ԹՌՉՈՂ ՍՈՒՏԸ
«Սուտը կը թռչի, իսկ ճշմարտութիւնը կաղալով կու գայ անոր ետեւէն»: Սա տակաւին տասնութերորդ դարուն ըսած է Ճանաթըն Սուիֆթ: Այդ ասոյթին մէջ ամփոփուած է տեղեկատուութեան տարածման համընդհանուր օրէնքը. եթէ կը հնչէ որեւէ սուտ՝ մանաւանդ ամբոխահաճոյ սուտ, ապա յաջորդ օրը, որքան ալ հերքես, այդ հերքումները շատ քիչերուն պէտք պիտի ըլլան:
Տուեալ օրինաչափութենէն առատօրէն կ՚օգտուի Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը: Բերեմ երկու օրինակ: Վերջին ասուլիսներէն մէկուն լրագրողը կը հարցնէ Փաշինեանին. ինչո՞ւ այս գարնան ընթացքին չեն լեցուած Երեւանի փոսերը: Վարչապետը կը պատասխանէ, որ Երեւանի եւ Կիւմրիի քաղաքապետները (ակնյայտօրէն նկատի ունենալով Հայկ Մարութեանն ու Վարդան Ղուկասեանը) աշխատած են Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան դէմ: Բայց Հայկ Մարութեանը հրաժարական տուած է 2021 թուականի դեկտեմբերի 22-ին, իսկ փոսերը որեւէ քաղաքի մէջ՝ ներառեալ Երեւանը, կը յառաջանան ամէն գարուն՝ ձիւնի եւ սառոյցի հալելէն վերջ: Հետեւաբար, անոնք պէտք է լեցուին, ճանապարհները պէտք է վերանորոգուին ամէն տարուայ գարնան եւ եթէ այդ գարնան ընթացքին քաղաքին մէջ խայտառակ վիճակ ստեղծուած է, ապա անոր համար պատասխանատու է ներկայ քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանը, ո՛չ թէ չորսուկէս տարի առաջ հրաժարական տուած Հայկ Մարութեանը՝ որքան որ ալ ան «պայքարէր կառավարութեան դէմ»:
Այստեղէն պարզ կը դառնայ, որ Փաշինեանի պատասխանը լրագրողի հարցումին (ինչպէս իր բոլոր պատասխանները «անյարմար» հարցումներուն), գիտական լեզուով ըսուած, համաչափ չէ, իսկ ժողովրդական լեզուով՝ «հում» է:
Սա հնարաւո՞ր է բացատրել միջին վիճակագրական հայաստանցիին: Խիստ կը կասկածիմ. այդ քաղաքացին լրագրողի հարցումին մէջ կը լսէ «Երեւանի փոսեր» բառերը, իսկ վարչապետի պատասխանին մէջ՝ «կառավարութեան դէմ աշխատած են նախկին քաղաքապետները» ձեւակերպումը եւ իր մօտ կը ձեւաւորուի իրականութեան խիստ խեղաթիւրուած պատկերը:
Կամ Փաշինեան կը գոռայ Ազգային ժողովին մէջ. «Մեզմէ հոսանք գողնալով դուք միլիառներ ունեցաք»: Սա ի՞նչ կը նշանակէ: Սա կը նշանակէ, որ Սամուէլ Կարապետեանը տիրացած է Հայաստանի ելեկտրական ցանցին, միլիառ տոլարներ դիզած՝ հայաստանցիներէն հոսանք խլելով: Բայց նոյն գործարարը «Forbes»ի մէջ առաջին անգամ որպէս տոլարային միլիառատէր յիշատակուած է 2006 թուականին, իսկ Հայաստանի ելեկտրացանցերը ձեռք բերած է 2015-ին: Հետեւաբար, վարչապետի վերոյիշեալ բացագանչութիւնը իրականութեան հետ որեւէ կապ չունի: Երկու տարեթիւերը համադրելու համար մի քանի վայրկեան պէտք է, բայց, միջին հայաստանցին, որ ինչպէս առաջ, այդպէս ալ հիմա կը տուժէ «ծրագրաւորեալ» եւ «վթարային» պարբերական անջատումներէ, այդ վայրկեանները, բնականաբար, չի՛ ծախսեր:
«Փաստերը ստուգող»ներն ալ գերազանցապէս կը զբաղին ընդդիմութեան, ո՛չ թէ իշխանութեան սուտերով:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի