ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԿԵՐՊԱՐԱՆՔՆԵՐ
Երեւանի մէջ, Մատենադարանի համալիրէն ներս վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ՝ «Յիշողութեան կերպարանքներ. ձեռագիր եւ տպագիր ժառանգութեան պահպանման եւ վերականգնման նորագոյն թեքնոբանութիւնները» խորագրեալ միջազգային սեմինար մը: «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով՝ իր տեսակին մէջ տասնհինգերորդն է այս սեմինարը, ուստի, այս տարուանը ունի յոբելենական բնոյթ:
Սեմինարի բացման փուլին ելոյթներով հանդէս եկան Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեան եւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան:
Սեմինարի բացման ներկայ էին՝ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դիւանագէտներ, դիւանագիտական աշխարհէ ներկայացուցիչներ, մասնագէտներ, սփիւռքի գիտամշակութային կառոյցներէն ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր:
Սեմինարի բացման հաւաքոյթը միեւնոյն ժամանակ առիթ դարձաւ ծանօթացնելու համար հրատարակուած յօդուածներու ժողովածուն: Արդարեւ, այս սեմինարներու շարքին ընթացքին ներկայացուած գիտական զեկուցումները ամփոփուած են գիրքի մը ձեւաչափով եւ այս մէկուն շնորհանդէսը արդէն տարբեր իմաստ մը վերագրեց տասնհինգերորդ սեմինարի բացման հանդիսութեան: