2029-Ի ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ ՈՒ ՄԵԾ ԵՌԱՆԴ

Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան եւ Վրաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Լեւան Քոպիաշվիլի հանդիպում մը ունեցան ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինոյի հետ: Ինչպէս ծանօթ է, 2029 թուականին նախատեսուած Ֆութպոլի աշխարհի երիտասարդական առաջնութիւնը պիտի հիւրընկալուի Հայաստանի եւ Վրաստանի կողմէ: «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով՝ Մելիքբէկեան եւ Քոպիաշվիլի Ինֆանթինոյի հետ զրոյցի ընթացքին շեշտեցին, որ մեծագոյն պատիւ եւ պատասխանատուութիւն կը համարեն՝ 2029 թուականի Ֆութպոլի աշխարհի երիտասարդական առաջնութեան հիւրընկալման ստանձնումը: Բաց աստի, անոնք խոր երախտագիտութիւն յայտնեցին ՖԻՖԱ-ի ֆութպոլի ընտանիքին՝ Հայաստանի եւ Վրաստանի նկատմամբ ցուցաբերուած նման բարձր վստահութեան համար: Հանդիպման ընթացքին կողմերը վերահաստատեցին իրենց լիակատար պատրաստակամութիւնը՝ միաւորելու համար ամբողջ ներուժն ու ջանքերը, կազմակերպելու համար բարձր մակարդակով այս ֆութպոլային մրցաշարքը:

Արմէն Մելիքբէկեան եւ Լեւան Քոպիաշվիլի ընդգծեցին, որ երկու երկիրներն ալ վճռական տրամադրուած են 2029 թուականին նախատեսուած մրցաշարքը վերածելու համար իսկական ֆութպոլային տօնակատարութեան մը, որ պիտի առանձնանայ իր բարձրակարգ կազմակերպուածութեամբ եւ հիւրընկալութեան իւրայատուկ մթնոլորտով:

Ուրբաթ, Մայիս 1, 2026