլխաւորութեամբ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի: Նախօրէին Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի նոր դեսպանատան պաշտօնական բացման արարողութիւնը: Նախարար Միրզոյեանի գլխաւորութեամբ, դեսպաններու հաւաքն ալ տեղի ունեցաւ նոր դեսպանատան համալիրէն ներս: 

Բացման խօսքին մէջ Արարատ Միրզոյեան ըսաւ. «Վերջին անգամ բոլորս, ի հարկէ, աւելի ընդլայնուած կազմով մը, հանդիպած էինք օգոստոսի վերջաւորութեան: Աւելի վերջ շատ իրադարձութիւններ տեղի ունեցան՝ յատկապէս Եւրոպական աշխարհամասէն ներս եւ Եւրոպական Միութեան եւ առանձին երկիրներու հետ Հայաստանի Հանրապետութեան յարաբերութիւններուն մէջ: Բազմաթիւ երկիրներու հետ ռազմավարական համագործակցութիւններ կը քննարկուին: Մէկ շաբաթ վերջ, պիտի տեսնենք նաեւ Ֆրանսայի հետ երկար բանակցուած թուղթի մը ստորագրումը:

«Մինչ այս, վերջին ամիսներուն, ի հարկէ, առանձին երկիրներու հետ սա տեղի ունեցած է. օրինակ՝ Գերմանիոյ հետ: Ի հարկէ, անուանումները փաստաթուղթէ փաստաթուղթ քիչ մը կը տարբերին. մէկ պարագային սա ռազմավարական գործընկերութեան հաստատում է, մէկ այլ պարագային սա գործընկերութեան ռազմավարական օրակարգ է: Օրինակ՝ Եւրոպական Միութեան հետ ստորագրեցինք «Գործընկերութեան ռազմավարական օրակարգ» եւ այսպէս շարունակ»:

Նախարար Միրզոյեան անդրադարձաւ մայիսի 4-6-ին Երեւանի մէջ նախատեսուած բարձրաստիճան ձեռնարկներուն՝ Եւրոպական քաղաքական համայնքի եւ Հայաստան-ԵՄ գագաթաժողովներուն եւ «Երեւանեան երկխօսութիւն» ֆորումին: 

Եւրոպական երկիրներու հետ յարաբերութիւններու համակարգման պատասխանատուութիւնը ստանձնած փոխ-նախարար Վահան Կոստանեանն ալ հաւաքի ընթացքին անդրադարձաւ Եւրոպական քաղաքական համայնքի եւ Հայաստան-ԵՄ գագաթաժողովներու հիմնական օրակարգին եւ ստորագրուելիք փաստաթուղթերուն:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Դաւիթ Կարապետեանն ալ անդրադարձաւ «Երեւանեան երկխօսութիւն» համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն, քննարկումներու հիմնական ուղղութիւններուն:

Դեսպանահաւաքի ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան, եւրոպական երկիրներու հետ երկողմանի համագործակցութեան խորացման ուղղութեամբ աշխատանքները, ընթացիկ ծրագրերն ու հեռանկարները:

Նախարար Միրզոյեան ներկայացուց տարածաշրջանային փոխկապակցուածութեան, Հայաստանի ներգրաւմամբ ծրագրերու իրականացման ընթացքը, տնտեսական ու փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու ցանցի զարգացման ուղղութեամբ միջազգային գործընկերներու հետ ձեռնարկուած աշխատանքները: 

Անդրադրաձ կատարուեցաւ հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ զարգացման գործընթացներուն՝ ներառեալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուած խաղաղութեան հաստատութենականացման ուղղութեամբ քայլերը: Կարծիքներ փոխանակուեցան տարածաշրջանային ու միջազգային իրադարձութիւններու, առկայ մարտահրաւէրներու շուրջ:

Քննարկումներու ժամանակ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ դիւանագիտական ծառայութեան կատարելագործման ուղղեալ նախձեռնութիւններուն եւ այդ նպատակով «Դիւանագիտական ծառայութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ առաջարկուած փոփոխութիւններուն:

Միւս կողմէ, Արարատ Միրզոյեան Փարիզի մէջ ընդունուեցաւ նաեւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրոյի կողմէ:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2026