ՀԱՅՈՑ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏ ՀԻՒՐ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. արք. Մանուկեան նախընթաց օր ընդունեց Ռամալլայի մէջ Յունական Կիպրոսի ներկայացուցիչ Մարիոս Սթաւրոսը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հայոց վանքէն ներս հիւրընկալեց կիպարցի դիւանագէտը, որու հետ ծաւալուած զրոյցի բովանդակութեան շուրջ ոչինչ հաղորդուած է։

Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան վարդապետ Գոգճեան։

Ուրբաթ, Մայիս 1, 2026